
Չելսիի մարզիչ Ժոզէ Մուրինիօ, իր կազմին միացնելու համար սպանացի 23 տարեկան միջնապահ Իսքոն, անոր ակումբին` Ռէալ Մատրիտին առաջարկած է 28 միլիոն Եւրօ, կը յայտնէ «Տը Միրըր»:
Մուրինիօ Իսքոն նկատի կ՛առնէ իբրեւ պրազիլցի միջնապահ Օսքարին փոխարինողը, որ շատ հաւանաբար միանայ Եուվենթուսի:
«ԱՍ»-ի համաձայն, սակայն, այդ փոխանցումը պիտի չկատարուի` նկատի ունենալով, որ արքայական ակումբին մարզիչ Ռաֆայէլ Պենիթես մեծ յոյսեր կապած է Իսքոյի վրայ, կ՛եզրափակէ ArmSport.am:


