Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փոխան Ափ Մը Հողի

June 6, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱԹԻԿ  ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ

Հալէպահայ ցիրուցան բեկորներէն պէյրութաբնակներ եւ ընտանեկան պարագաներ այսօր հողին կը յանձնեն սուրիահայ գաղութի վերջին վաթսունամեակի նուիրեալ դէմքերէն Վահէ Թիւթիւնճեանը:

Տեղական ընկալեալ սովորութեան համաձայն,  «Ապու Նուպար» կը կոչէինք զինք, կրկնակի երջանկութիւն պատճառելով իրեն` հօրը եւ որդւոյն անունը կապելով իր անձին:

Մանուկ հասակէն ՀՄԸՄ-ի շարքերուն մէջ կերտուած էր իր ազնիւ եւ շրջահայեաց նկարագիրը, ու հասած գայլիկապետի աքելլայի պաշտօնին` մաս կազմելով նաեւ տեղական վարչութեան:

Որպէս այնթապցի ընտանիքի զաւակ` ազգային կեանքին մէջ մուտք գործած էր, այդ օրերուն տակաւին հայրենակցական գոյնը պահած Հալէպի մէջ դաշնակցական այնթապցիներու հիմնած` «Զաւարեան» նախակրթարանի որպէս հոգաբարձու:

Վահէ Թիւթիւնճեան Բերիոյ Թեմի վերջին երեսնամեակի ազգային կեանքին մէջ մնայուն ներկայութիւն էր` Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Թաղական խորհուրդի անդամ, Ազգային Գաւառական ժողովի երեսփոխան, Ազգային վարչութեան Քաղաքական ժողովի անդամ: Երկու շրջան բախտը ունեցայ վերջինին մէջ ժողովական ըլլալու: Հոն աւելի մօտէն ճանչցած եմ Վահէն իր զուարթախօս եւ հանդարտաբարոյ ներկայութեամբ ու անշահախնդիր կեցուածքներով, ան ապրած էր գաղութի տաք ու պաղ օրերը, երկար տարիներու իր ծառայութեան եւ սուր յիշողութեան շնորհիւ ճանչցած էր ազգային եւ միութենական կեանքի բոլոր դերակատարները` տեսակ մը բաց արխիւ հանդիսանալով ժողովականներուն: Ականջիս մէջ սա պահուն կը հնչէ իր յաճախ կրկնած նախադասութիւնը. «Շատ բան գիտնալը լաւ բան չէ»:

Որպէս առեւտրական, ապա որպէս գործարանատէր փայլուն դիրքի հասնելով եւ շնորհիւ իր առատաձեռն եւ հիւրընկալ նկարագիրին, մօտ էր պետական աւագանիին, ու իր բարեկամութիւնները ի սպաս կը դնէր ազգային կեանքի  կարիքներուն: Իր բարերարութիւններն ալ չէր սահմանափակեր իր ծառայած շրջանակին` հասնելով սուրիահայ գաղութի այլազան գունաւորումներուն անխտիր:

Վահէ Թիւթիւնճեան արժանացած էր «Կիլիկեան ասպետ» շքանշանին` ձեռամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին:

Սիրելի՛ Վահէ, Սուրիոյ տագնապի աղէտահար եւ պանդուխտի ճակատագիրը զրկեց զիս եւ շատ մը ուրիշներ թարմ հողակոյտիդ վրայ, ափ մը հող նետելու «հաճոյք»-էն: Հեռու մեր պաշտելի ու անկրկնելի Հալէպէն, այս հակիրճ եւ համառօտ մահախօսականը ընդունէ որպէս ափ մը հող` նետուած Լիմանի ափերէն  դէպի Միջերկրականի ափերը:

 

Նախորդը

Տեսակէտ. Մեր Ճակատագիրը Թրքական Ընտրութիւններուն Ձեռքն Է

Յաջորդը

Վատնուած Չե՞ն Այդ 33 Տարիները (Կորիւն Սրբազանի Քաղցր Յիշատակին)

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.