Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճանի Իշխող Կուսակցութեան Մէջ Կը Տիրէ Յուսահատութիւն

July 17, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

7-15-15_Azerbaijan«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ ներկուսակցական աղբիւրներէն ազրպէյճանական «Ազատլըք»-ին հասած տեղեկութիւններուն համաձայն, Ազրպէյճանի իշխող «Ենի Ազրպէյճան» կուսակցութեան մէջ յուսահատութիւն կը տիրէ, որովհետեւ մեծ է հաւանականութիւնը, որ յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւնները իշխանութեան համար խիստ լարուած պիտի անցնին, «Ենի Ազրպէյճան» կուսակցութեան մեծ թիւով անդամներ կորսնցուցած են երեսփոխան ընտրուելու յոյսը:

Կուսակցութեան մէջ լուրջ մտահոգութիւն յառաջացուցած է նաեւ «Ենի Ազրպէյճան» կուսակցութեան քարտուղար Սիաւուշ Նովրուզովի կողմէ Ազրպէյճանի ղեկավար Իլհամ Ալիեւի դստեր` Լէյլա Ալիեւայի թեկնածութեան առաջադրումը, ինչ որ, սակայն, մերժուած է Ալիեւայի կողմէ: Ատիկա գնահատուած է իբրեւ «Ենի Ազրպէյճան» կուսակցութեան նկատմամբ իշխանութեան հիմնական ուժային կեդրոնի վերածուած Փաշայեւներու վերաբերմունք:

Միւս կողմէ, բաւական կարծր է յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն հետ կապուած միջազգային կազմակերպութիւններու դիրքորոշումը: Եւրոպական խորհրդարանը նոյնիսկ որոշած է, որ Ազրպէյճանի մէջ տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն դէտ պիտի  չուղարկէ: Նոյնիսկ անթոյլատրելի նկատուած է Եւրոպական խորհրդարանի անդամներէն ոեւէ մէկուն անկախ դէտի կարգավիճակով մասնակցութիւնը ընտրութիւններուն:

«Իսկ ասիկա իշխանութեան եւ «Ենի Ազրպէյճան» կուսակցութեան մէջ լուրջ մտահոգութեան պատճառ դարձած է եւ իշխանութիւնը կը մտածէ վերատեսութեան ենթարկել ընտրական ցուցակը: Պատրանք ստեղծելու համար, իշխանութիւնը կը փափաքի մեծցնել անկախ պատգամաւորներու թիւը: Այդ պարագային, ամենայն հաւանականութեամբ, ընտրութենէն կրնան դուրս մնալ թէ՛ իշխանամէտ կուսակցութիւններու թեկնածուները, թէ՛ ալ «Ենի Ազրպէյճան» կուսակցութեան մեծ թիւով թեկնածուներ: Ճիշդ այս պատճառով է, որ «Ենի Ազրպէյճան» կուսակցութեան քարտուղար Սիաւուշ Նովրուզով վերջերս յայտարարեց 125 ընտրատեղամասերէն իւրաքանչիւրին մէջ թեկնածու առաջադրելու մասին: Ատիկա արդէն կը նշանակէ, որ «Ենի Ազրպէյճան» կուսակցութիւնը այլ իշխանամէտ կուսակցութիւններուն զիջելու նպատակ չունի», ամփոփած է թերթը:

«Ազատլըք» նախապէս յայտնած էր, որ 2015-ի աշնան նախատեսուած խորհրդարանական ընտրութիւններէն առաջ ՄԱԿ-ի մէջ Ազրպէյճանի վերաբերեալ բանաձեւի որդեգրումը, ինչ որ խիստ հաւանական է, կրնայ մահացու հարուած դառնալ իշխանութիւններուն համար:

 

 

 

Նախորդը

Միջազգային Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Ըստ Խրիմի Դատախազին. Նիքոլա Բ. Ցարի` Ռուսիոյ Գահէն Հրաժարումը Իրաւական Ուժ Չունի

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան  Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»
Միջազգային

Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.