Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ծիրանի» Մանկապատանեկան Երգչախումբին Ելոյթը

May 30, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-24-15_tziraniԿիրակի` 24 մայիսի երեկոյեան ժամը 8:00-ին Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ համերգ` կատարողութեամբ Հայ աւետարանական քոլեճի «Ծիրանի» մանկապատանեկան երգչախումբին, խմբավարութեամբ` Նեկտար Փալազեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ` քոլեճի Ժ. դասարանի աշակերտ Քրիսթին Մաամարպաշիի:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք բարի գալուստի խօսք արտասանեց Հայ աւետարանական քոլեճի տնօրէն դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան: Ան նկատել տուաւ, որ այս տարի  Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առթիւ վարժարանին մէջ տեղի ունեցան զանազան ձեռնարկներ, յատուկ ատենամարզանքի պահեր եւ վաւերագրական ցուցահանդէս` աւելցնելով, որ այս տարուան «Ծիրանի»-ի ելոյթը եւս առնչուած է 100-ամեակին եւ այս համերգը կը փաստէ, որ մեր դարաւոր ոսոխը ձախողեցաւ, եւ այսօր մենք ունինք ազատ անկախ հայրենիք եւ սփիւռքահայութիւն, որոնք «Կը յիշեն եւ կը պահանջեն»: Տնօրէնը հաստատեց, որ աշակերտութեան բազմակողմանի զարգացումը դպրոցի հիմնական նպատակներէն մէկն է եւ այս ուղղութեամբ ջանք չեն խնայեր, որպէսզի հայերէն երգն  ու երաժշտութիւնը ներառուին ուսումնական ծրագիրին մէջ: Իր խօսքի աւարտին տնօրէնը գնահատական  խօսք ուղղեց Նեկտար Փալազեանի` իր տարած աշխատանքին համար եւ շնորհակալութիւն յայտնեց աշակերտ Քրիսթին Մաամարպաշիի:

Այնուհետեւ երգչախումբը մեկնաբանեց «Հաւատքն է յաղթութիւն», «Մենք թոռներն ենք Մաշտոցի», «Մշեցի մօր երգը», «Ղարաբաղի բալիկն ենք», «Հայրենիքը մեր», «Հայաստան», «Կիլիկիա», «Իմ անունը Հայաստանն է» եւ «Հայաստան» երգերը, իսկ Անթոնի Օպէյտ մեկնաբանեց «Ջան հայրենիք» երգը: Համերգին ընթացքին փունջ մը երգերով ելոյթ ունեցան նաեւ Ա. դասարանի աշակերտները:

Յայտագիրի ընթացքին մերթ ընդ մերթ աշակերտներ կը ներկայացնէին մեկնաբանուած երգերը:

Յայտնենք, որ ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը բերին  Կրէս Մաամարպաշի եւ Լոռի Եունիսէս ջութակի վրայ նուագելով:

Ձեռնարկի եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ հովիւ` վեր. Հրայր Չոլաքեան: Ան ըսաւ. «Թուրքը ուզեց այս արժէքները բնաջնջել, բայց չկրցաւ: Սիրելի՛ աշակերտներ, դուք հայ ժողովուրդին լաւագոյն բանակն էք, եւ ձեր երգը լաւագոյն զէնքն է»: Ձեռնարկը փակեց աղօթքով:

 

Նախորդը

Իւրայատուկ Ոճով Պատրաստուած Ձեռային Աշխատանքներու Ցուցադրութիւն

Յաջորդը

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի Յանձնախումբին Եւ Սեն Քէօր Պաուշրիէ Դպրոցի Մարզամշակութային Միացեալ Ձեռնարկը` Նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.