Հինգշաբթի, 21 մայիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ յատուկ աղօթք` նուիրուած սուրբ կոյսերուն, ապա Սրբոց Հռիփսիմեանց մասունքով կազմուեցաւ թափօր` առաջնորդութեամբ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, մասնակցութեամբ թեմի քահանայից դասուն ու հաւատացեալ ժողովուրդին: Սոյն թափօրով սուրբ կոյսերու մասունքները փոխադրուեցան Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցի:
Եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ յատուկ աղօթք` նուիրուած Սրբոց Հռիփսիմեանց կոյսերուն, որմէ ետք սրբազանը փոխանցեց իր պատգամը` շեշտը դնելով կոյսերու մասունքին ընդմէջէն մեր հաւատքը վերանորոգելու անհրաժեշտութեան վրայ:
Երէկ` ուրբաթ, 22 մայիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած Հռիփսիմեանց կոյսերուն նուիրուած յատուկ արարողութենէն ետք առաջնորդ սրբազանը ձեռնադրեց Սրբոց Քառասնից Մանկանց եւ Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցիներու դպիր-դպրուհիներէն 25 հոգի` անոնց շնորհելով 4 աստիճաններ: Այնուհետեւ իր քարոզին մէջ առաջնորդ սրբազանը յայտնեց, որ Հռիփսիմեանց տօնին առիթով ձեռնարկած այս աղօթքի պահերուն նպատակն է Աստուծոյ օգնականութեամբ գտնել սրբութիւն մեր կեանքին մէջ: «Այս տօնը առիթ է, որ մեր հաւատքին մէջ գտնենք նոր ոգեւորութիւն», հաստատեց առաջնորդ սրբազանը: Անդրադառնալով դպիր-դպրուհիներու ձեռնադրութեան` ան մաղթեց, որ Աստուած իրենց ծառայութեան օրինակը առատացնէ մեր կեանքին մէջ, որպէսզի միշտ ծաղկուն եւ կանգուն մնայ մեր եկեղեցին:
Յայտնենք, որ երկուշաբթի, 25 մայիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ կարճ աղօթքի պահէ մը ետք` նախագահութեամբ սրբազան հօր, մասնակցութեամբ քահանայից դասուն ու հաւատացեալ ժողովուրդին, Սրբոց Հռիփսիմեանց մասունքով պիտի կազմուի թափօր` դէպի Նոր Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցի:


