Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Եթէ Բացուի Հայաստան-Վրաստան-Ռուսիա Երկաթուղին, Հայաստանի Տնտեսական Շրջափակումը Ձեւով Մը Կ՛աւարտի, Եւ Տնտեսական Վիճակը Մեծապէս Կը Բարելաւուի» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Գագիկ Աբրահամեան

July 21, 2015
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զրոյցը վարեց` ՀՐԱՅՐ ԵՍԱՅԵԱՆ

7-21-15_Gagig-Aprahamian1

Լիբանան տուած այցելութեան ծիրին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Ոսկերչական եւ ադամանդագործական ընկերակցութեան հիմնադիր-նախագահ Գագիկ Աբրահամեան կարճ զրոյց մը ունեցաւ «Ազդակ»-ի հետ:

Պատասխանելով Հայաստանի ներկայ տնտեսական վիճակին վերաբերող հարցումի մը` ան յայտնեց, որ Հայաստանի տնտեսական վիճակը այսօր ուղղակի եւ անուղղակի կապուած է Ռուսիոյ Մաքսային միութեան տնտեսական վիճակին հետ: Ըստ անոր, տնտեսական վիճակը ազդուած է  լիազօրութիւններու հանգամանքէն մեկնած: Այսուհանդերձ, Հայաստանի կառավարութիւնը ամէն ինչ կ՛ընէ, որպէսզի իր տնտեսութիւնը ոտքի պահէ: Կառավարութիւնը փոքր եւ միջին աշխատանքներու վարկեր կը տրամադրէ եւ յատկացումներ կու տայ ընկերութիւններուն: Աբրահամեան հաստատեց, որ ռուսական շուկայի կայունութիւնը, ռուսական ռուբլիի արժենիշի կայունութիւնը հիմնական ազդեցութիւն կ՛ունենան Հայաստանի տնտեսութեան վրայ:

Ըստ Հայաստանի Հանրապետութեան Ոսկերչական եւ ադամանդագործական ընկերակցութեան հիմնադիր-նախագահին, Հայաստանի Եւրասիական միութիւն մտնելը շատ կարեւոր է անվտանգութեան տեսակէտէն: Մօտ 180 միլիոն բնակչութեամբ շուկայ կը բացուի Հայաստանի առջեւ սոյն միութեան անդամակցութեամբ: Երեւանէն Մոսկուա ապրանք փոխադրելը նոյնքան դիւրին կ՛ըլլայ, որքան` Երեւանէն Գյումրի: Տուրքերու իմաստով, ապրանքի փոխադրութիւնը շատ հեզասահ պիտի ըլլայ մաքսային միութեան երկիրներուն հետ: Սակայն բեռնարկղով ապրանք բեռնաւորելը նոյնքան դիւրին չէ երկաթուղիի  չգոյութեան պատճառով: Հետեւաբար , ապրանքին գինը, որակը եւ անոր առաւելութիւնը կը ճշդեն արտադրանքին յաջողութիւնը:

Այս հարցի լուծման անդրադառնալով` Գագիկ Աբրահամեան յայտնեց, որ եթէ բացուի Հայաստան-Վրաստան-Ռուսիա երկաթուղին, որ հարիւրաւոր միլիոն տոլարի ծախսեր կը պահանջէ, Հայաստանի տնտեսական շրջափակումը ձեւով մը կ՛աւարտի, եւ տնտեսական վիճակը մեծապէս կը բարելաւուի:  Ըստ անոր, այս առնչութեամբ Ռուսիան ջանք ի գործ կը դնէ, որպէսզի իրագործուի այս երկաթուղիին ծրագիրը: Վրաստանը իր կարգին տարանցումի տուրքերէն կ՛օգտուի երկաթուղիի գործածութեան պարագային:

Հայաստանի` Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցութեամբ Հայաստանի ճարտարարուեստի զարգացման անդրադառնալով` Գագիկ Աբրահամեան դիտել տուաւ, որ անիկա կը զարգանայ այնքանով, որքանով Հայաստան ճիշդ ապրանքը կ՛արտադրէ` գինի, որակի եւ այլ մանրամասնութիւններէ մեկնելով: Շուկայական իրավիճակին մէջ պէտք է մրցիլ: Առաւել, մաքսային միութեան յաւելեալ արժէքի (VAT) տուրքի օրէնքը գնորդին առիթ կու տայ մինչեւ երկու ամիս կատարելու իր վճարումները:

«Ազդակ»-ի յաջորդ հարցումը կը վերաբերէր Հայաստանի վրայ հայաստանաբնակ սուրիահայերուն ունեցած տնտեսական ազդեցութեան:

«Մենք սփիւռքի նախարարութեան հետ մեծ ծրագիրներ փորձեցինք իրականացնել, սակայն չյաջողեցանք: Մօտ հարիւր սուրիահայ ընդունեցի աշխատանքի, բոլոր պայմանները մենք ստեղծած էինք: Մեծամասնութիւնը եկաւ, աշխատեցաւ, ապա հեռացաւ ընդհանրապէս դէպի Քանատա եւ այլ երկիրներ: Անոնցմէ մնացին քանի մը հոգին:  Բոլոր պայմանները ստեղծուած են սուրիահայերուն համար Հայաստանի մէջ ձեռնարկութիւններ ընելու:

 

 

Նախորդը

«Յոյս Մի՛ Պահէք». Օփերային Աստղի Պատասխանը Պաշտօնական Պաքուին

Յաջորդը

Ինչեր Կը Պատահին Թուրքիոյ Մէջ. Մարտինի Ասորիներու Եկեղեցին 12,5 Միլիոն Լիրայի Ծախու Է

RelatedPosts

«Իրաւունք Չունենք Յուսահատուելու»
Հարցազրոյց

«Իրաւունք Չունենք Յուսահատուելու»

January 12, 2026
«Այն, Ինչ Որ Այսօր Տեղի Կ՛ունենայ, Բնականոնացում Չէ, Այլ Պարտադրուած Ընդունում` Հայաստանի Այլասերման. Այսպէս Մնալը Անձնասպանութիւն Է» Շեշտեց Յ. Բագրատունի
Հարցազրոյց

«Այն, Ինչ Որ Այսօր Տեղի Կ՛ունենայ, Բնականոնացում Չէ, Այլ Պարտադրուած Ընդունում` Հայաստանի Այլասերման. Այսպէս Մնալը Անձնասպանութիւն Է» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

January 10, 2026
Երուանդ Հաւարեանի «Rewind» (Վերադարձ) Խորագիրով Անհատական Ցուցահանդէս
Հարցազրոյց

Լիբանանեան Կարեւոր Դէմքեր. Անմահացուցած Երուանդ Հաւարեանին Հետ

December 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.