Ըստ «Երկիր»-ի, սահմանադրական բարեփոխումներու յանձնախումբը պիտի հրապարակէ սահմանադրական բարեփոխումներու վերջնական բովանդակութիւնը, որմէ ետք պիտի սկսին քննարկումները:
Ազգային ժողովի փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանով «Երկիր»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին խօսելով այդ հոլովոյթներուն մասին նշեց, որ քննարկումները պիտի ըլլան ե՛ւ հասարակական շրջանակներու, ե՛ւ քաղաքական կուսակցութիւններու հետ, եւ իր դերակատարութիւնը պիտի ունենայ նաեւ խորհրդարանը:
«Ամէն պարագայի` մենք բաց, հրապարակային քննարկումներու կողմնակից ենք: Այդ քննարկումներուն աւարտէն ետք աշնանային նստաշրջանի ընթացքին արդէն Ազգային ժողովը պիտի քննարկէ ատիկա: Երկրի տարբեր շրջաններուն մէջ հանդիպումներ պիտի կազմակերպուին, որովհետեւ սահմանադրական բարեփոխումներու փաստաթուղթը ամէնէն կարեւորն է, ուրեմն պէտք է մէկ կողմ դնել աւելորդ շտապողականութիւնը եւ զայն քննարկել բաց ու հրապարակային», ըսաւ Շարմազանով` աւելցնելով, որ Ազգային ժողովը միայն իր կարծիքը կրնայ յայտնել սահմանադրական բարեփոխումներուն վերաբերեալ, իսկ հանրաքուէն կը ներկայացնէ Հայաստանի բնակչութեան կարծիքը:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք կը փարատի՞ նախագահին գլխաւոր մտահոգութիւնը` կապուած երկրի ներքին եւ արտաքին ճգնաժամային վիճակներուն մէջ որոշումներու կայացման հետ, Ազգային ժողովի փոխնախագահը ըսաւ, որ կարծես ոչ մէկ մտահոգութիւն կայ, ամէն ինչ յստակ է:
Էդուարդ Շարմազանով խուսափեցաւ պատասխանելէ հարցումին, թէ ի վերջոյ, կարեւոր որոշումները ո՞վ պիտի տայ` վարչապե՞տը, թէ՞ Ազգային ժողովի նախագահը: «Ես չէ, որ ատոր մասին պիտի ըսեմ: Գիտեմ, բայց չեմ ըսեր: Ժամանակը կու գայ եւ կը հրապարակուի», ըսաւ ան:


