Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազրպէյճան Կը Կրկնէ` Պատրաստ Է Սկսելու Խաղաղութեան Մեծ Համաձայնագիրի Ուղղութեամբ Աշխատանքին» Կ՛ըսէ Մամետեարով

June 3, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Էլմար Մամետեարով
Էլմար Մամետեարով

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով ռուսական «Նեզաւիսիմայա կազեթա» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին խօսած է ռուս-ազրպէյճանական յարաբերութիւններուն, Ազրպէյճանի քաղաքականութեան, ինչպէս նաեւ այն մասին, թէ երկիրը ինչպէ՛ս կը պատրաստուի հիւրընկալելու պատմութեան մէջ առաջին Եւրոպական խաղերը: Ան նաեւ անդրադարձած է ղարաբաղեան տագնապի լուծման հարցին:

Ան ըսած է, որ Ազրպէյճան բազմիցս արտայայտած է իր պատրաստակամութիւնը` սկսելու խաղաղութեան մեծ համաձայնագիրի ուղղութեամբ աշխատանքին:

«Ինչպէս յայտարարած են ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները պետութիւններու ղեկավարներուն մակարդակով` գոյութիւն ունեցող սթաթիւս քոն անընդունելի է եւ անթոյլատրելի», ըսած է նախարարը` նշելով. «Ազրպէյճանի դիրքորոշման քաղաքական եւ իրաւական հիմքերը կը կազմեն միջազգային իրաւունքի արժէչափերն ու սկզբունքները, ՄԱԿ-ի կանոնադրութիւնը, ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի չորս բանաձեւերը եւ միջազգային այլ փաստաթուղթեր»:

«Անցեալ տարի բաւական աշխուժ եղած է` Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի նախագահներուն մակարդակով բանակցային հոլովոյթին հետ կապուած: Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրները` յանձինս այդ երկիրներու ղեկավարութեանց, աշխուժ կերպով մասնակցած են այդ հոլովոյթին: Անցեալ տարուան օգոստոսին նախագահ Փութին հանդիպում ունեցած է Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի նախագահներուն հետ Սոչիի մէջ, սեպտեմբերին արտաքին գործոց նախարար Քերրին հանդիպում ունեցած է Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի նախագահներուն հետ, իսկ հոկտեմբերի վերջաւորութեան Ֆրանսայի նախագահ Հոլլանտը նախագահները հանդիպումի հրաւիրած է Փարիզ, ուր անոնք կատարած են երկկողմանի եւ եռակողմանի քննարկումներ», ըսած է ան:

 

Նախորդը

Գալստեան. «Զգօն Ըլլալու, Ինքնապաշտպանուելու Կարիք Ունինք»

Յաջորդը

Մինասեան. «Եթէ Ձեր Ռազմավարութեան Հետեւանքով Սակը Պիտի Բարձրանայ, Ուրեմն Ռազմավարութիւն Պէտք Չէ»

RelatedPosts

Զախարովա. «Ռուսիան Պատրաստ Է «Թրամփի Ուղի»-ին  Միանալու Տարբերակները Ուսումնասիրելու»
Գլխաւոր լուրեր

Զախարովա. «Ռուսիան Պատրաստ Է «Թրամփի Ուղի»-ին Միանալու Տարբերակները Ուսումնասիրելու»

January 31, 2026
Հայաստանը Եւրոպական Միութեան Խաղաղութեան  Հիմնադրամէն Պիտի Ստանայ 10 Միլիոն  Եւրոն. Հունգարիան Վերցուցած Է Արգելքը
Հայկական

Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանին Աջակցութեան Նոր Միջոց Կը Տրամադրէ

January 31, 2026
Քոչարեան. «ԹՐԻՓՓ-ը Մեր Մեծագոյն  Անվտանգային Սպառնալիքը Պիտի Դառնայ»
Գլխաւոր լուրեր

Քոչարեան. «ԹՐԻՓՓ-ը Մեր Մեծագոյն Անվտանգային Սպառնալիքը Պիտի Դառնայ»

January 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.