Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մայիսեան Ուխտի Օր

June 8, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-31-15_9-Ուխտի-օրԿիրակի, 31 մայիս 2015-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Զմմառեան միաբանութեան մայրավանքէն Հայ Կաթողիկէ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքը, միաբանութեան վանքի մեծաւոր եւ Պէյրութի թեմի պատրիարքական փոխանորդ Գաբրիէլ ծ. վրդ. Մուրատեանը, միաբանութեան վարչական հայրերը եւ հայ կաթողիկէ կղերականներ աղօթքներու թափօրով ուղղուեցան վանքի շրջափակին մէջ զետեղուած խորան, ուր ուխտաւոր ժողովուրդի հոծ բազմութիւն մը վարդարանի աղօթքի մրմունջով դիմաւորեց հոգեւորականութիւնը:

bz-(406)-(1)Առաւօտեան ժամը 10:30-ին Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքը մատուցեց Ս. պատարագ` առընթերակայութեամբ Զմմառեան միաբանութեան «Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան» դպրեվանքի եւ «Ս. Միքայէլ» ընծայարանի տեսուչ Բարսեղ վրդ. Պաղտասարեանի եւ փոխտեսուչ Մաշտոց վրդ. Զահթերեանի:

Արարողութեան երգեցողութիւնը կատարեց «Արծիւեան» երգչախումբը` ղեկավարութեամբ  Մանուէլ Քէշիշեանի:

Հոգեւոր տէրը իր քարոզին մէջ վեր առաւ Տիրամօր շնորհներն ու յատկութիւնները, ապա ներկաները յորդորեց` որպէս տիպար առնեն Տիրամայրը իրենց կեանքի ողջ տեւողութեան եւ ի հարկին ապաւինին անոր, վստահելով, որ ան իր մայրական գութով պիտի անսայ իւրաքանչիւրին խնդրանքին:

Հոգեւոր տէրը իր խօսքը եզրափակեց յիշեցումով մը, թէ ինչպէ՛ս եւ ինչո՛ւ Վատիկանի սրբազան քահանայապետ Ֆրանչիսկոս պապը, ի տես աշխարհին եւ ի ներկայութեամբ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին եւ հայոց զոյգ վեհափառներուն, 12 ապրիլ 2015-ին Վատիկանի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն նահատակներու յիշատակին մատուցած պատարագին ընթացքին հայոց մեծանուն սուրբերէն Գրիգոր Նարեկացիին Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ  հռչակեց, որ մեծ իրադարձութիւն էր հայերուս համար:

Մայիսեան հոգեպարար արարողութեան աւարտին, ՀԿՄ-ի շեփորախումբին հնչեցուցած հայրենասիրական երգերու ուղեկցութեամբ, շքախումբը ընթացաւ միաբանութեան ընծայարանին դահլիճը, ուր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքը, Զմմառու վանքի մեծաւորը եւ  վարչական հայրերը ընդունեցին ուխտաւորներուն շնորհաւորանքները:

Յետմիջօրէի ժամը 3:00-ին վարդարանի ջերմեռանդութեամբ վերջ գտաւ Զմմառու ուխտի օրը:

Նախորդը

Համապատկեր Արեւմտահայ Գրականութեան (Ա. Հատոր)

Յաջորդը

Միասնաբար` Թմրամոլութենէ Հեռու Ընկերութեան Մը Համար

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

May 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.