Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կը Բաւէ, Որ Հայկական Կուսակցութիւն Չըլլաք». Ըստ Թուրք Լրագրողին` Թուրքիոյ Ընտրութիւններուն Յաղթեցին Ծպտեալ Հայերը

June 23, 2015
| Գիտութիւն
0
Share on FacebookShare on Twitter
Էյքին
Էյքին

Թուրք լրագրող Մեհմետ Շեւքեթ Էյքին Թուրքիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններուն վերաբերեալ բաւական հետաքրքրական վերլուծումներ եւ մեկնաբանութիւններ կատարած է «Միլլի Կազէթէ» կայքէջի յունիս 11-ի թիւին մէջ: Ան կը կարծէ, որ ընտրութիւններուն յաղթած են ծպտեալ հայերը (իսլամացած հայեր, թաքուն հայեր):

«Յաղթեցին ծպտեալ հայերը» խորագրով յօդուածին մէջ Էյքին կը պնդէ, որ քրտամէտ ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը (ԺՀԿ-HDP)

իրականութեան մէջ քրտական չէ: «Արտաքնապէս քրտական երեւցող այդ կուսակցութիւնը իրականութեան մէջ ինքնութեամբ ծպտեալ կուսակցութիւն է»:

Այնուհետեւ անդրադառնալով հայ թեկնածուներու խորհրդարանի անդամ ընտրուելու փաստին` ան կը գրէ. «Խորհրդարանին մէջ յայտնուած են Թուրքիոյ քաղաքացի երեք հայեր: «Ծպտեալ հայերու թիւը խորհրդարանին մէջ ստոյգ չեմ գիտէր, բայց կը կարծեմ` 40-էն պակաս չէ»:

Ան կը շարունակէ յօդուածը` գրելով. «Ծպտեալ հայերը կ՛օգտագործեն իսլամ քիւրտերը: Այդ պատճառով մեծագոյն վնաս կրողը պիտի ըլլան սիւննի իսլամ քիւրտերը»:

Հիմա անոնք կ՛ըսեն, որ` «Մենք Թուրքիոյ կուսակցութիւնը դարձանք»: Եթէ ինծի հարցուի, պիտի շնորհաւորեմ զանոնք, բայց պիտի շնորհաւորեմ, եթէ անկեղծ են: Ես անձնապէս պիտի յօժարիմ նոյնիսկ, որ անոնք քրտական կուսակցութիւն մը ըլլան: Կը բաւէ, որ հայկական կուսակցութիւն մը չըլլան»:

Այս ժխտական մերձեցումով է, որ յօդուածագիրը երկար վերլուծումներ կ՛ընէ, կ՛ըսէ, որ պէտք էր որ կրօնամէտ մահմետական քիւրտերու կուսակցութիւն մը հիմնուած ըլլար ու այդ կուսակցութիւնը շահած ըլլար այս ընտրութիւնը:

Նախորդը

Ի՞նչ Ակնկալութիւններ Ունի Հայ Համայնքը Թուրքիոյ Նոր Խորհրդարանէն . Հարցազրոյց «Ակօս»-ի Խմբագիր Եդուարդ Տանձիկեանի Հետ

Յաջորդը

Ահաբեկչական Մարտահրաւէրներ «Թուրքական Հոսքի» Ճանապարհին

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

Հրթիռապատում Բ. Պաղ Պատերազմէն Մինչեւ Արեւի Խուզարկու

December 9, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

Հրթիռապատում Ա. Աղեքսանդրիոյ Հերոնէն Մինչեւ Սփութնիք

December 8, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

March 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.