Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վախճանեցաւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ Եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս Ժթ. Կաթողիկոս Պատրիարքը

June 26, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-25-15_Arm-Catholic-Patr-Nerses,jpgՀայ կաթողիկէ պատրիարքութիւնը եւ  Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութիւնը  կը գուժեն Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց ամենապատիւ եւ գերերջանիկ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին վախճանումը հինգշաբթի, 25  յունիս 2015, առաւօտեան ժամը 8:45-ին:

Երանաշնորհ հայրապետը ծնած էր Գահիրէ, 17 յունուար 1940-ին: Կուսակրօն քահանայ  ձեռնադրուած էր  15 օգոստոս 1965-ին եւ օգնական  նշանակուած գերապատիւ Յովհաննէս վրդ. Գասպարեանին, հետագային` Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. կաթողիկոս պատրիարք: 1968-1990 եղած  էր Գահիրէի արուարձաններէն Հելիոպոլսոյ Սրբուհի  Թերեզա եկեղեցւոյ ժողովրդապետ:

18 փետրուար 1990-ին, ամենապատիւ Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ.ին կողմէ նշանակուած էր Եգիպտոսի Հայ կաթողիկէ թեմին առաքելական վարիչ: 1993-ին մաս կազմած է հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց սիւնհոդոսին եւ  ապա մնայուն սիւնհոդոսին:

7  հոկտեմբեր 1999-ին Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց սիւնհոդոսին կողմէ կ՛ընտրուի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս պատրիարք` առնելով Ներսէս Պետրոս ԺԹ. անունը:

Իր 16 տարիներու գահակալութեան ընթացքին, երջանկայիշատակ հայրապետը անխոնջ նուիրումով ծառայեց հայ եկեղեցւոյ, ազգին եւ Լիբանանին, եւ գործեց ի խնդիր Հայաստան-սփիւռք մերձեցումին: Խորապէս մտահոգուեցաւ Մերձաւոր Արեւելքի քրիստոնէութեան ու յատկապէս հայութեան ճակատագիրով: Երանաշնորհ հայրապետը ճիգ ու ջանք չխնայեց ի խնդիր լիբանանեան համայնքներուն միջեւ համագործակցութեան ու համակեցութեան, եղաւ համերաշխութեան ու երկխօսութեան ջատագով մը յատկապէս հայ եկեղեցւոյ նուիրապետութիւններուն հետ:

ԴԻՒԱՆ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ

ՄԱՀԱԶԴ

Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ սիւնհոդոսական հայրերը
Հայ կաթողիկէ պատրիարքութիւնը
Լիբանանի Կաթողիկէ պատրիարքներու եւ եպիսկոպոսներու համաժողովը (APECL)
Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութիւնը
Ժորժ Թազա եւ ընտանիքը
եւ համայն Թազա ընտանիքը
կը գուժեն

ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ԵՒ ԳԵՐԵՐՋԱՆԻԿ
ՏԷՐ ՏԷՐ ՆԵՐՍԷՍ ՊԵՏՐՈՍ
ԺԹ. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ
ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՅՈՑ

վախճանումը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 25 յունիս 2015-ի առաւօտեան ժամը 8:45-ին, Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ:

Եկեղեցւոյ թաղման կարգը եւ յուղարկաւորութիւնը պիտի կատարուին երեքշաբթի, 30 յունիս 2015, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ-Սուրբ Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ: Ապա հանգուցեալ հայրապետին մարմինը պիտի փոխադրուի եւ ամփոփուի Հայ կաթողիկէ Պատրիարքարանի Սրբոյ Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ պատրիարքներու դամբարանին մէջ:

Ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին երկուշաբթի, 29 յունիսին եւ չորեքշաբթի, 1 յուլիսին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն 13:00 եւ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-էն 7:00 եւ երեքշաբթի, 30 յունիսին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն 13:00, Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի դահլիճին մէջ:

Կիրակի, 28 յունիսի կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին հանգստեան Ս. պատարագ պիտի մատուցուի Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի Սրբոյ Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ մէջ, որմէ ետք հաւատացեալները պիտի հրաւիրուին վերջին հրաժեշտը տալու երանաշնորհ հայրապետին, մինչեւ երեքշաբթի կէսօրուան ժամը 1:00:

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայաստանի Դեսպանը

Յաջորդը

Հռոմի Մէջ` Թուրքիա-Իսրայէլ Գաղտնի Հանդիպում

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.