Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի Յանձնախումբին Եւ Սեն Քէօր Պաուշրիէ Դպրոցի Մարզամշակութային Միացեալ Ձեռնարկը` Նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին

May 30, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-24-15_hmem-(2) Կիրակի,  24 մայիսի 2015-ին, առաւօտեան ժամը 7:30-ին Պուրճ Համուտի մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցաւ բացումը ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին  Եւ Սեն Քէօր Պաուշրիէ դպրոցին մարզամշակութային միացեալ ձեռնարկին, որ նուիրուած էր Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին:

Նախաձեռնութեան մէջ նկատի առնուած էին մարզական զանազան մրցաշարքեր, որոնց մասնակիցներն էին  Սեն Քէօր Պաուշրիէ դպրոցին  եւ հայկական ազգային տարբեր դպրոցներու աշակերտներ:

Փակման արարողութիւնն ու մետալներու բաշխումը տեղի ունեցան «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ:

Այս առիթով դատական կազմին կողմէն Դալար Պէպէճեան արտայայտեց իր սրտին խօսքը` ողջունելով Սեն Քէօր Պաուշրիէ դպրոցը, որ առաջարկած էր մարզամշակութային միացեալ ձեռնարկ կայացնել` զայն նուիրելով Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին: «Այսօրուան մարզական մրցաշարքը կ՛ընդգրկէր տարբեր տեսակի  մարզախաղեր, ինչպէս նաեւ` վազքի, փինկ-փոնկի, պասքեթպոլի, ֆութպոլի մրցաշարքեր», տեղեկացուց ան:  Պէպէճեան շնորհակալութիւն  յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք ճիգ չխնայեցին ձեռնարկը յաջողցնելու, ապա բեմ հրաւիրեց Սեն Քէօր Պաուշրիէ դպրոցի մարզականի պատասխանատուն Ֆրանսու Շտիյաքը, որպէսզի արտայայտէ իր սրտի խօսքը:

Ֆրանսուա Շտիյաքի նախ շնորհաւորեց մասնակիցները եւ անոնց մարզական ոգին, որուն շնորհիւ տարբեր վարժարաններու աշակերտներ համախմբուած են այս նախաձեռնութեան շուրջ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Սեն Քէօր Պաուշրիէ դպրոցի տնօրէնութեան, որ նման առիթի մը ստեղծման սատար հանդիսացած է:  Շտիյաք փակեց իր խօսքը` մաղթելով համատարած խաղաղութիւն եւ յուսալով, որ ուրախ առիթներն ալ կը միացնեն բոլորը:

Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ  Սեն Քէօր Պաուշրիէ դպրոցի ուսուցչական կազմէն Քարինա Ռամիան, որ ներկաներէն խնդրեց մէկ վարկեան յոտնկայս յարգել յիշատակը մէկուկէս միլիոն նահատակներուն, որոնք զոհ գացին անմարդկային ոճրագործութիւններու: Ապա ան իր իւրայատուկ ձայնով եւ հայերէնով ներկայացուց Ատանայի կոտորածներու նուիրուած երգը:

Դպրոցի տնօրէն քոյր Քարոլին Ռայի հաստատեց, որ այս նախաձեռնութեամբ ուրախութեան եւ վերապրումի շուրջ կը միանան բոլորը, որովհետեւ, թէեւ 1915-ին տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը, սակայն հայերը 100 տարիներ ետք տակաւին կան եւ կը գոյատեւեն:

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան շնորհակալութիւն յայտնել է ետք կոչ ուղղեց ներկաներուն, որ այս ձեռնարկը նախասկիզբ դառնայ յառաջիկայ միասնական այլ ծրագիրներու եւ ձեռնարկներու: «Սիրելինե՛ր, մենք չենք մոռցած ձեր դատն ու ձեզ, մենք միշտ ձեր կողքին ենք ու ձեզի հետ», հաստատեց տնօրէնը:

5-24-15_hmem-(1)Ապա տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում, Սեն Քէօր Պաուշրիէ դպրոցին եւ ՀՄԸՄ ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբի ներկայացուցիչներուն միջեւ:

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութենէն Թալին Օրտողլեան արտասանեց իր սրտին խօսքը: Ան ողջունեց Սեն Քէօր Պաուշրիէ դպրոցն ու անոր տարած մէկ տարուան աշխատանքը, որ նուիրուած էր Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին:  «100-րդ տարելիցը առիթ եղաւ մօտէն ճանչնալու հայերը, իսկ այսօր ալ ծանօթացաք լիբանանահայ գաղութին աշխուժութեան», ըսաւ Օրտողլեան: Ան շեշտեց, որ Հայ դատը պատմական իրողութիւն է, եւ հայերը 100 տարի ետք կը յիշեն եւ արդարութիւն կը պահանջեն: Օրտողլեան փակեց իր խօսքը` կրկին հանդիպելու յոյսով:

Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցաշարքերուն  յաղթանակ ապահովածներուն  մետալներու բաշխումը, որ կատարեցին  ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութենէն եւ Սեն Քէօր Պաուշրիէ դպրոցին կողմէ ներկայացուցիչներ:

Նախորդը

«Ծիրանի» Մանկապատանեկան Երգչախումբին Ելոյթը

Յաջորդը

Ցեղասպանութեան 100-Ամեակը Եւ Անկէ Անդին. 2015-ի Իրագործումներուն Յենարանները – Բ.

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.