Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրան Հաւանական Կը Նկատէ «Թրքական Հոսք»-ին Միջոցով Իր Կազի Արտածումը Եւրոպա

June 4, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-03-15_Turkish-streamԻրանի ազգային կազի ընկերութեան միջազգային կապերու գծով տնօրէն Ազիզոլահ Ռամազանի «ՌԻԱ Նովոսթի» գործակալութեան հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած է, որ Իրանը արեւմտեան պատժամիջոցներու ջնջումէն ետք կրնայ օգտագործել «Թրքական հոսք» կազատարը` իր կազը Եւրոպա արտածելու համար, եթէ այդ ճամբան Թեհրանի մէջ առաւել նպատակայարմար նկատեն:

Ըստ անոր, «կրնան ըլլալ գործունէութեան ընդհանուր մարզեր, օրինակ` կազատարերու մարզին մէջ: Ինչպէս նաեւ կարելի է փոխանակել փորձառութիւնը եւ ճարտարագիտութիւնները, օրինակ` կազամատակարարման մարզին մէջ, կարելի է փոխանակել փոխանցման համակարգի, հսկողութեան մասին տեղեկութիւնը:

«Իսկ հետագային կարելի է` դէպի Եւրոպա երկարող իրանեան եւ ռուսական կազի խողովակաշարերը միանան եւ միասին կազ մատակարարեն Եւրոպա», ըսած է պաշտօնատարը` նշելով, որ իրանեան կազը որոշ հանգրուանի մը մէջ կրնայ մօտենալ «Թրքական հոսք»-ին:

Միեւնոյն ժամանակ նշուած է, որ այդ ուղղութեամբ տակաւին ոչ մէկ բանակցութիւն կատարուած է:

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի` Թուրքիա կատարած այցելութեան ընթացքին երկու երկիրները համաձայնութիւն գոյացուցած են Սեւ ծովու յատակով կազի խողովակաշարի կառուցման մասին:

Միւս կողմէ, «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ գերմանական «Վինթերզհալ» ընկերութեան ղեկավար Մարիօ Մերեն յայտարարած է, որ Եւրոպայի մէջ չկան ուժանիւթի մարզի ընկերութիւններու համախմբումներ, որոնք պատրաստ են ներդրումներ կատարելու Թուրքիոյ հետ կազի խողովակաշարի հանգոյցի կառուցման համար:

«Ինչ կը վերաբերի Թուրքիոյ մէջ կազի խողովակաշարի հանգոյց ստեղծելուն, որպէսզի ետքը կազ մատակարարուի հարաւային եւ հարաւարեւելեան Եւրոպային, ես ատոր որոշ չափով թերահաւատօրէն կը վերաբերիմ, որովհետեւ ես Եւրոպայի մէջ չեմ տեսներ ուժանիւթի մարզի ընկերութիւններու որեւէ համախմբում, որ պատրաստ պիտի ըլլայ ներդրում կատարելու այդ նախագիծին մէջ», Փարիզի մէջ Կազի համաշխարհային խորհրդաժողովին ընթացքին ըսած է ան:

Մարիօ Մերեն նշած է, որ Մակեդոնիոյ եւ Յունաստանի տարածքէն անցնող կազի խողովակաշարի կառուցման հարցին մէջ լաւատեսութիւն չի ցուցաբերեր, որովհետեւ դժուար պիտի ըլլայ գտնել ընկերութիւններ, որոնք այդքան սեղմ ժամկէտներու մէջ ստանձնեն այսպիսի ծրագիրի իրականացումը:

 

 

Նախորդը

Ռուսական Կողմը Ներկայացուցած Է Մալեզիական «Պոյինկ»-ի Կործանման Իր Հիմնական Վարկածը

Յաջորդը

Էրտողան «Նիւ Եորք Թայմզ»-ը, «Պի.Պի.Սի.»-ն Եւ «Սի.Էն.Էն.»-ը Կ՛ամբաստանէ Թուրքիան Մասնատել Փորձելու Յանցանքով

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.