Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութեան Պատուիրակութիւնը Զօր. Աունի Նախաձեռնութիւնը Ներկայացուց Ռայի Պատրիարքին, Ժահժահին Եւ Ժեմայէլին

May 19, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-18-15_rayi_kanaanՓոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան` ընկերակցութեամբ երեսփոխաններ Ալեն Աունի, Նաամթալլա Ապի Նասըրի եւ Սելիմ Սալհապի, երէկ այցելեց մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին, որուն յանձնեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի առաջարկները` նախագահական ընտրութեան առումով:

Հանդիպումին ընթացքին Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ նախագահական ընտրութեան հոլովոյթը դիւրացնող իւրաքանչիւր նախաձեռնութիւն ողջունելի է իրենց համար եւ քննարկումի արժանի:

Առաջարկներու քննարկումէն ետք, Քանաան յայտնեց, որ զօր. Աունի նախաձեռնութիւնը լուրջ է եւ քննարկումի արժանի:

Քանաան աւելցուց, որ երկիրը արտակարգ պայմաններ կը դիմագրաւէ, հետեւաբար կարիքը կայ արտակարգ լուծումներու, «իսկ զօր. Աունի նախաձեռնութիւնը կը միտի ամրապնդել երկրին սահմանադրութիւնն ու ազգային համերաշխութիւնը», շեշտեց ան:

Քանաան աւելցուց, որ զօր. Աունի ներկայացուցած երեք առաջարկներն ալ սահմանադրութեան փոփոխութիւն չեն ենթադրեր:

Մեհրապի Մէջ

5-18-15_kanaan_mehrabԱզգային ազատ հոսանք կուսակցութեան պատուիրակութիւնը, որուն միացաւ նաեւ երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն, այցելեց նաեւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժահժահի:

Մէկուկէս ժամ տեւած հանդիպումէն ետք Քանաան յայտնեց, որ Ժահժահի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան երեսփոխաններուն հետ հանդիպումին ընթացքին զօր. Աունի նախաձեռնութիւնը լրջօրէն քննարկուած է:

Քանաան աւելցուց նաեւ, որ հանդիպումին ընթացքին Ժահժահ շեշտած է, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը պատրաստ է քննարկելու նման նախաձեռնութիւններ:

Քանաան ընդգծեց, որ Ազգային ազատ հոսանքի եւ Լիբանանեան ուժերուն միջեւ խորհրդակցութիւնները պիտի շարունակուին, մինչեւ որ երկուքին միջեւ փոխըմբռնումի համաձայնագիրը յայտարարուի:

Ժեմայէլի Մօտ

5-18-15_kanaan_kataebՆշենք, որ Ազգային ազատ հոսանքի պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան Սայֆիի կեդրոնատեղին, ուր հանդիպում մը ունեցաւ կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլի հետ:

Հանդիպումէն ետք Ժեմայէլ յայտնեց, որ դրական մթնոլորտի մը մէջ քննարկած են զօր. Աունի առաջարկները եւ հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան մասին իրենց տեսակէտը յայտնած:

Ժեմայէլ կոչ ուղղեց ամէնէն արագ միջոցին նախագահական ընտրութիւն կատարելու, որպէսզի քրիստոնեայ ջիղը մարմնաւորող քրիստոնեայ մը ստանձնէ այս հանգրուանին դժուար պատասխանատուութիւնները:

 

 

 

Նախորդը

1915-ի Արհաւիրքներուն Մասին Կլոր Սեղան. «Ճանաչումը Հաշտութեան Հիմքն Է, Լուծումը` Բազմազանութիւնը Պահելով Եւ Ուրիշը Ընդունելով»

Յաջորդը

Կառավարութիւնը Համաձայն Գտնուեցաւ Կարգ Մը Նախարարութիւններուն Տրամադրուած Պիւտճէներուն

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.