Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աբրահամեան. «Որոշ Ժամանակով Պէտք Է Դադրեցնել Ստուգումները»

July 25, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

7-24-15_Hovig

Հայաստանի կառավարութեան նախանցեալ օրուան նիստին բացումը կատարելով` վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար-նախարար Դաւիթ Յարութիւնեանին յանձնարարարեց քննարկումներ կազմակերպել քննչական իրաւասութիւններ ունեցող պետական մարմիններուն հետ, որպէսզի համաձայնութիւն գոյանայ, եւ ստուգումները կէս տարիով դադրին:

Վարչապետը նշեց, որ պէտք է ականջալուր ըլլալ առեւտրականներու բողոքներուն եւ որոշ ժամանակով դադրեցնել ստուգումները: Նշենք, որ արդէն երկար ժամանակէ ի վեր շարք մը  առեւտրականներ կը բողոքեն, որ ստուգումներ իրականացնող պետական մարմինները անտեղի ստուգումներ կը կատարեն եւ այդ պատճառով աւելորդ խոչընդոտներ կը ստեղծեն իրենց գործունէութեան համար:

Նիստէն ետք լրագրողները գիւղատնտեսութեան փոխնախարար Գրիշա Բաղեանէն հետաքրքրուեցան, թէ ի՞նչ կարծիք ունի ստուգումներու դադարեցման վերաբերեալ: Փոխնախարարը խոստովանեցաւ, որ շատերուն ձեռնտու պիտի ըլլայ, որ ստուգումները դադրին ժամանակաւորապէս: «Յանձնարարականով պիտի նուազին թէ՛ ստուգող կազմակերպութիւններու, թէ՛ ստուգումներու քանակը», ըսաւ Գրիշա Բաղեան:

Հարցումին, թէ ուրեմն քննչական մարմինները ընելիք չունի՞ն, փոխնախարարը պատասխանեց. «Անոնք այսպէս, թէ այնպէս, ունին ընելիքներ, բայց կապուած այն գործօններուն, թէ անհրաժեշտութիւն չկայ քանի մը անգամ մտնելու նոյն հիմնարկը, քանի մը անգամ ստուգման ենթարկելու, ստուգումներուն թիւը պիտի կրճատուի:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ գիւղատնտեսութեան նախարարութեան մէջ կարիք կա՞յ քննչական մարմիններու գործունէութեան կրճատման, Գրիշա Բաղեան ըսաւ. «Կը քննարկենք վարչապետին յանձնարարականը: Անշուշտ, քննչական մարմինները սերտօրէն կապուած են սպառողներու իրաւունքներուն, սնունդի անվտանգութեան, որպէսզի մարդիկ ստանան որակով,  բնական սնունդ: Խնդիրը անիկա է, որ ապահովուի այս ամէնը»:

Նախորդը

«Վանայ Ձայն» Կը Ստանայ Յուշանուէր Մը

Յաջորդը

Պելճիքայի Խորհրդարանը Կը Ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

RelatedPosts

Իրանի Գերագոյն Հոգեւոր Պետին Խորհրդականը  Կը Զգուշացնէ «Կեղծ Ուղիներ» Օգտագործելէ
Գլխաւոր լուրեր

Իրանի Գերագոյն Հոգեւոր Պետին Խորհրդականը Կը Զգուշացնէ «Կեղծ Ուղիներ» Օգտագործելէ

November 26, 2026
Քըլըչ. «Պատմական Փոփոխութիւն  Հայաստանի Սահմանադրութեան Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Քըլըչ. «Պատմական Փոփոխութիւն Հայաստանի Սահմանադրութեան Մէջ»

November 26, 2026
Ալիեւ. «Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ  Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Լոյսին Տակ  Հաստատուած Են Տնտեսական Ու Առեւտրական Կապեր»
Հայկական

Ալիեւ. «Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Լոյսին Տակ Հաստատուած Են Տնտեսական Ու Առեւտրական Կապեր»

November 26, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։