Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Սալամ Կոչ Կ՛ուղղէ Լարուածութիւններէն Հեռու Մնալու` Պահպանելու Համար Երկրին Կայունութիւնը

July 14, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ուաէլ Ապու Ֆաուր
Ուաէլ Ապու Ֆաուր

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վերստին կոչ ուղղեց հանդարտութիւնը պահելու եւ ներքին լարուածութիւններէն հեռու մնալու` պահպանելու համար երկրին ապահովական կայունութիւնը:

Ան հաստատեց, որ կառավարութեան յաջորդ նիստը պիտի ըլլայ առիթ մը, որուն ընթացքին լայնօրէն պիտի քննարկուի կառավարութեան գործելաոճը` փրկել կարենալու համար կառավարութեան աշխատանքի կարելիութիւնները:

Վարչապետ Սալամ այս յայտարարութիւնները կատարեց Պէյրութի իրաւունքներու պաշտպան իրաւաբանական խորհուրդի մէկ պատուիրակութեան եւ այդ խորհուրդի նախագահ, իրաւաբան Սաէպ Մաթարժիի ներկայութեան:

«Այսօր իմ պարտականութիւնս միայն վարչապետի պաշտօնը չէ, այլեւ` ինծի վստահուած է ամբողջ երկիր մը, նկատի ունենալով նախագահական թափուր աթոռի գոյութիւնը», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ ինք կատարեալ առարկայականութեամբ կ՛ուզէ շեշտել, թէ երկրին սահմանադրութեան 64-րդ յօդուածին համաձայն, նախարարաց խորհուրդը իր որոշումները կու տայ համախոհութեամբ, նախարարներուն կէս առաւել մէկին եւ կամ երկու երրորդին քուէներով: Մենք մեր աշխատանքին ընդմէջէն որոշեցինք համախոհութիւնը որդեգրել, սակայն համախոհութիւն ըսելով կարելի չէ միաձայնութիւն հասկնալ», ըսաւ ան:

Վարչապետ Սալամ նշեց նաեւ, որ ամիսներու ընթացքին կառավարութեան աշխատանքին վկայած արգելակումներէն ետք, իրենք որոշած են, որ քաղաքական  տարակարծութիւնները մէկդի դնեն եւ շարունակեն երկիրը տնօրինելու վերաբերող թղթածրարներու քննարկումը: «Նկատի ունենալով, որ նախարարաց խորհուրդը համախոհական բնոյթի է, մենք որոշեցինք, որ կառավարութեան դահլիճը քաղաքական ուժերուն միջեւ հարցերը լուծելու յարմար վայրը չէ: Հետեւաբար ես պատրաստ եմ երկար ժամանակ տրամադրելու, որպէսզի կարելի ըլլայ կառավարութեան աշխատանքի գործելաոճը ճշդել», հաստատեց ան:

Վարչապետ Սալամ ընդունեց նաեւ առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Նշենք, որ երէկ երեկոյեան վարչապետ Սալամ` ընկերակցութեամբ նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրիի, մեկնեցաւ Ժետտա, ցաւակցութիւն յայտնելու Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախկին նախարար Սէուտ Ֆայսալի մահուան առիթով:

 

Նախորդը

Յուլիսեան Պատերազմին Առիթով Պըրրի Կոչ Ուղղեց Նախագահական Ընտրութիւն Կատարելու

Յաջորդը

Արցախ Այցելող Զբօսաշրջիկներու Թիւը Աճած Է

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.