Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միջազգային Կարճ Լուրեր

July 7, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ուալիտ պըն Թալալ իշխանը
Ուալիտ պըն Թալալ իշխանը

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Ուալիտ պըն Թալալ իշխանը Աքսայի մզկիթին մէջ նամազ կատարելու համար ստացած է իսրայէլեան յատուկ արտօնագիր մը: Կայանը կը նշէ, որ սէուտցի իշխանը ամբողջ շաբաթ մը պիտի մնայ Երուսաղէմի մէջ:

ԻՐԱՆԻ ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ կ՛արգիլուին Վեցեակին հետ հիւլէական թղթածրարին շուրջ համաձայնութեան գոյացման պարագային ժողովրդային տօնախմբութիւնները` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը մտադիր չէ այդ առիթով որեւէ տօնախմբութիւն կազմակերպել:

ԳԵՐՄԱՆԱԿԱՆ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ ՏԱՀԵՇ պայթեցուցած է Մուսուլի կեդրոնը գտնուող Ս. Աստուածածնայ եկեղեցին` նշելով, որ պայթումին պատճառով եկեղեցւոյ մօտ գտնուող չորս մանուկներ սպաննուած են եւ մօտակայ 10 տուներ, առեւտրական խանութներ եւ ժողովրդային շուկայ մը քանդուած են:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ պատկերասփիւռի 10-րդ կայանը կը հաղորդէ, որ իսրայէլեան բանակն ու ապահովական մարմինները կը զօրակցին փոխան Համաս շարժումին հետ երկարատեւ զինադադարի` Կազայի մէջ նաւահանգիստի մը կառուցումը արտօնելու գաղափարին: Կայանի զինուորական հարցերու վերլուծաբան Ալոն պըն Տաւիտ յայտնեց, որ իսրայէլեան ապահովական մարմիններէն բարձրաստիճան սպաներ յայտնած են, որ այժմ Համասի հետ երկարատեւ զինադադարի մը հաստատման համար պատեհ ժամանակ է եւ իրենք Իսրայէլի քաղաքական իշխանութիւններուն յանձնարարած են աջակցիլ այդպիսի համաձայնութեան մը:

ԸՍՏ սէուտական «Օքազ» օրաթերթի տեղեկութիւններուն, Յորդանան Սուրիոյ հետ սահմանամերձ Ռամսա քաղաքին վրայ ամէն օր ինկող եւ քաղաքացիներուն կեանքը վտանգող ռումբերու հարցը պիտի օգտագործէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդէն արտօնութիւն խնդրելով իր սահմանամերձ քաղաքները պաշտպանելու, սուրիացի տեղահանուածներու ներհոսքը դադրեցնելու համար Սուրիոյ մէջ անվտանգութեան գօտի ստեղծելու: Յորդանան նաեւ այդ անվտանգութեան գօտիին մէջ  սուրիացի տեղահանուածներուն համար ճամբարներ պիտի հաստատէ:

ՍՊԱՆԻՈՅ մայրաքաղաք Մատրիտի մէջ տեղի ունեցաւ բազմամարդ բողոքի ցոյց մը` ընդդէմ տնտեսական սեղմումի քաղաքականութեան, Եւրոպական միութեան ծրագիրներուն եւ վարկատուներու պահանջներուն:

ՅՈՐԴԱՆԱՆԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթը հաղորդեց, որ յորդանանեան ապահովական մարմինները վերջերս կանխարգիլած են իրանեան «քուտս» ջոկատի անդամի մը Յորդանանի մէջ ահաբեկչական գործողութիւն կատարելու ծրագիրը: Ան Ժարաշ նահանգի Սաղրաթ Ասֆուր շրջանին մէջ ձերբակալուած է եւ անոր մօտ մեծ քանակութեամբ պայթուցիկ նիւթ յայտնաբերուած է: Ձերբակալեալը իրաքեան եւ նորվեկիական քաղաքացիութիւն ունի:

 

Նախորդը

Կաթողիկէ Հաղորդամիջոցներու Եպիսկոպոսական Յանձնախումբը Պարգեւատրեց Սարգիս Նաճարեանը

Յաջորդը

«Թրքական Հոսք»-ի Առաջին Գիծը Պատրաստ Պիտի Ըլլայ Մինչեւ Տարեվերջ

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.