Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ընկերուհի Երանուհին

July 25, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

7-25-15_Yeranouhie-Setian-DervichianՔառասուն օրեր առաջ անդամ մը եւս յաւերժ կը բաժնուէր ՀՕՄ-ի մեծ ընտանիքէն. անդամ մը, որ իր երիտասարդական օրերէն մինչեւ իր մահը` Յունաստանի մէջ, սրտին մէջ պահեց Լիբանանահայ օգնութեան խաչը, որուն անդամակցած էր  շատ կանուխէն: Իր կեանքին վերջին տարիները անցուց Յունաստան, իր զաւկին` Եւա Տէրվիշեան-Պէրպէրեանին մօտ, ուր շարունակեց ապրիլ ԼՕԽ-ով, նոյն ատեն պահելով ՀՕՄ-ի մեծ ընտանիքին հանդէպ իր սէրն ու հետաքրքրութիւնը:

Նախկին Էշրեֆիէ թաղամասը լեցուն էր հայութեամբ ու կեանքը կ՛եռար հոն հայկականութեամբ լեցուն մշակութային, եկեղեցական, մարզական ու բարեսիրական բոլոր մարզերուն մէջ: Ամբողջ Էշրեֆիէն հաւաքական եւ միասնական ընտանիքներու խումբ մըն էր, եւ իւրաքանչիւր ընտանիքը իր բաժինը ունէր թաղին հասարակական կեանքին մէջ: Այդ ընտանիքներէն մէկն էր, Սէթեան ընտանիքը, որ իր բոլոր զաւակներով նետուած էր այդ եռուզեռին մէջ: Այդ ընտանիքին զաւակներէն մէկն էր ընկերուհի Երանուհի Տէրվիշեանը:

Կանուխէն անդամագրուած էր  ԼՕԽ-ի Էշրեֆիէի մասնաճիւղին եւ իրեն նման ժրաջան ու հաւատաւոր ընկերուհիներու հետ գործօն դերակատարութիւն ունեցած էր մասնաճիւղի բոլոր ծրագիրներուն յաջող իրագործման աշխատանքներուն մէջ: Ան յաճախ գործած էր որպէս վարչական անդամ եւ վարած` ատենադպրուհիի  պաշտօնը բծախնդրօրէն եւ հաւատքով: Ան նաեւ մաս կազմած էր Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Օրիորդաց միութեան, որ Շրջանային վարչութեան  կողքին կը զբաղէր սաներով, արծուիկներով, գրական-գեղարուեստական ծրագիրներու  մշակումով եւ կազմակերպութեամբ` զարգացնելու համար հայուհին:  Ընկերուհի  Երանուհին , այլ հայուհիներու շարքին, հետեւելով  Լեւոն Շանթի, Նիկոլ Աղբալեանի, Կոմսի եւ այլ  մտաւորականներու դասախօսութիւններուն, մասնակցելով վարչութեան կազմակերպած կլոր սեղաններուն եւ հետաքրքրաշարժ նիւթերով զրոյցներուն` զարգացուց իր գիտութիւնը եւ դարբնեց իր միութենական կերպարը: Ինչ որ սորվեցաւ, փորձեց փոխանցել իր շրջանի անդամուհիներուն: Բազմաթիւ անգամներ որպէս պատգամաւոր մասնակցեցաւ  ԼՕԽ-ի գերագոյն` պատգամաւորական ժողովներուն  եւ ներկայացուց  իր մասնաճիւղի տեսակէտներն ու առաջարկները: Համբերող եւ անաչառ վարչականն  էր ան եւ յարգալից  միութենականը` իր բոլոր գործակիցներուն հանդէպ:

Լիբանանի մէջ,  երբ առողջական վիճակը վատթարացած էր, իր ընկերուհիները կ՛այցելէին իրեն, կը կատարէր իր միութենական պարտաւորւթիւնը եւ մնայուն կերպով կը հետեւէր մասնաճիւղի գործունէութեան եւ իր քաջալերանքներով կը փորձէր ներշնչել գործող անդամները:

Իր մահը կը սգան իր այնքան սիրած  ընկերուհիներն ու բարեկամները` իրենց մտքին մէջ վառ պահելով ազնիւ եւ գործօն ընկերուհիի  մը գեղեցիկ յիշատակը:

ԸՆԿԵՐՈՒՀԻ ՄԸ

Նախորդը

Վաստակաշատ ՀՄԸՄ-ական Սարգիս Սարգիսեանի Յիշատակին

Յաջորդը

Չկարծես, Որ Պարտուեցար, Օրթախ… (Ի Լուր Սարգիս Կիրակոսեանի Մեկնումին)

RelatedPosts

Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Հետազօտական Կեդրոնը Բազմիցս Գովաբանած Է Փաշինեանը Եւ Քննադատած` Սփիւռքը

October 27, 2026
Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.