Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պելճիքայի Խորհրդարանի Ստորին Պալատը Մտադիր Է Ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

June 10, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Տենի Տիւքարմ
Տենի Տիւքարմ

Պելճիքայի խորհրդարանի Ստորին պալատի մեծամասնութիւնը մտադիր է ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Այս մասին «Ար. Թի. Պի. Էֆ.» եւ «Ար. Թի.» պատկերասփիւռի կայաններուն տուած հարցազրոյցին ընթացքին յայտարարած է Պելճիքայի խորհրդարանի Ներկայացուցիչներու տան Բարեփոխական շարժում խմբակցութեան առաջնորդ Տենի Տիւքարմ:

Ըստ «Արմէնփրես»-ի, յառաջիկային խմբակցութեան առաջնորդը համապատասխան բանաձեւի նախագիծ պիտի ներկայացնէ Ստորին պալատին` առ ի քննարկում: Նշենք, որ Բարեփոխական շարժումը միակ քաղաքական ուժը չէ, որ կը պահանջէ անյապաղ ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Համախոհութեան անդամ այլ կուսակցութիւն մը` Ֆլամանտ նոր դաշինքը, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ արդէն բանաձեւի նախագիծ ներկայացուցած է, սակայն Տիւքարմ շեշտած է, որ նախագիծը տակաւին լուրջ մշակման կարիք ունի, որովհետեւ բովանդակութեան մէջ կը բացակայի Ստորին պալատին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման մասին դրոյթը, ինչ որ, ըստ պարբերականին, Տիւքարմ նկատած է կարեւորագոյն կէտը:

«Ար. Էլ. Էն.» պարբերականը հաստատած է, որ բոլոր կուսակցութիւններն ալ կ՛ուզեն ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը, եւ թրքական ծագում ունեցող կարգ մը խորհրդարանականներու վերաբերումը վէճի պատճառ կը դառնայ: Պարբերականը կը յիշեցնէ Ժողովրդավարական մարդասիրական կեդրոն կուսակցութեան օրինակը, երբ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը մերժող խորհրդարանական Մահինուր Էօզտեմիրը հեռացուած էր կուսակցութեան շարքերէն:

Նշենք, որ Պելճիքայի Ծերակոյտը 1998-ին ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ կոչ ուղղած Թուրքիոյ` ընդունելու իր անցեալը:

 

Նախորդը

Պատասխանելով Լեւոն Զուրաբեանին`. «Երբ ՀՅԴ-ն Այս Բոլոր Գաղափարները Կրողն Էր, Ձեր Քաղաքական Ուժը Չէր Ծնած Իսկ» Ըսաւ Արծուիկ Մինասեան

Յաջորդը

Այալա. «Մտադիր Ենք Շարունակել Լեռնային Ղարաբաղի Խնդիրին Շուրջ Երկխօսութիւնը Այս Հարթակին Մէջ»

RelatedPosts

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները
Հայկական

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները

October 27, 2026
Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը  Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին  Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու

October 27, 2026
Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի,  Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր,  Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի, Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր, Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.