Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Սալամ Ընդունեց Զօր. Սլէյմանը

Յունիս 24, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Զօր. Սլէյման եւ վարչապետ Սալամ
Զօր. Սլէյման եւ վարչապետ Սալամ

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ երեկոյեան վարչապետարանին մէջ ընդունեց հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները եւ շրջանային զարգացումները:

Հանդիպումէն ետք զօր. Սլէյման յայտնեց, որ Լիբանանը առանց հանրապետութեան նախագահի պահելը ամօթ է` աւելցնելով, որ շատ աւելի ամօթալի է, որ լիբանանցիները իրենց ժողովրդավարութենէն կը հրաժարին, երբ Լիբանանի շրջակայ երկիրները ժողովրդավարութիւն հաստատելու մարմաջին մէջ են:

Զօր. Սլէյման մերժեց այն իրականութիւնը, որ Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը ուղղակիօրէն կախեալ է սուրիական ծրագիրէն եւ շրջանային իրադարձութիւններէն: Ան շեշտեց, որ մերժելի է այն գաղափարը, որ լիբանանեան-սուրիական կացութիւններու համարկում մը գոյութիւն ունի, ինչպէս նաեւ լիբանանեան որոշ կողմ մը կը մասնակցի Սուրիոյ պատերազմին, ինչպէս նաեւ կան յարաբերութիւններ` լիբանանեան կողմերուն եւ սուրիական վարչակարգին ու ընդդիմութեան միջեւ:

Զօր. Սլէյման նշեց, որ վարչապետ Սալամ տակաւին չէ ճշդած, թէ ե՛րբ կառավարութիւնը պիտի հրաւիրէ նիստի մը` հաստատելով, որ ան ի մտի ունի նախարարաց խորհուրդը ժողովի հրաւիրել եւ այդ մասին բազմիցս յայտարարած է, որովհետեւ այդ մէկը անոր իրաւունքն է իբրեւ վարչապետ:

Անդրադառնալով Լիբանանեան ուժեր եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւններուն կողմէ յայտարարուած միացեալ նպատակներու փաստաթուղթին` զօր. Սլէյման զայն որակեց երկրորդ «Պաապտայի յայտարարութիւն» մը` հարց տալով անոր գործադրութեան, երկրին սահմանները բանակին հակակշիռին տակ դնելու եւ զէնքի ու զինեալներու անցքը արգիլելու մասին:

Զօր. Սլէյման շեշտեց, որ կառավարութեան նիստերուն մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկելու դրութիւնը հակաժողովրդավարական է` աւելցնելով, որ նախարարը կրնայ մասնակցիլ նիստին եւ ոչ ըսել:

Վարչապետ Սալամի այցելեց նաեւ առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր:

Միւս կողմէ, վարչապետ Սալամ յետմիջօրէին նախագահեց առեւանգուած բանակայիններու թղթածրարին պատասխանատու նախարարական եւ ապահովական յանձնախումբի նիստին, որուն աւարտին Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ շեշտեց, որ այդ թղթածրարին առնչութեամբ ոչ մէկ նորութիւն արձանագրուած է, իսկ բանակցութիւնները չեն կասեցուած, այլ` վերջ գտած են:

 

Նախորդը

«Ռումիէի Գայթակղութիւնը Անհատական Սխալ Մըն Է Եւ Ոչ Թէ Հաստատութենական» Շեշտեց Զօր. Աուն

Յաջորդը

Ներքին Գործոց Նախարարութեան Կեդրոնին Մէջ. Մաշնուք – Ռիֆի Հանդիպում

RelatedPosts

Խորհրդարանի Միացեալ Յանձնախումբերու  Նիստը Վերածուեցաւ  Բանավէճի Եւ Անձնական Հարցի
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Միացեալ Յանձնախումբերու Նիստը Վերածուեցաւ Բանավէճի Եւ Անձնական Հարցի

Մարտ 29, 2023
Միքաթի Կրիոյի Հետ Քննարկեց Լիբանանին  Վերաբերող Հրատապ Հարցեր
Լիբանանեան

Միքաթի Կրիոյի Հետ Քննարկեց Լիբանանին Վերաբերող Հրատապ Հարցեր

Մարտ 29, 2023
Սայֆիի Մէջ.   «Վերստին Ոտքի Կանգնելու Լիբանանցիներուն  Կամքէն Եւ Կարողութենէն Վստահ Ենք»  Շեշտեց Պուխարի
Լիբանանեան

Սայֆիի Մէջ. «Վերստին Ոտքի Կանգնելու Լիբանանցիներուն Կամքէն Եւ Կարողութենէն Վստահ Ենք» Շեշտեց Պուխարի

Մարտ 29, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In