Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անատոլուի Ներկայ Բնակիչներէն Վկայութիւններ` Հայկական Դէպքերու Մասին

July 15, 2015
| Գիտութիւն
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Պիրկիւն.Նեթ Հապեր» կայքէջը կը գրէ, որ իրենց աշխատակիցները Անատոլուի մէջ պրպտումներու ձեռնարկած են հարիւր տարի առաջ պատահած հայկական դէպքերու մասին: Վկայութիւններ հաւաքած են պատմութեան գիրքերէ, նաեւ` այդ օրերը ապրած անձերու ժառանգորդներէն: Անոնք մեզի կը փոխանցեն հետեւեալ շահեկան տեղեկութիւնները:

«ՄԱՐՄԱՐԱ»

Տեղահանութեան որոշմնագիրը Մերզիֆոնի մէջ 1915-ի յունիսին պաշտօնապէս յայտարարուած էր: Սակայն այդ թուականէն առաջ քաղաքին մէջ ձերբակալութիւնները սկսած էին: Առաջին հերթին 50 հայեր ձերբակալուեցան եւ Սվազ տարուեցան:

7-15-15_Marcharmenians1

12 յունիսին ձերբակալուածները 15 յունիսին ֆիզիքապէս ազատ արձակուեցան: Առաջին խմբակը, որ 300 տղամարդոցմէ կը բաղկանար, Չորումի ճամբուն վրայ, Էլեք առուակին մօտ տարուեցաւ: Այս խումբին անձնապէս կ՛ընկերանար գաւառապետ Ֆայիք պէյ եւ ոստիկան զօրաց հրամանատարը` Մահիր: Հայ տղամարդիկը այստեղ պարտադրուեցան մերկանալ, յետոյ կացիններու հարուածներով անգթաբար սպաննուեցան: (Հայոց ցեղասպանութիւն, Ռէյմոնտ Գէորգեան, էջ 639, «Իլեթիշիմ» հրատարակութիւն): Գիրքին մէջ պատմուած պատմութիւններն ու այլ մանրամասնութիւնները տրուած են այդ շրջանի պաշտօնական թղթակցութիւններու, դատարանի վճռաթուղթերու, ապահովութեան տեղեկագիրներու հրապարակումով: Դէպքին վրայէն 100 տարի անցած ըլլալով հանդերձ, երկրորդ ականատեսներու վկայութեամբ այս պատմութիւններուն հասնիլ հնարաւոր է: Միջոցէ մը ի վեր այս նիւթի մասին վաւերագրութիւն հաւաքելու համար Անատոլուի մեծ ու պզտիկ վայրերուն մէջ կը շրջագայինք: Վերեւ յիշուած «կացինահարումով սպանութեան» հետքերուն հասանք: Խօսեցանք քիւրտ Էլպիզի գիւղի 80-85 տարեկան բնակիչի մը հետ:

Անոր բերնէն` պատմութիւն մը ահաւասիկ.

Հազարապետ մը պատերազմի աւարտին իր գիւղը կը վերադառնայ: Կեաւուր մը հազարապետին դրամ կը խոստանայ, որպէսզի զինք ազատ արձակէ: Հազարապետը զայն մէկ կողմ կը պահէ, միւսները ամէնքն ալ կը գլխատէ: Յետոյ այս վերջինին կը դառնայ, որպէսզի զայն եւս սպաննէ: Կեաւուրը յանկարծ ոտքի կը կանգնի եւ հազարապետին կը փաթթուի. «Զիս մի՛ սպաններ» կ՛ըսէ: Հազարապետը զայն եւս կը սպաննէ: Այդ գիշեր շատ վախցած հոգեվիճակով տուն կը վերադառնայ, սակայն մէկ քանի օր ետք կը մահանայ:

Երկրորդ գիւղացի մը կը պատմէ. «Կեաւուրները սա առուակին մօտ վրայէ վրայ դիզեր են: Դրամի ծարաւի մարդիկը մէկ առ մէկ անոնց գրպանները խուզարկեր են գտնելու համար ոսկեդրամ կամ որեւէ գոհարեղէն: Բայց չեն գտեր»:

Իսկ 87-ամեայ կին մը ապացուցելու համար, որ թուրքերը բարեխիղճ մարդիկ են, սա օրինակը տուաւ.

«Մերզիֆոնի մէջ հայու մը տան վերնայարկին վրայ հաւաքեր են իրենց ծնողները սպաննուած մանուկները: Վարի յարկին վրայ սկսեր են փայտեր դիզել, շէնքը հրկիզելու նպատակով: Ինչպէս պատահեր է` յայտնի չէ, մէկը տոքթոր Ահմետ Համտի պէյին լուր տուեր է այս պատրաստութեան մասին: Տոքթորը գացեր է դէպքին վայրը եւ չարագործ մարդոց երեսն ի վեր պոռացեր է. «Ձեր ըրած խայտառակութիւններ բաւ չեկա՞ն, հիմա ալ ասիկա՞ պիտի ընէք»: Այս ըսելով` տղաքը այնտեղէն ազատեր է:

Այս պատմութիւնը պատմեց մէկը, որ այնտեղէն փրկուած էր: Մինչեւ չորս տարի առաջ այդ մարդը սա դիմացը կը բնակէր: Ես անկէ լսեցի: Ազատարար տոքթ. Ահմետ Համտիին անունը այսօր տրուած է Մերզիֆոնի մէջ հայկական եկեղեցիին (ներկայիս` մշակոյթի կեդրոն) գտնուած փողոցին: Հայեր երախտագիտութեամբ կը յիշեն տոքթ. Ահմետ Համտին»:

Հապա՞ միւսները:

Մեծամասնութեան մէջ են այդ միւսները:

 

Նախորդը

Մուշի Հայկական Հետքերը Կը Շարունակեն Ջնջել

Յաջորդը

Թուրքիոյ Մէջ Հայ Երեխաները Դպրոց Պիտի Յաճախեն Առանց «Ազգային Ծածկագիր»-ի

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

Հրթիռապատում Բ. Պաղ Պատերազմէն Մինչեւ Արեւի Խուզարկու

December 9, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

Հրթիռապատում Ա. Աղեքսանդրիոյ Հերոնէն Մինչեւ Սփութնիք

December 8, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

March 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.