Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Գայթակղութիւն Պաքուի Մէջ` . Փութին-Էրտողան Հանդիպումէն Առաջ» Կը Գրէ «Քոմերսանթ»

June 16, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Փութին եւ Էրտողան
Փութին եւ Էրտողան

Kommersant.ru կայքը կը գրէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի միջեւ վերջերս Պաքուի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումը քիչ մնաց գայթակղութեան վերածուէր: Ռուսիոյ նախագահը հանդիպումին համար պէտք էր գար «Ֆոր Սիզընս» պանդոկ, ուր կը գտնուէր Էրտողան:

Թուրքիոյ նախագահը` արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի եւ պատուիրակութեան քանի մը անդամներու ուղեկցութեամբ հասած է սրահ, սակայն այդտեղ չէ եղած ոչ միայն Փութինը, այլ նաեւ ռուսական պատուիրակութենէն մէկը: Էրտողան չորս կողմ նայած է` փնտռելով իր պաշտօնակիցը եւ դէմքը մռայլուած է:

«Պարզ իրադարձութիւն չէր, ատիկա արարողակարգի տապալում էր` հաւանաբար թրքական. անոնք ղեկավարին բանակցային սենեակ կանչած էին այն պարագային, երբ Ռուսիոյ նախագահը նոյնիսկ իր պանդոկէն դուրս չէր եկած», գրած է ռուսական լրատուամիջոցը: Էրտողան չորս կողմ նայած է, իսկ Փութին ոչ միայն կ՛ուշանար, այլ նոյնիսկ չէր պատրաստուեր գալու: Ճիշդ այդ պահուն ներխուժած են փրկիչները` արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովն ու «Կազփրոմ»-ի ղեկավար Ալեքսէյ Միլըրը: Անոնց հետեւած է «Ռոսաթոմ»-ի ղեկավար Սերկէյ Քիրիենքոն եւ ուժանիւթի նախարար Ալեքսանտր Նովաքը: Լաւրով անմիջապէս մօտեցած է Էրտողանին: Ան բարեւած է, սակայն նոյնիսկ առ ի քաղաքավարութիւն չէ ժպտացած: Լաւրով խօսած է անոր եւ Չաւուշօղլուի հետ:

Որոշ պահու Էրտողանի ջիղերը տեղի տուած են եւ ան արագ դուրս եկած է սենեակէն, ապա անսպասելի կերպով յայտնուած է այլ դռնէ մը, եւ քանի մը վայրկեան ետք մուտք գործած է Փութին:

Էրտողան դիմաւորած է զինք, սեղմած ձեռքը եւ լռած: Ան այդպէս ալ նստած է բազկաթոռին` ոչինչ ըսելով: Սակայն Ռուսիոյ նախագահն ալ չէ աճապարած խօսելու: Անոնք այդպէս լուռ նստած են լրագրողներու ներկայութեամբ եւ քանի մը վայրկեան չեն խօսած:

Gazeta.ru կը գրէ, որ Փութինի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով անդրադարձած է լրատուամիջոցներուն կողմէ իբրեւ գայթակղութիւն ներկայացուած հանդիպումին եւ նշած, որ ատիկա պայմանաւորուած եղած է բանակցութիւններ կատարելու աւանդութեանց տարբերութեամբ:

«Ոչ մէկ լարուածութիւն եղած է: Նախ, չէ եղած լռութիւն: Ատիկա եղած է այն պատճառով, որ Էրտողան լրագրողներու ներկայութեամբ երբեք չի խօսիր, գրեթէ բոլոր հանդիպումներուն ընթացքին: Ատիկա անոնց մօտ գործելաոճ է: Մեր մօտ պարզապէս տարբեր աւանդութիւններ կան», ըսած է Փեսքով:

Ան անգամ մը եւս ընդգծած է, որ այդ դադարը որեւէ ձեւով կապ չէ ունեցած յարաբերութիւններու լարուածութեան հետ:

 

Նախորդը

Ֆաթիմայի Տիրամայրը` Զմմառու Մայրավանքին Մէջ

Յաջորդը

Ամերիկեան Վարչակազմը Կ՛ուղղուի Դէպի Վենեզուելայի Հետ Յարաբերութիւններու Բնականոնացում

RelatedPosts

Ըստ «Ռոյթըրզ» Լրատու Գործակալութեան.  Իրանի Մէջ Բողոքի Ցոյցերու  Ժամանակ Զոհուած Է Մօտ 2000 Մարդ
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Ռոյթըրզ» Լրատու Գործակալութեան. Իրանի Մէջ Բողոքի Ցոյցերու Ժամանակ Զոհուած Է Մօտ 2000 Մարդ

January 14, 2026
Լեյեն. «Պրիւքսել Նոր Պատժամիջոցներ  Պիտի Առաջարկէ Իրանի Նկատմամբ»
Գլխաւոր լուրեր

Լեյեն. «Պրիւքսել Նոր Պատժամիջոցներ Պիտի Առաջարկէ Իրանի Նկատմամբ»

January 14, 2026
Կրինլանտի Վարչապետին Համաձայն.  Իր Ժողովուրդը Չ՛ուզեր  Միացեալ Նահանգներու Մաս Դառնալ
Միջազգային

Կրինլանտի Վարչապետին Համաձայն. Իր Ժողովուրդը Չ՛ուզեր Միացեալ Նահանգներու Մաս Դառնալ

January 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.