
Երեքշաբթի, 30 յունիս 2015-ին, Անթիլիասի մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Աշոտ Քոչարեանին:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ընդհանրապէս Հայաստան-սփիւռք յարաբերութեան առնչուած հարցեր եւ վերջին շրջանին Հայաստանի մէջ տիրող կացութիւնը:


