Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մուքպել. «ՏԱՀԵՇ-էն Չենք Վախնար»

June 29, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Սամիր Մուքպել
Սամիր Մուքպել

Փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել երէկ շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը թէ՛ սահմաններուն վրայ, թէ՛ երկրին մէջ ունի իր հակակշիռը` ապահովական կացութեան վրայ:

Ան կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն փարատելու իրենց մտահոգութիւնները, թէ ահաբեկչական յարձակումները կրնան հարուածել երկիրը:

«Ապահովական կայունութիւնը հակակշիռի տակ է, բանակը իր պարտականութիւնները կը կատարէ, եւ ո՛չ ՏԱՀԵՇ-էն ու ո՛չ ալ այլ կազմակերպութիւններէ կը վախնանք», հաստատեց Մուքպել:

Պաշտպանութեան նախարարը ընդգծեց, որ բանակին ջոկատները խիստ հսկողութիւն բանեցուցած են սահմաններուն մօտ եւ կ՛արգիլեն Արսալի բարձունքներէն դէպի Արսալ գործուելիք որեւէ ահաբեկչական յարձակում:

«Բանակը ծանր ռմբակոծումի ենթարկելով զինեալները բազմիցս ստիպած է, որ անոնք հեռանան դէպի Արսալի բարձունքները: Ռաս Պաալպեքի մէջ եւս բանակը ետ մղած է հաւատադրժողական ահաբեկիչներուն կողմէ նախապատրաստուող յարձակումները», ըսաւ ան:

Մուքպել հաստատեց, որ ինք հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է ֆրանսացի իր պաշտօնակիցին` Ժան Իվ Լոտրիանի հետ եւ անկէ պահանջած, որ Ֆրանսա արագացնէ սէուտական նուիրատուութեան շրջագիծին մէջ լիբանանեան բանակին զէնք եւ զինամթերք տրամադրելու համաձայնութեան գործադրութիւնը:

Ան ընդգծեց, որ բանակին տրամադրուելիք զինամթերքը կարեւոր է` ահաբեկչութեան դէմ անոր մղած պայքարին յաջողութիւնը երաշխաւորելու համար:

 

Նախորդը

Մարտ 14-ի Քաղաքական Ուժերուն Անդամ Անկախ Անձնաւորութիւններուն Ազգային Խորհուրդի Կազմութիւն

Յաջորդը

Լարուած Մթնոլորտ Բաղրամեան Պողոտային Վրայ. Ոստիկանութիւնը Սպառնաց «Վերականգնել Հասարակական Կարգը»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.