Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կիւրճիեֆ» Ժողովրդական Նուագարաններու Համոյթը Այս Շաբաթավերջին Պիտի Ներկայանայ Լիբանանի Արուեստասէրներուն

July 29, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

DSC00053Լիբանանահայ երաժիշտ Լեւոն Իսկէնեանի կողմէ հիմնուած «Կիւրճիեֆ» ժողովրդական նուագարաններու համոյթը, որ արժանացած է «Էտիսըն» մրցանակին եւ համաշխարհային երաժշտական աշխարհի բարձր գնահատանքին, 1 եւ 2 օգոստոս 2015-ին երկօրեայ տարբեր ծրագիրներով հանդէս պիտի գայ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի «Էսեմպլի հոլ» սրահին մէջ: Մշակոյթի նախարարութեան հովանաւորութիւնը կրող եւ «Զեքի Նասիֆ» երաժշտական ծրագիրին կողմէ կազմակերպուած այս ձեռնարկէն գոյացած հասոյթը պիտի տրամադրուի Լիբանանեան-հայկական բարեկամութեան ընկերակցութեան եւ «Զեքի Նասիֆ» երաժշտական ծրագիրին:

«Կիւրճիեֆ» ժողովրդական նուագարաններու համոյթը հիմնադրուած է 2008 թուականին, Հայաստան եւ կը կրէ 19-20 դարու աշխարհահռչակ հայ ազգի փիլիսոփայ, երաժիշտ ու երգահան Գէորգի «Կիւրճիեֆ»-ի անունը:

Համոյթին հիմնադրութեան, անոր գործունէութեան, համերգներուն, պատրաստած ձայնասկաւառակներուն եւ շաբաթավերջին տեղի ունենալիք համերգներուն մասին տեղեկութիւններ ունենալու նպատակով «Ազդակ» հարցազրոյց մը կատարեց «Կիւրճիեֆ» ժողովրդական նուագարաններու համոյթի գեղարուեստական ղեկավար Լեւոն Իսկենեանին հետ:

Լիբանանի մէջ կայանալիք համերգներուն մասին խօսելով` Լեւոն Իսկենեան ըսաւ. «Երկար տարիներ երազած եմ Լիբանանի մէջ համերգ ունենալ, շատ ուրախ եմ, որ առաջին համերգս իմ խումբովս` «Կիւրճիեֆ» ժողովրդական նուագարաններու համոյթով պիտի ներկայանամ եւ վերջապէս առիթ պիտի ունենամ լիբանանցի եւ լիբանանահայ լսարանին հետ կիսուելու մեր երաժշտական աշխարհը»: Ան յայտնեց, թէ 1 օգոստոսին պիտի հնչեն Կիւրճիեֆի դաշնամուրային գործերուն հիմամբ կատարուած իր փոխադրութիւնները, որոնց հիմքը հայկական է: «Մարդիկ հաւանաբար լսած են ձայնասփիւռէն Կիւրճիեֆի ստեղծագործութիւնները, ծանօթ են անոնց, բայց վստահ պատկերացում չունին խումբին մասին: Պիտի նուագենք Կիւրճիեֆի հայկական, կովկասեան, արաբական, ասորական, քրտական, յունական ստեղծագործութիւնները` հայկական նուագարաններով», հաստատեց ան: Ան աւելցուց, որ 2 օգոստոսին միմիայն Կոմիտաս պիտի հնչէ, պիտի պանծացուին Կոմիտասի յայտնի ստեղծագործութիւնները: Իսկապէս «Կիւրճիեֆ» համոյթը իր 11 երաժիշտներով եզակի երեւոյթ է, որովհետեւ կ՛ընդգրկէ հայկական ժողովրդական բոլոր նուագարանները: Կոմիտասի դաշնամուրային, երգչախմբային, վոքալ տարբերակները միշտ ալ առիթ ունինք լսելու, բայց Կոմիտասի գործերը հայկական ժողովրդական նուագարաններով գրեթէ չեն ներկայացուած: Լեւոն Իսկենեան խօսքի աւարտին ըսաւ. «Յոյսով եմ, որ մեծ թիւով լիբանանահայեր ներկայ կ՛ըլլան եւ կ՛ըմբոշխնեն հայկական մաքուր ու գեղեցիկ երաժշտութիւն»:

Լեւոն Իսկենեանի հետ մեր կատարած հարցազրոյցին ամբողջութիւնը կը հրատարակենք յառաջիկային:

 

 

Նախորդը

«Սփիւռք» Ամառնային Դասընթացքին Մասնակիցները Այցելեցին Նախագահական Նստավայր

Յաջորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւնները Դէպի Հայրենիք. 137 Բանակող Պատանիներ Հայրենի Հողին Վրայ Պիտի Շարունակեն Իրենց Գաղափարաշունչ Դաստիարակութիւնը

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.