Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մայրերու Ամսուան Առթիւ», «Սէրը Փոխարժէք Չունի»

June 6, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հ. ՆԱՃԱՐԵԱՆ

Համացանցի վրայ այս օրերուս շրջագայութեան վրայ է շատ զգայուն, աղուոր ձայնով կնոջ մը երգը, որուն երեխան հաշուեյարդարի ելած է հետը: Բայց մօր պատասխանը աշխարհի բոլոր ազգերու մայրերու պատասխանն է. ստորեւ կու տամ թարգմանութինը այդ քանի մը տողերուն:

Այս գիշեր ընթրիքը պատրաստած միջոցիս ձագուկս խոհանոց մտաւ, ինծի կտոր մը թուղթ երկարեց, որուն վրայ գրած էր. ձեռքերս գոգնոցով չորցնելէ ետք կարդացի հետեւեալը`

– Մարգագետինը յարդելուս համար 5 տոլար

– Այս շաբաթ անկողինս շտկած ըլլալուս համար 1 տոլար

– Խանութպանին գացած ըլլալուս համար 1/2 տոլար

– Երբ դուն շուկան էիր պզտիկ եղբօրս հետ խաղցած ըլլալուս համար 0.25 տոլար

– Աղբը դուրս թափելուս համար 1 տոլար

– Լաւ վիճակացոյց մը բերած ըլլալուս համար 5 տոլար

– Պարտէզը չորցած տերեւները հաւաքելուս համար 7 տոլար

Ընդհանուր գումար 14,75 տոլար

***

Զինք դիտեցի, սպասողական վիճակի մէջ, եւ հազարաւոր յիշատակներ թարմացան մտքիս մէջ եւ մատիտը վերցնելով` իր թուղթին ետեւը հետեւեալը գրեցի:

– Ինը ամիսներ քեզ կրելուս համար, որ մէջս` մեծնաս` ոչի՛նչ:

– Անքուն գիշերներուս համար, քիչ բժշկելով եւ աղօթելով` ոչի՛նչ:

– Ժամանակին եւ արցունքներուն, որ քեզի համար թափեցի տարիներու ընթացքին` ոչի՛նչ:

Երբ այս բոլորը գումարես, սիրոյս ընդհանուր ծախսը կ՛ըլլայ` ոչի՛նչ:

– Այն մտահոգ գիշերներուն համար, որ պիտի գան` ոչի՛նչ:

– Խրատներուս եւ գիտութեան համար եւ դպրոցի ու համալսարանի ծախսերուն համար` ոչի՛նչ:

– Խաղալիքներուդ, ուտելիքիդ եւ հագուստներուդ համար` ոչի՛նչ:

– Եւ… քթիկդ սրբելուս համար… ոչի՛նչ, զաւա՛կս:

Երբ այս բոլորը գումարես, ընդհանուր ծախսը այս սէրս է`

Ոչի՛նչ.

***

Երբ զաւակս լրացուց կարդալը, մեծ արցունքի կաթիլներով աչքերուն մէջ ինծի նայեցաւ եւ ըսաւ.

– Մա՛մ, քեզ իրաւ շա՛տ կը սիրեմ:

Կրկին մատիտը վերցնելով մեծ-մեծ գիրերով գրեց.

– Լրիւ վճարուած:

 

Առանց մեկնաբանութեան:

 

Նախորդը

Անկարելի Տարեդարձ

Յաջորդը

Դուք Էք Քրիստոսի Մայրը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.