Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զաորալեք. «Հայոց Ցեղասպանութեան Հարցը Ոչ Միայն Անցեալ Է, Այլ Նաեւ Կը Վերաբերի Ներկային»

June 26, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Լիուպոմիր Զաորալեք
Լիուպոմիր Զաորալեք

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Չեխիոյ արտաքին գործոց նախարար Լիուպոմիր Զաորալեք Ծիծեռնակաբերդ այցելելով յարգած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը: Չեխ նախարարին ընկերակցած Է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Կարեն Նազարեան: Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեանի ուղեկցութեամբ` Զաորալեք շրջած է թանգարանին մէջ, գրառում կատարած թանգարանի պատուոյ հիւրերու յուշամատեանին մէջ, որմէ ետք ծաղկեպսակ զետեղած է անմար կրակին մօտ:

Նախարարը յուշահամալիրի այգիին մէջ տնկած է եղեւնի` «Ի յիշատակ հայ ժողովուրդի որդիներու եւ դուստրերու ողբերգական մահուան»:

Թանգարան այցելութենէն ետք լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Չեխիոյ արտաքին գործոց նախարարը յայտնած է. «Ես խորապէս տպաւորուած եմ, որովհետեւ ատիկա շատ սարսափելի պատմութիւն է: Շատ կարեւոր է, որ ատիկա չմոռցուի, ատիկա ոչ միայն անցեալ է, պատմութիւն, այլ նաեւ կը վերաբերի ներկային: Մենք պէտք է խօսինք ատոր մասին, մենք պէտք է յիշենք այդ իրադարձութիւնն ու ողբերգութիւնը: Մեր պարտքն է անընդհատ յիշել զայն»:

Իսկ պատասխանելով այն հարցումին, թէ Չեխիոյ Հանրապետութիւնը պիտի միանա՞յ այն երկիրներուն, որոնք պաշտօնապէս ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը` նշեց. «Չեխիոյ Հանրապետութիւնը պարբերաբար յիշատակած է այս իրադարձութիւնը: Ես գիտեմ նաեւ, որ մեր (խորհրդարանի) արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը հռչակագիր որդեգրած է Հայոց ցեղասպանութեան մասին, ինչպէս նաեւ մեր նախագահը մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին պաշտօնապէս իր դիրքորոշումը յայտնած է այդ մասին: Մեր երկիրը պիտի շարունակէ հետամուտ ըլլալ այս հարցին եւ վառ պահել յիշատակը»:

Սահակեան Եւ Աբրահամեան
Ընդունեցին Զաորալեքը

6-25-15_Sahagian6-25-15_AprahamianՉեխիոյ արտաքին գործոց նախարար Լիուպոմիր Զաորալեքի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Երեւանի մէջ երէկ հանդիպումներ ունեցաւ Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեանի եւ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի հետ:

Զաորալեք տեղեկացուց, որ խումբ մը չեխ գործարարներ հետաքրքրուած են Հայաստանի մէջ  իրականացնելու տարբեր ծրագիրներ`  ուժանիւթի, շինարարութեան, սնունդի արդիւնաբերութեան եւ այլ մարզերուն մէջ:

Չեխիոյ արտաքին գործոց նախարարը, անդրադառնալով Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ յարաբերութիւններուն, նշեց, որ Չեխիա պատրաստ է օժանդակելու անոնց հետագայ զարգացման եւ խորացման:

Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան նշեց, որ Հայաստան բարձր կը գնահատէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի հարցին մէջ  պաշտօնական Փրակայի հաւասարակշռուած դիրքորոշումը:

 

Նախորդը

«Վարչապետ Սալամ Կ՛ուղղուի Կառավարութիւնը Նիստի Մը Հրաւիրելու» Ըսաւ Քազզի

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն

RelatedPosts

Գաղութային

January 6, 2026
Մարդկային Միտքի Վերանորոգման Տարի
Գլխաւոր լուրեր

Բեթղեհէմի Պատգամը` «Եղէք Նոր Մարդ»

January 6, 2026
«Տէ՜ր Իմ Եւ Աստուա՜ծ Իմ»
Գաղութային

Կարիքը Ունինք Երկնային Աջակցութեան, Որպէսզի Աստուծմով Փարատի Մեր Ազգին Կեանքը Պղտորող Խաւարը

January 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.