Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միջազգային Կարճ Լուրեր

July 9, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

7-07-15_Las-Vegas«ՕՊՈԶՐԵՒԱԹԵԼ» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու Լաս Վեկաս քաղաքին մեծ փոթորիկը իրեն հետ տեղատարափ անձրեւ եւ մեծ կայծակներ բերած է: Անոնք, որոնք ռիսքի դիմած եւ դուրս եկած են փողոց, փրկարար բաճկոններ կրած են` անվտանգութեան նկատառումներով: Տեղւոյն իշխանութիւնները մարդոց զգուշացուցած են ռիսքի չդիմել եւ տուներէն դուրս չգալ, եթէ չկայ խիստ անհրաժեշտութիւն: Անձրեւներէն առաջ Լաս Վեկասի մէջ երկար ժամանակ անտանելի տաք եղած է:

ՎԵՆԵԶՈՒԵԼԱՅԻ նախագահ Նիքոլաս Մատուրօ յայտնեց, որ վերջերս Միացեալ Նահանգներու եւ իր երկրին միջեւ ստեղծուած է քուլիսային դիւանագիտական կապ մը, որ լաւ աշխատանք կը տանի երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու բարելաւման համար: Ան աւելցուց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա օգնած է ապրիլին կապի հաստատումով բարելաւման ճամբան հարթելու` երբ ինքզինք մեկուսացուցած է «գործադիր հրամանէ մը եւ Հարաւային Ամերիկայի մէջ գտնուող երկիրը Միացեալ Նահանգներու անվտանգութեան սպառնալիք նկատելէ»:

ՍՊԻՏԱԿ տան բանբեր Ճոշ Էռնեսթ Եւրոպական Միութեան եւ Յունաստանի ղեկավարներուն կոչ ուղղեց գտնելու փոխզիջումային լուծում մը, որ Աթէնքին կ՛արտօնէ մնալ Եւրոյի գօտիին մէջ` աւելցնելով. «Հանրաքուէն վերջ գտաւ, սակայն մեր պատկերացումը կը մնայ նոյնը»: «Եւրոպացի ղեկավարներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրը կը մնայ նոյնը», ըսաւ ան` երկու կողմերուն կոչ ուղղելով. «Համաձայնութիւն գոյացնելու շարք մը բարեփոխումներու շուրջ, ինչպէս նաեւ ֆինանսաւորման մը շուրջ, որ Յունաստանը կը դնէ իր պարտքերը մնայուն կերպով կառավարելու ճամբուն վրայ, ինչպէս նաեւ տնտեսական աճի ճանապարհին վրայ»:

ԻՍՐԱՅԷԼԻ վարչապետի գործավար Սիլվան Շալոմ Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան կոչ ուղղեց` Եւրոպական Միութեան մասնակի ֆինանսաւորումով կազի խողովակաշար մը կառուցելու Իսրայէլի եւ Յունաստանի միջեւ` աւելցնելով. «Այդպիսի քայլ մը եւրոպական պետութիւններուն կազի յաւելեալ ու վստահելի աղբիւր մը պիտի ապահովէ»: Շալոմ յոյս յայտնեց, որ Եւրոպական Միութիւնը Յունաստանին պարկեշտ առաջարկ մը կը ներկայացնէ վերջինիս տնտեսական տագնապի լուծման համար` նշելով. «Բոլոր կողմերը պէտք է զիջումներ կատարեն»:

 

Նախորդը

Անդրադարձ. Հնարամիտ Եւ Ապիկար Ժխտողականներ

Յաջորդը

Սէուտական Արաբիա Քուէյթի Մէջ Մզկիթի Ականահարման Մեղսակից Երեք Եղբայրներ Ձերբակալեց

RelatedPosts

Սաֆաւի. «Իրան Պիտի Շարունակէ  Ամբողջութեամբ Վերահսկել  Հորմուզի Նեղուցին»
Գլխաւոր լուրեր

Սաֆաւի. «Իրան Պիտի Շարունակէ Ամբողջութեամբ Վերահսկել Հորմուզի Նեղուցին»

September 25, 2026
Փեսքով. «Թրամփի Ռուսիա Այցելելու  Փութինի Հրաւէրը Ուժի Մէջ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Քրեմլին Տակաւին Կանուխ Կը Նկատէ «Քսաններու Խմբակ»-ի Վեհաժողովի Ծիրին Մէջ Փութին-Թրամփ Հանդիպման Մասին Խօսիլը

September 25, 2026
Չինաստան Եւ Միացեալ Նահանգներ  Պէտք Է Գործեն Հակամարտութիւնները Բացառելով
Միջազգային

Չինաստան Եւ Միացեալ Նահանգներ Պէտք Է Գործեն Հակամարտութիւնները Բացառելով

September 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.