Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախի Մէջ. Նախագահ Սահակեան Ներկայացուց Նոր Նշանակուած Պաշտպանութեան Նախարարը

June 18, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-17-15_LevonMnatsakanyanMovsesHakobyanInfo

Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի 15 յունիսի հրամանագիրով զօրավար Մովսէս Յակոբեան ազատ կացուցուած է Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարար, պաշտպանութեան բանակի հրամանատարի պաշտօնէն, երէկ յայտնեց Արցախի նախագահի պաշտօնական կայքը:

Ըստ հաղորդագրութեան, նոյն օրը նախագահ Բակօ Սահակեան ստորագրած է հրամանագիր զօրավար  Լեւոն Մնացականեանը Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարար, պաշտպանութեան բանակի հրամանատար նշանակելու մասին:

Ղարաբաղի նախագահի այլ հրամանագիրով մը  Մովսէս Յակոբեան պարգեւատրուած է «Գրիգոր Լուսաւորիչ» շքանշանով` «Արցախին մատուցած բացառիկ ծառայութիւններուն համար»:

Բակօ Սահակեան երէկ այցելեց Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութիւն եւ բանակի հրամանատարական կազմին ներկայացուց նոր նշանակուած նախարար Լեւոն Մնացականեանը:

Սահակեան երախտագիտութիւն յայտնեց  պաշտպանութեան նախկին նախարար Մովսէս Յակոբեանին իրականացուցած ծաւալուն աշխատանքին համար` ընդգծելով, որ անոր  հրամանատարութեան տարիներուն պաշտպանութեան բանակի մարտունակութիւնը հասած է նոր մակարդակի, բազմաթիւ խնդիրներ լուծուած են:

Լեռնային Ղարաբաղի նախագահը վստահութեամբ նշեց, որ Մովսէս Յակոբեան պիտի շարունակէ իր հարուստ փորձառութիւնն ու գիտելիքները ներդնել Հայաստանի զինեալ ուժերու ընդհանուր հրամանատարի տեղակալի նոր պատասխանատու պաշտօնին մէջ:

Խօսելով նոր նշանակուած նախարարին մասին` Սահակեան հաստատեց, որ Մնացականեան հարուստ փորձառութիւն, բանակին մէջ մեծ հեղինակութիւն եւ յարգանք վայելող, խոր գիտելիքներ ունեցող զօրավարներէն է, որ իր ստանձնած բոլոր պաշտօններուն մէջ լաւագոյնս դրսեւորած է ինքզինք:

Նախագահ Բակօ Սահակեան համոզում յայտնեց, որ Լեւոն Մնացականեան նոյն եռանդով կ՛աշխատի նաեւ իբրեւ Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարար եւ պաշտպանութեան բանակի հրամանատար` իր բոլոր կարողութիւնները ուղղելով բանակի հզօրացման եւ անոր մարտունակութեան շարունակական բարձրացման:

Հայաստանի Եւ Ղարաբաղի Պաշտպանութեան
Նախարարները Այցելեցին Սահմանագիծ

Աշխատանքային այցելութեամբ Արցախ գտնուող Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան, Լեռնային Ղարաբաղի իր նոր նշանակուած պաշտօնակիցին, զօրավար Լեւոն Մնացականեանի հետ այցելեց բանակային առաջին գիծի արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած մարտական դիրքեր:

Օհանեան ծանօթացաւ մարտական հերթապահութեան ընթացքին, մարտական դիրքերու պաշտպանական ներուժի մեծացման ուղղութեամբ վերջին շրջանին իրականացուած աշխատանքներուն, զրուցեց մարտական հերթապահութիւն կատարող անձնակազմին հետ:

Առաջին գիծ այցելութեան ընթացքին Օհանեան եւ Մնացականեան մարտական հերթապահութեան հետագայ կատարելագործման վերաբերեալ տուին ցուցմունքներ եւ յանձնարարականներ:

 

 

 

Նախորդը

Լորտերու Տունը Քննարկած Է Հայոց Ցեղասպանութեան Հարցը

Յաջորդը

Ելեկտրականութեան Սակի Բարձրացման Դէմ Կատարուած Ցոյցին Ընթացքին. Բախում` Ոստիկաններու Եւ Դաշնակցական Երիտասարդներուն Միջեւ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Նախապայմաններ Եւ Փոխկապակցումներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Նախապայմաններ Եւ Փոխկապակցումներ

September 25, 2026
Հայաստանի Մէջ Պիտի Գումարուի  ՀՅԴ Հայ Դատի Համահայկական Խորհրդաժողովը
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Մէջ Պիտի Գումարուի ՀՅԴ Հայ Դատի Համահայկական Խորհրդաժողովը

September 25, 2026
Հայրենիքի Կանչը, Լիբանանահայ Երիտասարդին Եւ Դաշնակցականին Դերը Այսօր
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Կը Հրապարակէ «Եկեղեցւոյ Բարեկարգման Մասին Զեկուցումը. Ս. Էջմիածին Կը Հակադարձէ

September 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.