Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մէկ Ազգի, Մէկ Անցեալի Ու Ապագայի Պատկանելիութիւնը Աւիշն Է Մեր Ինքնութեան Եւ Աղբիւրը Մեր Զօրութեան» Յայտարարեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

June 1, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-29-15_aram-17Ուրբաթ, 29 մայիս 2015-ի երեկոյեան, կազմակերպութեամբ Նիւ Ինկլընտ շրջանի եկեղեցիներուն, պաշտօնական ճաշկերոյթ տրուեցաւ ի պատիւ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի հովուապետական այցելութեան առիթով:

Նախքան ճաշկերոյթը, Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի առաջնորդ Օշական արք. Չօլոյեան թեմի «Հայաստանի հոգի» պատուագիրը յանձնեց Մասաչուսեցի նախկին նահանգապետ Տըվալ Փաթրիքին, հայ ժողովուրդին նկատմամբ ցուցաբերած իր բարեկամութեան եւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ի խնդիր տարած աշխատանքներուն առ ի գնահատանք:

Ճաշկերոյթի աւարտին, ընդառաջելով առաջնորդ սրբազանին, Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Անդրանիկ Ա. քհնյ. Պալճեանին ու հոգաբարձութեան, վեհափառ հայրապետը «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց»-ի շքանշանով պարգեւատրեց Միսաք Պարսումեանը` գնահատելով հայ լեզուին ու դպրոցին եւ հայ մշակոյթին ծառայութեան երկար տարիներու իր վաստակը:

Ապա, Արամ Ա. կաթողիկոս իր պատգամը փոխանցեց հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով` նկատի ունենալով ամերիկածին երիտասարդութեան ներկայութիւնը: Ան անդրադարձաւ ազգային պատկանելիութեան կարեւորութեան, քրիստոնէական մեր արմատներուն, հայ եկեղեցւոյ դերակատարութեան, հայ ինքնութեան պահպանման եւ հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու հետապնդման առաքելութեան: «Մեր եկեղեցին մեր հոգեւոր տունն է, եկեղեցւոյ ճամբով մենք Աստուծոյ հետ հաղորդակցութեան մէջ կը մտնենք. եկեղեցին մեր մշակոյթի տունն է, եկեղեցւոյ ճամբով մենք մեր պատմութեան Մեսրոպ Մաշտոցներուն հետ կը խօսինք. եկեղեցին Հայ դատի ամուր պաշտպանն է, եկեղեցւոյ ճամբով մենք մեր ժողովուրդի արդար իրաւունքները կը հետապնդենք: Հետեւաբար, մեր եկեղեցին վայր չէ, այլ` առաքելութիւն է, եւ այդ առաքելութեամբ է, որ եկեղեցին ինքզինք կ’իրագործէ մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ եւ մենք` իբրեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբաններ այս նոյն սկզբունքով մեր խօսքը կեանքի` առաքելութեան կը վերածենք», շեշտեց վեհափառ հայրապետը: Ապա, անդրադառնալով մեր ժողովուրդի միասնականութեան հրամայականին ըսաւ. «Այն ինչ որ մենք կը կատարենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ճամբով, կը պատկանի մեր ամբողջ ժողովուրդին, մեր ամբողջ եկեղեցւոյ: Մեր մօտեցումը համապարփակ է, ամբողջական է, որ կը ներառէ Հայաստանը, Արցախը եւ սփիւռքը: Այս համապարփակ մօտեցումը մեզ կ’առաջնորդէ համահայկական մտածողութեան եւ գործունէութեան, որովհետեւ մէկ ազգի, մէկ անցեալի ու ապագայի պատկանելիութիւնը աւիշն է մեր ինքնութեան եւ աղբիւրը մեր զօրութեան»:

Աւարտին ներկաները պահպանիչ աղօթքով ստացան հայրապետական օրհնութիւնը եւ երեկոն փակուեցաւ «Կիլիկիա» մաղթերգի երգեցողութեամբ:

 

 

Նախորդը

Պելճիքայի Մէջ. Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի Բարերարներէն Արմէն Արսլանեանի Յուղարկաւորութիւնը

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Պոսթընի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Երիտասարդութեան Հետ

RelatedPosts

Լիբանանի Թեմի Առաջնորդը Այցելեց Ազգային Վարժարաններ
Գաղութային

Լիբանանի Թեմի Առաջնորդը Այցելեց Ազգային Վարժարաններ

October 26, 2026
ԼՕԽ-ի Նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի Նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդին

October 26, 2026
Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան Նախաձեռնած Հայ Գիրքի Փառատօնը Իր Շուրջ Համախմբեց Մեծաթիւ Ընթերցասէրներ Եւ Հրատարակչատուներ
Գաղութային

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան Նախաձեռնած Հայ Գիրքի Փառատօնը Իր Շուրջ Համախմբեց Մեծաթիւ Ընթերցասէրներ Եւ Հրատարակչատուներ

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.