Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հորիզոն»-ի Խմբագրական. Վերարժեւորենք Անկախութեան Կերտիչ Արամ Մանուկեանի Աւանդը

June 1, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-01-15_horizonՀամաշխարհային քաղաքակրթութեան պատմութեան տոմարներուն մէջ ոչ մէկ ազգի վիճակուած էր իր ազատութեան եւ ինքնանկախացման ճանապարհին, այն,  ինչ որ իր դաժանութեամբ բաժին ինկաւ հայ ազգին: 1918-ին համազգային բնաջնջման եզրին գտնուող հայութեան խլեակներու վերայառնման վերջին ճիգն ու մահագուպարը Սարդարապատի եւ մայիսեան ռազմաճակատներուն վրայ` վերածուեցաւ ժողովրդային ինքնայորդ գոյապայքարի, ինքնասանձազերծուած խոյանքի, որուն խթանող ազդակն ու մղիչ ուժը հանդիսացաւ Արամ Մանուկեան:

Հայոց նորագոյն պատմութեան մէջ Արամ Մանուկեանի կատարածը գերագոյն սխրանք մըն էր, ժողովուրդի մը համայնակուլ անէացման ընթացքը կասեցնելու ու հայութեան պատուհասող դառնաղէտ վախճանը այլակերպելու:

97 տարի առաջ, մայիսեան օրհասական օրերուն, Արամ Մանուկեանի առաջնորդութեամբ, հայ ժողովուրդը Արարատեան դաշտին վրայ, հայեացքը Մասեաց գագաթին, թօթափեց ճակատագրապաշտութեան ստուերները եւ անվկանդ աշտանակեց դէպի յաղթանա՛կ, դէպի փրկութի՛ւն:

1918-ի հայրենակերտման դիւցազնամարտը պատմակշիռ անկիւնադարձ է, որուն յաջողութեան դրօշակիրը դառնալու բախտը վիճակուած էր Արամ Մանուկեանին` հայ ժողովուրդի լինելութեան գոյամարտի առաջամարտիկին:

MHM22020-copyԵրախտամոռութեան համազօր է Արամ Մանուկեանի նման վեհարժէք հայրենակերտիչի աւանդը թողուլ մոռացութեան քմայքին: Երեք տարի անց ազգովին պիտի նշենք հայ ժողովուրդի լինելութեան բնօրրանի մէկ բաղադրիչը կազմող մերօրեայ հանրապետութեան 100-ամեակը:

Հայաստանի վերանկախացումէն ետք, աւելի քան երկու տասնամեակ թափուր մնացող Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակը, ողջ հայութեան աշխարհագրական կիզակեդրոնը` պէ՛տք է ունենայ իր պետականութեան կերտիչին յիշատակը անմահացնող յուշարձանը, այնպէս` ինչպէս Միացեալ Նահանգները ունին Ճորճ Ուաշինկթընը, Վենեզուելան` Սիմոն Պոլիվարը, Թունուզը` Հապիպ Պուրկիպան, Հնդկաստանը` Մահաթմա Կանտին…

Երեք տարի ետք, համասփիւռ հայութեամբ, եկէ՛ք ու տօնե՛նք վասն հայրենիքի եւ ազգի գոյատեւելիութեան մղուած արիւնակերտ մեր յաղթանակի 100-ամեակը եւ յաւերժացնենք Արամ Մանուկեանի աւանդը` կոթողելով անոր յուշարձանը Երեւանի բաբախող սրտին մէջ` Հանրապետութեան հրապարակին վրայ, որպէսզի գալիք սերունդներու հոգւոյն մէջ բաբախուն մնայ Միացեալ բնօրրանի տեսլականը, որպէսզի այդ յուշարձանը ուղեցոյցն ու ներշնչարանը դառնայ մեր լուսապայծառ ապագային:

 

Նախորդը

Ապրիլ 24-Էն Առաջ Եւ Ետք` Մեր Պատասխանատուութիւններուն Դէմ. Արեւմտահայերէն Եւ Արեւմտահայ Մշակոյթ. Ի՞նչ Հեռանկարներ (Բ. Մաս)

Յաջորդը

Խմբագրական Հայրենիքի. Անմոռուկ Ծաղիկ…Մայիսեան Ճակատամարտ

RelatedPosts

Անհնար Է Առանց Յուզուելու Նայել Այս Երեխաների Ապրումներին, Յոյզերին Եւ Թաց Աչքերին, Երբ Հպարտութեամբ Հնչեցնում Են Արցախի Օրհներգը
Անդրադարձ

Անհնար Է Առանց Յուզուելու Նայել Այս Երեխաների Ապրումներին, Յոյզերին Եւ Թաց Աչքերին, Երբ Հպարտութեամբ Հնչեցնում Են Արցախի Օրհներգը

September 17, 2026
Լիբանանահայ Սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան`  Հայաստանի Պետական Սենեկային Նուագախումբի  Չինաստանի Եւ Հնդկաստանի Ելոյթներու Մենակատար
Անդրադարձ

Լիբանանահայ Սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան` Հայաստանի Պետական Սենեկային Նուագախումբի Չինաստանի Եւ Հնդկաստանի Ելոյթներու Մենակատար

September 17, 2026
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

Վերամուտ

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.