Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան Երկրորդական Վարժարանի Տարեվերջի Հանդէսներ

July 22, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

7-22-15_shamlian-(2)7-22-15_shamlian-(3)Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան երկրորդական վարժարանի 2014-2015 կրթական տարեշրջանի ամավերջի հանդէսները տեղի ունեցան յունիս ամսուան մէջ: Այսպէս, 12 յունիսին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին «Կ. Հասէսեան» սրահին մէջ մանկապարտէզի փոքրիկները հանդէս եկան Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նշումին պատշաճ յայտագիրով մը, որուն ընթացքին Ծաղիկ դասարանցիները ստացան իրենց առաջին վկայականները:

Բարի գալուստի եւ բացման իր խօսքին մէջ մանկապարտիզպանուհի  Զեփիւռ Քէշիշեան վեր առաւ հայ դպրոցին կենսական դերը եւ նշեց, թէ 100-ամեակի առիթով հանդէսը ամբողջութեամբ հայերէնով տեղի պիտի ունենայ: Հայ կեանքի թեմայով` Ծիլ եւ Բողբոջ դասարանի փոքրիկները ներկայացուցին հայկական գիւղն ու հարսանիքը, որ խանգարուեցաւ ցեղասպանութեամբ: Սակայն հայ զինուորները (Կոկոն դասարան) վերականգնեցին խզուած խաղաղ կեանքը, իսկ Ծաղիկ դասարանը միջազգային դատարանին մէջ դատապարտեց թուրքը` արդար հատուցում պահանջելով:

Խօսք առնելով` տնօրէն Վարդուկ Պալըգճեանը շեշտեց, որ հայ դպրոցը, հայ ընտանիքին կողքին, իր կարելին կ՛ընէ, որ հայ մանուկին ամէն տեսակի կարիքները հոգացուին: Ան փառք տուաւ Աստուծոյ 2014-2015 տարեշրջանին համար եւ շնորհակալութիւն յայտնեց մանկապարտէզի անձնակազմին եւ ծնողաց, որոնց գործակցութեամբ Հայ աւետարանական Շամլեան-թաթիկեան երկրորդական վարժարանին մանկապարտէզի փոքրիկները կ՛ունենան դպրոցական հաճելի փորձառութիւն մը:

Վկայականներու բաշխումէն ետք մանկապարտէզի փոքրիկներուն հայրերը դասարան առ դասարան բեմ հրաւիրուեցան եւ ստացան յատուկ նուէրներ` հայրերու օրուան առիթով: Հանդէսին փակման առաքելական օրհնութիւնը մատուցեց վեր. Րաֆֆի Մսըրլեան` հովիւը Նոր Մարաշի Հայ Աւետարանական եկեղեցիին եւ ատենապետը` ՄԱՀԱԵՄ-ի Կեդրոնական մարմինին:

7-22-15_shamlian-(4)7-22-15_shamlian-(1)Յունիս 29-ին, երեկոյեան ժամը 8.00-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ նախակրթարանի եւ երկրորդականի վկայականներու բաշխման հանդէսը` ներկայութեամբ վեր. Րաֆֆի Մսըրլեանին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեանին, գնդապետ Յարութիւն Կէօքկէօզեանին, վարժարանի հոգաբարձութեան, ծնողներուն, հիւրերուն եւ բարեկամներուն:

Երկրորդական բաժինի եւ նախակրթարանի շրջանաւարտներուն մուտքէն եւ Լիբանանի ու Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք բոլոր շրջանաւարտները երգեցին «Յաղթութեան երգ» հոգեւոր երգը` Սօսի Ապուհանեանի ղեկավարութեամբ, եւ 6-րդ կարգի աշակերտները արտասանեցին Ա. Կորնթ. 13-ը` սիրոյ գլուխը: Ապա Եսթեր Քիլաղպեան (Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան) աղօթք մատուցեց: Տնօրէն Վարդուկ Պալըգճեան ներկայացուց եւ ապա բեմ հրաւիրեց օրուան բանախօսը` վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանը, որ իրեն յատուկ հաղորդականութեամբ շրջանաւարտներուն փոխանցեց կեանքի չորս անհրաժեշտ եւ գործնական դասեր:

Նախակրթարանի շրջանաւարտները, իրենց վկայականները ստանալէ առաջ յայտագիրի իրենց բաժնին մէջ հրամցուցին Ժաք Ս. Յակոբեանի «Ողջերթ»-ը, որ կատարեցին Գէորգ Պէպէճեան եւ Ցոլեր Պետրոսեան: Իսկ իր ընկերներուն կողմէ անգլերէնով խօսք արտասանեց Յակոբ Պեքերեճեան:

Յայտագիրին շարունակութեան մէջ կային` «Ոտքի՛, հա՛յ ժողովուրդ»` երգը բոլոր շրջանաւարտերուն կատարողութեամբ եւ Ս. Ապուհանեանի ղեկավարութեամբ, «Սուրբ երկիր» երգին եղանակով հայկական պար մը` կատարողութեամբ 12-րդ կարգի սիփանականներուն, «Ռիվըրզ ֆլօ ին եու» կտորը` Yiruma-էն, որ ճարտարօրէն կատարեց Սարգիս Սարգիսեան, ուղերձներ` Շողեր Տուտագլեան (հայերէն), Դալար Աշըգեան (արաբերէն) եւ Սարգիս Սարգիսեան (անգլերէն): 12-րդ կարգը ապա հրամցուց իրենց դպրոցական կեանքի յուշերուն մէկ խճանկարը` սահիկներով, ինչպէս նաեւ խմբովին երգեցին «Վերջին զանգը»: Իր հուսկ բանքին մէջ Վ. Պալըգճեան շնորհաւորեց ծնողներն ու շրջանաւարտները եւ յորդորեց վերջինները` ըլլալու հաւատարիմ իրենց բոլոր կապերուն եւ գործերուն մէջ: Կատարուեցաւ նաեւ վարժարանին ջահին փոխանցումը, երբ 12-րդ կարգէն Սարգիս Սարգիսեան ջահը փոխանցեց 6-րդ կարգի Յակոբ Պեքերեճեանին: Մրցանակաբաշխումի պարագային, ուշագրաւ էր Սարգիս Սարգիսեանի ստացած մետալը, որ կը նշէր դպրոցական իր ամբողջ կեանքին մէջ միշտ դասարանին առաջինը հանդիսանալը: Նաեւ իրենց բացառիկ ծառայասիրութեան համար յատուկ գնահատական նուէրներ ստացան Ցոլեր Պետրոսեանը (6-րդ) եւ Շողեր Տուտագլեանը (12-րդ):

Հանդէսը փակուեցաւ վեր. Րաֆֆի Մսըրլեանի աղօթքով:

Նախորդը

Հայ Աւետարանական Կէրթմէնեան Վարժարանի Զ. Դասարանի Հանդէս

Յաջորդը

Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» Վարժարանի Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.