Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Աւետարանական Քոլեճի Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում

July 4, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

7-04-15_Aved-(1)7-04-15_Aved-(2)Շաբաթ, 20 յունիս 2015-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հայ աւետարանական քոլեճի մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը եւ վկայականաց բաշխումը:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգները յոտնկայս ունկնդրելէ ետք հանդիսութիւնը սկսաւ Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ հովիւ վեր. Հրայր Չոլագեանի աղօթքով:

Ապա մասնակցութեամբ մանկապարտէզի աշակերտներուն` տեղի ունեցաւ պաշտամունք, որմէ ետք մանկապարտէզի դասարանները ներկայացուցին գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը, որ նուիրուած էր հայոց լեզուին, հայկական բանակին, Հայաստանին, եռագոյնին, ուրախութեան: Հայերէն, անգլերէն եւ արաբերէն խմբային ու անհատական արտասանութիւնները արժանացան ներկաներու ծափահարութիւններուն, իսկ հայկական պարերը ստեղծեցին համապատասխան խանդավառութիւն եւ հպարտութիւն: Մանկապարտէզի աշակերտներու ազգային շունչն ու ոգին կ՛արտացոլային իւրաքանչիւր շարժուձեւի, արտայայտութեան ու բառի մէջ, ինչ որ ոգեւորիչ էր ու քաջալերական:

Գեղարուեստական յայտագիրին յաջորդեց մանկապարտէզի Ծաղիկ դասարանի աշակերտներու վկայականներու բաշխման արարողութիւնը: Այս առիթով, խօսք առաւ Հայ աւետարանական քոլեճի տնօրէն դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց մանկապարտէզի բոլոր պատասխանատուներուն եւ ուսուցիչներուն, որոնք նուիրումով ու պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ կը կատարեն իրենց վստահուած առաքելութիւնը:

Դոկտ. Մսըրլեան յոյս յայտնեց, որ Հայ աւետարանական քոլեճի մանկապարտէզի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի հունձքը կը շարունակէ իր ուսումը եւ կը հետեւի իր նախնիներու ուղիին` ի խնդիր արդարութեան եւ հայութեան իրաւունքներու վերականգման:

Աւարտին, վկայեալ աշակերտները ասմունքեցին «Հայերէն» եւ «Այմ է լիթըլ կրեճուէյթ», որոնցմէ ետք հանդիսութիւնը փակուեցաւ վեր. Հրայր Չոլագեանի օրհնութեան աղօթքով:

Հայ աւետարանական քոլեճի մանկապարտէզէն վկայականներ ստացան` Ալեմեզեան Կարին, Աւեսեան Վարդան, Արաբսէիսեան Սելինա, Գարամանուկեան Նարօտ, Շահինեան Լիանա, Չոլագեան Նարեկ, Ֆայսալ Քրիսթաֆոր, Սալհա Իսա, Էլմաճեան Մարիա եւ Ճոզիկեան Ալեքս:

Նախորդը

Ինչո՞ւ Արեւը Մեր Մորթին Գոյնը Թուխ Կը Դարձնէ, Իսկ Մազերուն Գոյնը Կը Բանայ

Յաջորդը

Քարմեն Աճեմեանի «Աշուղի Սէրը» Ձայնասկաւառակի Շնորհահանդէս` Մասնակցութեամբ «Սայաթ Նովա» Աշուղական Համոյթի Մենակատարներ Սարգիս Խաչատրեանի Եւ Արթուր Մնացականեանի

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.