Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միջազգային Դրամական Ֆոնտը Կը Յայտարարէ. Ռուսիոյ Տնտեսական Անկումին Պատճառով Պիտի Դանդաղի Յետխորհրդային 8 Երկիրներու, Ներառեալ` Հայաստանի Տնտեսական Աճը

May 20, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-19-15_IMF«Տի Իքոնոմիք Թայմզ» կը գրէ, որ Միջազգային դրամական ֆոնտը երէկ` ներկայացնելով Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ շրջանին համար համաշխարհային ելեւմտական ճգնաժամէն ի վեր իր ամէնէն վատ նախատեսութիւնները, յայտարարած է, որ Ռուսիոյ տնտեսական անկումը եւ քարիւղի ցած գիները դանդաղեցուցած են նշեալ շրջանի երկիրներու տնտեսութիւններուն աճը:

Միջազգային դրամական ֆոնտը յայտնած է, որ Սեւ եւ Կասպից ծովերէն մինչեւ Սիպերիա, Իրան եւ Չինաստան երկարող ութ յետխորհրդային երկիրներուն մէջ տնտեսական աճը այս տարի 2014-ի 5,3 առ հարիւրէն պիտի նուազի 3,2 առ հարիւրի: Կազմակերպութիւնը նախատեսած է, որ Համախառն ներքին արտադրութեան աճը 2016-ին պիտի հասնի 4,2 առ հարիւրի:

Կազմակերպութեան տնտեսագէտները շրջանը կը բաժնեն ածխաջրածին արտահանողներ Ազրպէյճանի, Ղազախստանի, Թուրքմենիստանի եւ Ուզպեքիստանի եւ քարիւղ ու կազ ներածող Հայաստանի, Վրաստանի, Խըրխըզիստանի եւ Տաճիկիստանի միջեւ:

Միջազգային դրամական ֆոնտի Միջին Արեւելքի եւ Կեդրոնական Ասիոյ վարչութեան փոխտնօրէն Ճուհա Քահքոնեն Ղազախստանի մէջ զեկուցումը ներկայացնելու ընթացքին ըսած է. «Գլխաւոր առեւտրական գործընկեր հանդիսացող Ռուսիոյ մէջ տնտեսական անկումին եւ քարիւղի ցած գիներուն կրկնակի ցնցումները իրենց բացասական ազդեցութիւնը կը ձգեն շրջանին վրայ»: Ան աւելցուցած է, որ փոխարժէքի զարգացումները, ինչպէս` Միացեալ Նահանգներու տոլարի արժեւորումը եւ ռուբլիի արժեզրկումը, առաւել եւս կը բարդացնեն խնդիրը:

«Ընդհանուր առմամբ, շրջանին համար կանխատեսումները այսչափ վատ չեն եղած 2008-2009 թուականներու համաշխարհային ելեւմտական ճգնաժամէն ի վեր», ըսած է ան:

Ազրպէյճանի մէջ Համախառն ներքին արտադրութեան աճը այս տարի 2014-ի 2,8 առ հարիւրէն պիտի դանդաղի մինչեւ 0,6 առ հարիւրի:

Կազմակերպութիւնը նախատեսած է, որ քարիւղ ներածող չորս պետութիւններու` Հայաստանի, Վրաստանի, Խըրխըզիստանի եւ Տաճիկիստանի մէջ աճը այս տարի 2014-ի 4,6 առ հարիւրէն պիտի դանդաղի մինչեւ 1,5 առ հարիւր. Հայաստանի մէջ պիտի կրճատուի նոյնիսկ մինչեւ 1 առ հարիւր:

Այս երկիրները զգալիօրէն կախեալ են արտասահմանի մէջ, հիմնականօրէն` Ռուսիոյ մէջ աշխատող իրենց քաղաքացիներուն կողմէ տուն ուղարկուող դրամական փոխանցումներէն, որոնք զգալիօրէն նուազած են: Այս երկիրներուն վրայ կ՛ազդեն նաեւ արտածման նուազած գիները:

«168.am» հաղորդեց, որ Ռուսիայէն Հայաստան դրամական փոխանցումները նուազած են 85,5 առ հարիւրով, այսինքն` 7 անգամով:

 

Նախորդը

Զօր. Աունի Քաղաքական Նախաձեռնութիւնը Ներկայացուեցաւ Ամալ Շարժումին

Յաջորդը

«Հայերը Աւելի Թրքական Հասարակութենէն Պէտք Է Ճանաչում Ակնկալեն, Քան` Իշխանութիւններէն, Եւ Աշխատին Ճիշդ Այդ Ուղղութեամբ» Կը Գրէ Մահճուբեան

RelatedPosts

Հայաստանի 21 Համայնքներու Մէջ  Տեղի Ունեցան Տեղական Ինքնակառավարման  Մարմիններու Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի 21 Համայնքներու Մէջ Տեղի Ունեցան Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութիւններ

October 26, 2026
Վիեննայի Միջազգային Փառատօնին  Արցախի Մասնակցութիւնը Ջնջուած Է  Դեսպանատուներու Միջամտութեան Պատճառով
Գլխաւոր լուրեր

Վիեննայի Միջազգային Փառատօնին Արցախի Մասնակցութիւնը Ջնջուած Է Դեսպանատուներու Միջամտութեան Պատճառով

October 26, 2026
Հայաստան Յաղթեց «Մանկական Եւրատեսիլ»-ին
Հայկական

Հայաստան Յաղթեց «Մանկական Եւրատեսիլ»-ին

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.