
Լիբանանի մէջ սկսած աղբերու կուտակման տագնապը կը շարունակուի` ամբողջ երկիրն ու մայրաքաղաքը վերածելով աղբանոցի:
Լիբանանի գրեթէ բոլոր շրջաններուն մէջ աղբերը կը մնան տիրական` ապականելով երկրին օդն ու կլիման, մերթ մնալով իրենց թունաւոր վիճակին մէջ եւ մերթ հրկիզուելով ու վերածուելով աւելի վտանգաւոր թոյնի:
Իբրեւ բարի կամեցողութեան նշան` «Սուքլին» ընկերութիւնը երէկ նախաձեռնեց հաւաքելու Պէյրութի եւ անոր արուարձաններուն աղբերը եւ զանոնք փոխադրելու դէպի Սըպլինի քարահանքերը, սակայն նկատի ունենալով, որ առաւօտեան կանուխ ժամերէն մինչեւ երեկոյ Իքլիմ Խարրուպի բնակիչները փակ պահեցին Ժիէի մայրուղին եւ Սըպլինի քարահանքերը տանող ճամբան, «Սուքլին»-ի պատկանող աղբի յատուկ փոխադրակառքերը իրենց տարած աղբերով վերադարձան Պէյրութ:
Կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, ներքին գործոց նախարարութեան կեդրոնին մէջ գումարուեցաւ արտակարգ նիստ մը` ներկայութեամբ նախարար Նուհատ Մաշնուքի եւ Իքլիմ Խարրուպի քաղաքապետներուն:
Նիստէն ետք Մաշնուք յայտնեց, որ նիստը թէեւ ուշացած է գումարուելու, սակայն պէտք եղած լրջութիւնը ունեցած է:
Ան աւելցուց, որ նիստին ընթացքին ինք հաստատած է, որ Իքլիմ Խարրուպի մէջ շրջանին բնակչութեան կամքին հակառակ ոչինչ պիտի կատարուի:
Մաշնուք ընդգծեց, որ այս հարցը պէտք չէ քաղաքականացնել:


Նշենք, որ շաբաթավերջին քաղաքացիները փակեցին նաեւ Սելիմ Սլամի փողոցը, Կեդրոնական Պէյրութ տանող Սայֆիի ճամբան, Պշարա Խուրին, Պհամտուն-Սաուֆար ուղին, ինչպէս նաեւ Պէյրութի միջազգային օդակայան տանող ճամբան:
Միւս կողմէ, քաղաքացիական անկախ գործիչներու եւ բնապահպան մասնագէտներու խումբ մը շաբաթ օր նախաձեռնեց երկրին քաղաքական վերնախաւին դէմ ուղղուած «Ձեր հոտը ելած է» անունը կրող ժողովրդային բողոքի ցոյցի մը, որ սկսաւ Ռիատ Սոլհ հրապարակէն, շարունակուեցաւ դէպի Դրամատուներու փողոց, Պէյրութի քաղաքապետարան եւ Նահատակաց հրապարակ, ուրկէ ցուցարարները դարձեալ ուղղուեցան Ռիատ Սոլհի հրապարակ եւ աղբերու տոպրակները շպրտեցին վարչապետարանը շրջափակող փշաթելերէն անդին:
Ցուցարարները բողոքեցին երկրին քաղաքական վերնախաւին դէմ` պահանջելով լուծել աղբերու կուտակման թղթածրարը, քաջալերելով աղբերու վերամշակումի դրութիւնը գործադրելու անհրաժեշտութիւնը:
Լուսանկարները` ԺԱՔ ՅԱԿՈԲԵԱՆի


