Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ներքին Գործոց Նախարարութեան Կեդրոնին Մէջ. Մաշնուք – Ռիֆի Հանդիպում

June 24, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Մաշնուք եւ Ռիֆի
Մաշնուք եւ Ռիֆի

Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆին, որուն հետ քննարկեց Ռումիէի մէջ արգելափակեալներուն դէմ գործուած բռնութիւններու տեսերիզին մանրամասնութիւնները:

Հանդիպումէն ետք տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Մաշնուք յայտնեց, որ տեսերիզը քաղաքական միտումներով սպրդեցուած է` աւելցնելով, որ ինք համոզուած է, թէ պատահածը կը ծառայէ ծայրայեղութեան շահերուն եւ կը փորձէ հարուածել չափաւորականութիւնը:

Մաշնուք նշեց, որ ինք եւ Ռիֆի փորձառութիւն ունին ծայրայեղութեան դէմ պայքարելու իմաստով եւ իրենց այդ ընթացքը պիտի շարունակեն:

«Նման յանցագործութիւններ կատարողները դատական իշխանութեան կողմէ հաշուետուութեան կը կանչուին եւ ոչ թէ տեղեկատուութեան մարզին հաշուետու կ՛ըլլան», ըսաւ ան:

Մաշնուք յայտնեց, որ իր եւ Ռիֆիի միջեւ հարց չկայ:

Իր կարգին, Ռիֆի յայտնեց, որ Ռումիէի գայթակղութեան տեսերիզները սպրդեցնելու պատասխանատուն Հըզպալլան է:

Ռիֆի իր կարգին հաստատեց, որ Մաշնուքի հետ ինք եղբայրական յարաբերութիւն ունի:

Ռիֆիի յայտարարութեան ի պատասխան, Հըզպալլա հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կտրականապէս հերքեց Ռիֆիի ամբաստանութիւնները` զանոնք նկատելով անճիշդ եւ շինծու տեղեկութիւններ:

Հաղորդագրութեան մէջ ցաւ յայտնուեցաւ, որ արդարութեան նախարարը առանց փաստերու անհիմն ամբաստանութիւններ կը կատարէ դէպքի մը մասին, որուն մէջ ինք հիմնական պատասխանատուութիւն կը կրէ եւ իսկական յանցագործն է:

Մինչ ներքին գործոց եւ արդարութեան նախարարները կը հանդիպէին, Ռումիէի մէջ ծայր առաւ խուլիկանութիւններու ալիք մը, որ անմիջապէս հակակշիռի տակ առնուեցաւ Մաշնուքի բանտերու հարցերով խորհրդատուին կողմէ, որ անձամբ ուղղուեցաւ Ռումիէ եւ արգելափակեալներէն իմացաւ անոնց պահանջները` խոստանալով ամէն ջանք ի գործ դնել այդ պահանջներուն գործադրութեան համար:

Նշենք նաեւ, որ Զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ դատախազ Սաքըր Սաքըր ձերբակալուած ներքին ապահովութեան ուժերու հինգ ոստիկանները ամբաստանեց արգելափակեալները խոշտանգելու եւ անոնց նկատմամբ անմարդկային վարուելակերպ ցուցաբերելու յանցանքով: Սաքըր այլ ոստիկան մը ամբաստանեց գործուած արարքները նկարելու յանցանքով, իսկ երկու ուրիշներ ամբաստանեց այդ գայթակղութեան մասին իմանալու եւ լռութեամբ մեղսակցած ըլլալու յանցանքով:

Սաքըր ոստիկաններուն թղթածրարը փոխանցեց Զինուորական ատեանի աւագ քննիչ դատախազ Ռիատ Ապու Ղիտայի:

 

Նախորդը

Վարչապետ Սալամ Ընդունեց Զօր. Սլէյմանը

Յաջորդը

«Արմէն» Ճամբարի Ի Նպաստ Քայլարշաւ` 26 Յունիսին

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.