Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պատասխանելով Լեւոն Զուրաբեանին`. «Երբ ՀՅԴ-ն Այս Բոլոր Գաղափարները Կրողն Էր, Ձեր Քաղաքական Ուժը Չէր Ծնած Իսկ» Ըսաւ Արծուիկ Մինասեան

June 10, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-09-15_Arcvik-MinasyanԱզգային ժողովին մէջ երէկ քննարկուեցաւ  «Հանրաքուէի մասին» օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու հարցը:

Հիմնական զեկուցող` ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան իր եզրափակիչ խօսքին մէջ կարծիք յայտնեց, որ օրէնքի փոփոխութեան ընդդիմախօսները հաւանաբար չեն կարդացած օրէնսգիրքը, որովհետեւ կ՛ընեն չհիմնաւորուած յայտարարութիւններ: Մինասեան նաեւ թելադրեց Օրինաց երկիր կուսակցութեան` օրէնքը կարդալ, այլ ոչ թէ իրաւական տգիտութիւն արտայայտել:

Արծուիկ Մինասեան նաեւ շեշտեց, որ միակ քաղաքական ուժը, որ գրաւոր առաջարկներ ներկայացուցած է` Հայ ազգային քոնկրեսն է:

Օրինաց երկիր կուսակցութեան խմբակցութեան ղեկավար Հեղինէ Բիշարեան տեղէն արձագանգեց, թէ Արծուիկ Մինասեան չի հասկնար:

«Չհասկցողը դուք էք, տիկի՛ն Բիշարեան», պատասխանեց Արծուիկ Մինասեան, եւ աւելցուց, որ ոչ թէ քաղաքական շահերէ, այլ երկրին մասին մտահոգուելով նախաձեռնած են օրէնքի փոփոխութեան:

«Հիմա անդրադառնամ Լեւոն Զուրաբեանի աշխարհացունց յայտարարութիւններուն: Կը ցաւիմ, որ Լեւոն Զուրաբեան այդպէս ալ չարժեւորեց քաղաքական ուժերու հետ աշխատանքի եւ փոխադարձ յարգանքի կարելիութիւնը: Փոխանակ գոհունակութիւն յայտնէին, որ քայլ մը առնուած է դէպի յառաջընթաց, փորձ կը կատարուի նեղ, ճղճիմ յայտարարութիւններու միջոցով հերթական քաղաքական շահ ապահովել: Այն ժամանակ, երբ ՀՅԴ-ն այս բոլոր գաղափարները կրողն էր, ձեր քաղաքական ուժը նոյնիսկ ծնած ալ չէր: Աւելի՛ն` զեղծարարութեան մէջ մասնագիտացած ըլլալով, դուք այսօր կը մեղադրէք քաղաքական ուժ մը, որ ամենաթեթեւ ձեւով նոյնիսկ ատոր  կարելիութիւնն ու կասկածը չէ տուած: Դուք ի՞նչ բարոյականութեամբ հոս նման յայտարարութիւն կ՛ընէք», ըսաւ Արծուիկ Մինասեան:

Լեւոն Զուրաբեան տեղէն միջամտեց, թէ Արծուիկ Մինասեան կը ստէ:

«Ստախօսը դուն ես, եկած ես` այստեղէն ինչ անիմաստ յայտարարութիւններ ըսես կ՛ընես: Կարելի չէ այդ աստիճանի իրաւական տգիտութիւն հնչեցնել այս ամպիոնէն: Ազգային ժողովի  ամպիոնը քաղաքական համաձայնեցման կարելիութիւն կու տայ, ուրեմն կրնանք քննարկել իրարու հետ, ոչ թէ առաջարկները կը ներկայացնէք եւ կը թռիք` Իրքութսք է, Եաքութսք է, ինչ գիտնամ ուր, յետոյ կու գաք վերջին օրը կը յայտարարէք, այն պարագային, երբ անընդհատ աշխատած ենք ձեր քաղաքական ուժին հետ», պատասխանեց Արծուիկ Մինասեան:

 

 

Նախորդը

ՄԱԿ-Ի Պարէնի Եւ Գիւղատնտեսութեան Կազմակերպութեան Ընդհանուր Տնօրէնը Խոստացաւ Այս Տարի Հայաստան Այցելել

Յաջորդը

Պելճիքայի Խորհրդարանի Ստորին Պալատը Մտադիր Է Ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

RelatedPosts

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները
Հայկական

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները

October 27, 2026
Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը  Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին  Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու

October 27, 2026
Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի,  Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր,  Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի, Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր, Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.