Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի «Սիմոն Վրացեան» Մասնաճիւղի Բարեզարդուած Սրահի Բացում

May 30, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-29-15_VratzianՀովանաւորութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Սիմոն Վրացեան» մասնաճիւղին եւ «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի զոյգ վարչութիւններուն, երէկ` ուրբաթ, 29 մայիս 2015-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին տեղի ունեցաւ մասնաճիւղի բարեզարդուած սրահին բացումը:

5-29-15_Vratzian1Զոյգ վարչութիւններուն անունով բարի գալուստի խօսքը արտասանեց օրուան հանդիսավար, «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան անդամ Մարալ Մխսեան: Ան նկատել տուաւ, որ ուրախ առիթ մըն է որ համախմբած է բոլոր ներկաները, եւ այդ առիթը բարեզարդուած սրահի բացումն է, որ կարելի եղաւ իրագործել Արմէն եւ Միմի Յարութիւնեան ամոլի վեհանձն նուիրատուութեամբ` աւելցնելով, որ անոնք սոյն նուիրատուութիւնը կատարեցին ի յիշատակ իրենց եղբօր` Մուրատ Յարութիւնեանի:

Այնուհետեւ Արմէն եւ Միմի Յարութիւնեան ամոլը կատարեցին քողազերծումը իրենց եղբօր` Մուրատ Յարութիւնեանի նուիրուած յուշատախտակին:

«Սիմոն Վրացեան» մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Դաւիթ Գազանճեան խօսք առնելով շնորհակալութիւն յայտնեց Արմէն եւ Միմի Յարութիւնեաններուն եւ ըսաւ, որ բարեզարդուած սրահը իր դռները պիտի բանայ բոլորին դիմաց, ըլլան անոնք Համազգայինի անդամներ կամ համակիրներ:

«Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան ատենապետ Մարտիկ Տեմիրճեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Համազգայինի «Սիմոն Վրացեան» մասնաճիւղի եւ «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի հայ մշակոյթին մէջ ունեցած երկար տարիներու ներդրումին` շեշտելով նման կեդրոն մը ունենալու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի միասնաբար շարունակուի սկսած առաքելութիւնը: Մարտիկ Տեմիրճեան իր կարգին շնորհակալական խօսք ուղղեց բարերարին:

Այնուհետեւ գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցան Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի աշակերտներ Նաթալի Աբոքեան` տուտուկի վրայ եւ Կայէլ Գրիգորեան` քանոնի վրայ:

Արմէն Յարութիւնեան իր սրտի խօսքին մէջ յորդորեց ներկաները նման նախաձեռնութիւններ կատարելու եւ նուիրատուութիւններ կատարելով նպաստելու գաղութին:

Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ Համազգայինի «Սիմոն Վրացեան» մասնաճիւղի եւ «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի գործունէութիւնը ներկայացնող տեսերիզ մը:

Աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:

 

 

Նախորդը

Ապրիլ 24-Էն Առաջ Ու Ետք` Մեր Պատասխանատուութիւններուն Դէմ . Արեւմտահայերէն Եւ Արեւմտահայ Մշակոյթ. Ի՞նչ Հեռանկարներ (Ա. Մաս)

Յաջորդը

Վենետիկի Պիենալէին Շուրջ Հարցազրոյց` Բեմադրիչ Նիկոլ Պեզճեանի Հետ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.