Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մովսէս Թ. Հերկելեանի Յիշատակի Ձեռնարկ Եւ Գիրքի Շնորհահանդէս

July 21, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

7-20-15_mov-1Մովսէս Թ. Հերկելեանի մահուան Ա.  տարելիցին առիթով կիրակի, 19 յուլիս 2015-ին, Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ յաւարտ սուրբ եւ անմահ պատարագի տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն:

Հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք հաւատացեալ ժողովուրդը հրաւիրուեցաւ «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տուն, ուր տեղի ունեցաւ յիշատակի ձեռնարկ մը եւ հանգուցեալ մտաւորականին նոր լոյս տեսած «Բարեւներ Այնճարէն» գիրքին շնորհահանդէսը` կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական-քարոզչական յանձնախումբին:

Դաստիարակչական-քարոզչական յանձնախումբին անունով ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Եսայի Հաւաթեան` ընկերակցութեամբ Մովսէս Թ. Հերկելեանի կեանքին ճանապարհը ներկայացնող լուսանկարներու ցուցադրութեան: Ան անդրադարձաւ Հերկելեանի կեանքի հիմնական հանգրուաններուն` շեշտելով անոր նկարագրային տիրական յատկանիշները, որոնք կարելի էր խտացնել քանի մը բառերով` մուսալեռցիի նահապետական նկարագիր, մշակութային, ազգային եւ կրթական բեղուն գործունէութիւն եւ հաւատաւոր դաշնակցականի անսակարկ նուիրում: Ան յայտնեց, թէ Մովսէս Թ. Հերկելեան վաստակ ունի Այնճարի վերջին տասնամեակներու վերելքին մէջ, եւ այս ձեռնարկը կը միտի նոր սերունդին յատկապէս ցոյց տալ անոր պայծառ օրինակը:

Բացման խօսքին յաջորդեց ընթերցում մը Եդուարդ Պօյաճեանէն` կատարողութեամբ Վարանդ Տումանեանի:

Ապա Վարանդ Հաճեան սրինգով կատարեց փունջ մը  հայկական մեղեդիներ:

7-20-15_mov-2Այնուհետեւ խօսք առաւ զօրավար Նաժի Մլայէպ, որ բարձր գնահատեց Մովսէս Թ. Հերկելեանի տիպարը իբրեւ մտաւորական եւ քաղաքական վերլուծող: Ցուցադրուեցաւ նաեւ հատուած  մը Հերկելեանի խօսքէն, որ արտասանուած էր ազգային տօնակատարութեան մը ընթացքին:

Այնճարի հոգեւոր հայրերուն կատարողութեամբ տեղի ունեցաւ Մովսէս Թ. Հերկելեանի «Բարեւներ Այնճարէն» գիրքին գինեձօնը:

Ապա Վարուժան արք. Հերկելեան խօսելով հեղինակին մասին ըսաւ, թէ ան հաւատք ունէր եւ պաշտպանն էր հայ նահապետական ընտանիքին, որովհետեւ անիկա կարեւորագոյն մասնիկն է հայ ազգի գոյատեւման:

Սրբազանը ըսաւ. «Մենք ամէն բանէ առաջ պէտք ունինք ազգային եւ հոգեւոր սնունդի, որ մեզի կու գայ մեր հանճարներէն եւ մեր գիրքերէն, եւ որուն վերջին նմուշներէն մէկն է այս գիրքը»:

Սրբազանը իր խօսքը աւարտեց ըսելով, թէ ընթերցանութեամբ է, որ հայ ազգը պիտի պահէ նահապետական ընտանիքը եւ անոր սրբութիւնները:

Ձեռնարկի աւարտին ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէին անունով Ժաք Տաղլեան յուշանուէր մը յանձնեց Շուշիկ Հերկելեանին: Ներկաները ստացան օրինակ մը «Բարեւներ Այնճարէն» գիրքէն, զոր մակագրեց Վարուժան սրբազանը, որ Մովսէս Թ. Հերկելեանի մահէն ետք խմբագրած էր այս հրատարակութիւնը:

 

Նախորդը

«Մօտէն Ճանչնանք Եկեղեցին Եւ Աստուածաշունչը» Խորագիրով Կիներու Հոգեւոր Լսարանի Աւարտ Պիքֆայայի Մէջ

Յաջորդը

«Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա»-ի Լիբանանի Անդրանիկ Ճամբարի Մասնակիցներու Ծանօթացման Հանդիպում

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մօտ Իրանի Դեսպանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մօտ Իրանի Դեսպանը

February 3, 2026
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Ներկայացուցչական 52-րդ Ժողով
Գաղութային

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Ներկայացուցչական 52-րդ Ժողով

February 3, 2026
Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.