
Նախանցեալ օր Գերմանիայէն Պէյրութ վերադարձաւ Սեն Ժոզեֆ համալսարանի խումբը` իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք Միջհամալսարանական 10-րդ մրցաշարքին, որ ընդգրկեց տղոց եւ աղջկանց խառն վոլիպոլ, տղոց պիչ-վոլիպոլ եւ մինի ֆութպոլ:
Տղոց եւ աղջկանց խառն վոլիպոլի մրցումներուն մասնակցեցան 12 խումբեր Գերմանիայէն, Հոլանտայէն, Զուիցերիայէն, Նորվեկիայէն, Փաքիստանէն, Ֆրանսայէն եւ Լիբանանէն:
Կիսաւարտականին Լիբանան 2-1 արդիւնքով յաղթեց Ֆրանսայի, իսկ աւարտականին նոյն արդիւնքով Զուիցերիոյ եւ հանդիսացաւ ախոյեան:
Պիչ-վոլիպոլի մրցումներուն եւս յաջորդական ութ յաղթանակներ արձանագրելով Սեն Ժոզեֆ հանդիսացաւ ախոյեան:
Իսկ ինչ կը վերաբերի մինի ֆութպոլի մրցաշարքին, Սեն Ժոզեֆ հասաւ կիսաւարտականին, ուր պարտութիւն կրեց: 3-րդ դիրքի մրցումին, Լիբանանեան համալսարանը յաղթելով պրազիլական խումբին, տիրացաւ պրոնզ մետալին:


