Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Աւետարանական Կէրթմէնեան Վարժարանի Զ. Դասարանի Հանդէս

July 22, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

7-22-15_gertmenian

Ուրբաթ 26  յունիս 2015-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին  տեղի ունեցաւ Հայ աւետ. Կէրթմէնեան վարժարանի Զ. դասարանի  հանդէսը:

Վարժարանի սրահը լեցուն էր ծնողներով եւ բարեկամներով, որոնք յոտնկայս դիմաւորեցին շրջանաւարտները: Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք վարժարանի երգչախումբը մեկնաբանեց հայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն լեզուներով հոգեւոր երգերու փունջ մը, որուն յաջորդեց արաբերէն լեզուով խմբային արտասանութիւն մը: Այնուհետեւ աւարտական դասարանի աղջիկները ներկայացուցին հայկական նազպար մը:

Արաբերէն ուղերձը կարդաց Նաթալի Նիկողոս: Ապա վարժարանին երգչախումբը մեկնաբանեց հայերէն եւ արաբերէն լեզուներով ազգային երգերու փունջ մը, որմէ ետք Գարին Սարգիսեան ջութակի վրայ,  իսկ  Սերենա Տէտէեան դաշնակի վրայ մեկնաբանեցին երաժշտական կտորներ: Հայկական պարին յաջորդեց հայերէն ուղերձը` կատարողութեամբ Սագօ Տեմիրճեանի: Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ վկայականներու եւ մրցանակներու բաշխում :

Վարժարանի տնօրէն Սահակ Տէտէեան իր խօսքին մէջ յաջողութիւն եւ բարի երթ մաղթեց շրջանաւարտներուն, պատուոյ ցանկին վրայ եղող աշակերտներուն եւ յոյս յայտնեց, որ միշտ բարձր պահեն Կէրթմէնեան վարժարանին անունը, որ իրենց ջամբած է կրթութիւն եւ հաւատք: «Դուք ադամանդներ էք, որ անպայման պիտի փայլիք այլ վարժարաններէ ներս», հաստատեց տնօրէնը:

Խօսքը ուղղելով ներկաներուն` տնօրէնը հաստատեց, որ վարժարանը տուած է մեծ թիւով շրջանաւարտներ, որոնք մէկական ոսկի հաւկիթ եղած են, աւելցնելով, որ մանկապարտէզի հանդէսին ինք կոչ ուղղած էր ներկաներուն, որ իրենց կարելին ընեն, որպէսզի «ոսկի հաւկիթ ածող հաւը չմորթուի», այլ խօսքով` վարժարանը չփակուի: Սակայն ապարդիւն: Վարժարանը փակուած է եւ ասկէ ետք «ոսկի հաւկիթ» պիտի չունենանք:

Իսկ խօսքը ուղղելով ուսուցիչներուն` շնորհակալութիւն յայտնեց իրենց անսակարկ նուիրումին համար տարիներ շարունակ, իրենց սիրելի վարժարանին եւ ներշնչուած «Զարթիր որդեակ» երգէն` ըսաւ անոնց.

«Գացէ՛ք, գտէ՛ք նոր սերունդներ,
կրթեցէք նոր մանուկներ:
Փրկելու մեր վարժարանը`
 ձեռք չերկարեց համայնքը»:

Հանդէսը աւարտեցաւ Ա. եւ Բ. դասարաններու մեկնաբանութեամբ` «Խաչին զինուոր» երգով:

Զ. դասարանի շրջանաւարտներն են` Նիկողոս Նաթալի, Սանճեան Նաթալի, Սարգիսեան Գարին, Գոզանեան Խաչիկ, Պալապանեան Ֆրետի, Տեմիրճեան Սագօ:

 

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Հայ Աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան Երկրորդական Վարժարանի Տարեվերջի Հանդէսներ

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

May 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.