Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նոր Մարտահրաւէրներ

June 22, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ

6-22-15_Ladoyan

Յունիս 26-ը թմրամոլութեան դէմ միջազգային արշաւի օրն է: Ձեւով մը` թմրամոլութեան զգուշացման եւ զգաստութեան օր է: Ամերիկաներու եւ Եւրոպայի մէջ նախազգուշական նոր ձեւեր որդեգրելով` կը փորձեն կանուխ տարիքէն դաստիարակչական կազմակերպուած եւ մնայուն ծրագիրներ պատրաստել, կազդուրման կամ բուժման կեդրոններու իրենց մեծագումար նպաստները կը նուազեցնեն եւ աւելի մեծ յատկացում կը կատարեն նախազգուշական արշաւներու:

Միջին Արեւելքի մէջ ընդհանրապէս թմրամոլութեան թղթածրարին առնչութեամբ պետական մակարդակով ոչ մէկ ծրագիր կայ: Ո՛չ Թուրքիոյ, ո՛չ Եգիպտոսի, ո՛չ Յորդանանի, ո՛չ Սուրիոյ, ո՛չ ալ Լիբանանի մէջ կը լսենք թմրամոլութեան դէմ արշաւի պետական ծրագիրներու մասին:

Ականատես ենք խիստ միջոցառումներու, սակայն նաեւ տեղեակ ենք, որ վերոնշեալ բոլոր երկիրներուն մէջ այս իմաստով պետական մակարդակով թափանցումներ կան: Նոյնիսկ բանտերու մէջ թմրեցուցիչի վաճառականները բանտապահներն են: Այս կը նշանակէ, որ որոշ չափով անզօր ենք այս պայքարին մէջ:

Այս պայմաններուն մէջ թմրամոլութեան դէմ արշաւ տանող բոլոր կազմակերպութիւնները ձեւով մը անհաւասար պայքարի մէջ են:

Լիբանանի մէջ կան երեք կազդուրման կեդրոններ, որոնք կրնան ընդունիլ առաւելագոյնը 200 պարագաներ: Թմրամոլներու թիւին դիմաց կազդուրման կեդրոններուն թիւը շատ քիչ է: Աւելի՛ն. մասնագիտական իմաստով կեդրոններու գործունէութեան արդիւնքներն ալ այդքան փայլուն չեն:

Միջավայրի եւ ընկերութեան լուրջ հարց գոյութիւն ունի: Միայն մէկ կամ մէկուկէս տարուան կազդուրման կեդրոններու ծրագիրները բաւարար չեն:

Նախազգուշական արշաւը ամէնէն ազդեցիկ միջոցներէն մէկն է: Կազմակերպուած, հետեւողական եւ մասնագիտական արշաւը իր դրական ազդեցութիւնը ունի սերունդներու դաստիարակութեան իմաստով:

Պէտք չէ միայն դպրոցներուն մէջ ծրագիր ունենանք: Բարեսիրական, մարզական, մշակութային միութիւնները եւ քաղաքապետութիւնները միշտ ալ պէտք է իրենց տարեկան նախաձեռնութիւններուն մէջ ունենան թմրամոլութեան դէմ նախազգուշական արշաւի ծրագիրներ: Փաստօրէն մեր առօրեային մէջ շատ հազուադէպօրէն կը հանդիպինք նախազգուշական կարգախօսներու, զգաստացման մղող միջոցառումներու եւ մանաւանդ երիտասարդներուն վերաբերող նախաձեռնութիւններու:

Լիբանանի մէջ թմրամոլներու թիւին վերաբերեալ վիճակագրական յստակ տուեալներ չկան: Նոյնիսկ լրատուական միջոցները այս նիւթը քաղաքականացած ձեւով կը ներկայացնեն: Այս կամ այլ համայնք մը, շրջան մը, կազմակերպութիւն մը թիրախ կը ճշդեն եւ այդ հիման վրայ յայտագիր կը պատրաստեն: Այսօր փաստօրէն բարձրաձայն եւ ճակատաբաց կրնանք ըսել, որ մեր հայկական վարժարանները նման երեւոյթներէ զերծ են: Նոյնը չէ իրավիճակը պետական կամ «յայտնի» միւս վարժարաններուն: Այս մէկը կը պարտինք մեր դպրոցներու ղեկավարութեան եւ ծնողներուն, որոնք միասնաբար կը դիմագրաւեն թմրամոլութեան մեծ ալիքը:

Իրողութիւն է, որ պարբերաբար թմրեցուցիչ գործածողներուն թիւը շատ է: Այս խումբին մաս կազմողները թմրամոլ չեն, սակայն շատ դիւրին ձեւով կրնան թմրամոլ դառնալ: Այս իմաստով, պէտք չէ շատ ապահով զգալ, որ նմաններ պարբերաբար կը գործածեն, ուստի կրնան իրենց կամքին տէրը ըլլալ: Ընդհակառա՛կը, այս զանգուածին համար տարիքը, զգացական, ընտանեկան եւ նիւթական դժուարութիւններու դիմաց միակ փրկութիւնը թմրեցուցիչը կ՛ըլլայ: Այս իմաստով, պարբերաբար գործածողները վտանգուած են այնքան, որքան թմրամոլները:

Վերջապէս, այս պայմաններուն մէջ հայկական կազդուրման կեդրոնի մը անհրաժեշտութիւնը տարուէ տարի աւելի կը զգացուի: Այսօր մեր տղաքը, որոնք կը գտնուին զանազան կազդուրման կեդրոններու մէջ, իրենց բուժման ժամանակամիջոցը աւարտելու դժուարութիւն ունին միջավայրի, կենցաղի եւ լեզուի պատճառով:

Թմրամոլութեան միջազգային օրուան առիթով այս մէկն ալ պէտք է ըլլայ անհրաժեշտ հրամայականներէն մէկը:

 

Նախորդը

Թարգմանաբար Լոյս Ընծայուած Գառնիկ Բանեանի Յուշերէն` «Goodbye Antoura»-ի Առթիւ

Յաջորդը

Միասնական Հարիւրամեակ Եւ «Ազդակ Ալ Արապի»

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.