Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մտածումներ Աշխատանքի Անժամանցելիութեան Եւ Սերնդափոխութեան Մասին. Րոպէներէն Անդին, Պայքա՜ր` Ճակատագրի Դէմ

May 18, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐԻՆ ՉԵՔԻՃԵԱՆ

«Ներքին թէ արտաքին ցնցումները անխուսափելի են ամէնէն զօրեղ ու ապահով կարծուած ազգերուն համար իսկ: Ամէն ազգի, մեծ թէ փոքր, ուժը, զօրութիւնը, մեծութիւնը դժուարութիւնները յաղթահարելու, իրերու եւ երեւոյթներու հոլովոյթին տիրապետելու, իր ներքին միութիւնն ու ամրութիւնը պահպանելու, միով բանիւ` վերապրելո՛ւ արուեստին մէջ է»:

Սարգիս Զէյթլեան
«Աչալրջութիւն (միասնական
մեր կամքի ամրապնդման համար)», 1980

Րոպէ մը…

Վայրկեանի մը առաջնո՞րդ, եւ կամ` վայրկեաններո՞ւ հետեւորդ…

Ահազանգի ժամերու դամոկլեան սո՞ւր, թէ՞ ազատութեան դրօշակակիր:

Արուեստի գո՞րծ, հոգեմտաւոր սլացքներու կա՞յծ, դժոխքի անդունդին դռնապա՞ն, ազատութեան եւ մահուան միջեւ դիտո՞րդ…

Տրամադրե՞լ րոպէներ` վերլուծելու ժամանակին իմաստը եւ անոր գոյութեան արժէքը: Ե՞րբ: Այսօ՞ր, վա՞ղը, թէ՞ «ըստ ժամանակի յարմարութեան»…

Ժամանակի հասկացողութեան գիտական բազմաթիւ բացատրութիւններուն ընդառաջ, մարդկային ուղեղին ու դաստակի ժամացոյցին ժամը կրնա՞յ նոյնանալ, եւ կամ ինչպէ՞ս արդիւնաւէտ դարձնել այս երկու «ժամ»-երու ընկալումին համար տրամադրուած  պայքարի, շփոթի, անհասկացողութեան եւ կամ այլապէս կամովին վանդակուած պահերը… Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան առաջին կազմակերպուած արշաւանքի տարերային ժամերուն անդրադառնալով` Ռոստոմ կը գրէր. «Մի բան նրանց համար շատ պարզ էր. հարկաւոր էր արիւն թափել, հարկաւոր էր վրէժխնդիր լինել բազմաթիւ անմեղ զոհերի անբիծ արեան համար: Սա մի տարերային հոսանք էր, ազնիւ, վեհ, ոգեւորիչ հոսանք, որի առաջն անկարելի էր առնել ոչ մի յորդորանքով, ոչ մի խելացի պատճառաբանութիւններով, ոչ մի սարսափելի ապագայի նկարագրութիւններով» (ՀՅԴ Կեդրոնական արխիւէն. «ՎԷՄ», Գ. տարի, թիւ 1, յունուար-ապրիլ 2005):

… Յետադարձ հայեացք, սպասում: Մայրուղիին եզերքը նստած մարդ մը, որուն ոտքերուն տակ շոգեկառքի գիծներն են, կը սպասէ շոգեկառքի ժամանման: Ե՞րբ պիտի հասնի շոգեկառքը: Իսկ ան, իր նստած վիճակին մէջ, պիտի հասնի՞ նետուելու անոր մէջ եւ շարունակելու իր երթը: Եթէ ժամանակ չունինք մեր անցեալը լաւապէս քննելու, ժամանակ պիտի ունենա՞նք մեր ապագան ճշդելու: Եթէ այսօրը կայ, հապա ինչո՞ւ սպասել: Պիտի գա՛յ «վա՞ղը»-ն… ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս գայ առանց այսօրուան: Հրայր Դժոխքի Դելի Բաբայի կռուին մասին անդրադարձը լաւապէս կը  ցոլացնէ օրուան ահազանգային րոպէներու անյետաձգելի մարտահրաւէրի ընկալումը. «Թշնամին թէեւ 500  հեծեալով չորս կողմից շրջապատած էր մեզ, բայց երբ տեսաւ հայ երիտասարդների անվեհեր սիրտը եւ քաջութեամբ կռուիլը, սկսաւ յետ նահանջել: Մենք այլեւս ո՛չ Եւրոպայի խաբուսիկ յոյսերէն եւ ո՛չ թուրքի խորամանկութիւններէն կը խաբուինք, մենք գիտենք մեր ճանապարհը, միայն մեր հայ եղբարց ուշադրութիւնը կը հրաւիրենք դէպի մեզ, որ արեան եւ պատերազմի մէջ կը լողանք:

Օգնութի՛ւն, օգնութի՛ւն կը պոռանք, հա՜յ եղբայրներ: Արդեօք թշուառի ձայնին ու աղաղակին լսող կա՞յ: Ներկայ րոպէն կորսնցնել` ժողովո՛ւրդ մը կորսնցնել է: Օգնեցէ՛ք մեզ այժմ կամ երբեք»:

Ե՞րբ է ահազանգային օրը:

Ո՞ր րոպէները կը կորսնցնենք` «օրերը փոխուած են», «սերունդները փոխուած են», «նոր սերունդը նոյնը չի կրնար ըլլալ», «մեր ապագան աւելի գէշ պիտի ըլլայ» շատ յաճախ արտայայտուած տրամաբանութիւններուն դէմ յանդիման կրաւորական դիրք պահելով: Ո՞ր ժամանակն է դատաւորը, ո՞ր սերունդները պիտի ըլլան վաղուանը, եթէ ոչ մեր  կարողականութեան դրսեւորման արդիւնքը`  ի խնդիր նոր կարողականութիւններու յայտնաբերման, անոնց կատարելագործման ու ծառայեցման` հանրային աւելի վեհ նպատակներու համար:

Բոլորին շրթներուն վրայ է` «նոր սերունդ» բառերը:  Ոմանց շրթներէն` հազիւ լսելի, ջղային պոռթկումով մը, իսկ ոմանց ալ` յուսահատ «ա՜խ»-ով մը: Սերնդափոխութեան հարցը բոլոր ժամանակներուն ալ մտահոգութիւն ստեղծող շարժառիթ մը եղած է, պարզ այն տրամաբանութեամբ, որ հո՛ն է աշխատանքի ապագայ հայելին, հո՛ն է եռանդի, հաւատքի ու խիզախութեան հասարակական դրսեւորումը:  «Նոր սերունդ» բառերը իրենց բնական հնչեղութեամբ ունին հեռաձիգ թնդանօթներու կարողականութիւն: «Երբե՛ք, հա՛յ երիտասարդութիւն, մեր ազգն ու ազգայնութիւնը այնքան լրջօրէն վտանգուած չեն եղել, որքան այսօր: Ինչպէս եւ երբեք մեր ժողովուրդը այն աստիճան պառակտուած ու տկարացած չէ եղել, ինչպէս այժմ»: Ահա այսպէս կը գրէր Գարեգին Նժդեհ իր «Որդիների պայքարը հայրերի դէմ» գործին մէջ: Մինչ «Առիւծածին մայրեր» իր յօդուածին մէջ` «Նրա հայրենասիրութիւնը եւս – աստուածային կրակ, բոց ու ջերմութիւն – պիտի արթնցնէ թմրած առիւծը իր ժողովրդի մէջ, պիտի բարձրացնէ մեր առօրեայ կեանքի թափը, պիտի քաղցրացնէ ու հեշտացնէ անձնազոհութիւնը»:

… Վախը: Ա՞յդ ալ ժամանակաւոր է: Իսկ ե՞րբ պիտի ըլլայ անոր պատճառած ժամանակի կորուստին ու ենթադրուած վնասներուն դատաստանը: Կը տեսնե՞նք  օտար վարժարաններու հանգստաւէտ աթոռներուն հաւատացեալ սերունդներուն ներքին ինքնութեան հարցը: Կը կանխատեսե՞նք նորօրեայ սերունդներուն պոռթկումը ազգային արժէքներու ոտնակոխման ճանապարհին վրայ: Կը դիտե՞նք հեռուն, կը ցանկա՞նք ապառաժեայ սերունդներ տեսնել, կը ոգեզինուի՞նք անոնց գալիք ուժգնութեամբ: Ճշմարտութիւն է, այո՛, որ հոգեփոխիչ է տեսնել նոր սերունդին իրագործած կարողականութիւնները, եւ որ` սերնդափոխութիւնը միշտ ալ կը դաստիարակէ երկու սերունդները: Հոս, հարկ է մէջբերել Հրայր Դժոխքի մէկ գրութիւնը` Սասնոյ 1894-ի դէպքերուն, Սասնոյ կացութեան, դուրսէն օժանդակութեան չգոյութեան, եւ ձեռք չերկարողներու եւ վիճաբանողներուն մասին. «Ո՞ւր են այն հայերը, որ միշտ կը փափաքին Հայաստանի ազատագրութիւնը. ահա ժամանակն է: Ուստի, անձնուէր հայը, իբրեւ հայ, թող իր նիւթական եւ ռազմական օգնութիւնը եւ ձեռնտուութիւնը չխնայէ. այս վայրկեանները կորսնցնել` հասարակութիւն մը կորսնցնել է: Ուրեմն, գթացէ՛ք եւ կարեկցեցէ՛ք մեզ` այժմ քան երբե՛ք: Բայց վստահ եղէք նաեւ, որ եթէ ամէն կողմէ ալ անօգնական մնանք, պիտի մնանք նաեւ միշտ արի. անյողդողդ եւ անընկճելի ու վերջին ձայն մ՛ալ պիտի արձակենք. բայց հողի ներքեւէն եւս անէծք պիտի կարդանք այն հայերուն, որ մեր արեան հովիտներու մէջ դիադաւալ խաղալուն հանդիսատես կը լինեն եւ սնոտի առարկութիւնք մէջ կը բերեն, առանց չափելու եւ նկատի առնելու իրենց շուրջ ի գործ դրուած քաղաքական եւ տնտեսական հալածումն, բանտարկութիւնն ու աքսորն, մահացմունքն, խժդժութիւնն եւ այլն…»:

Հաշուե՞նք րոպէները հայ ժողովուրդի գոյութենական վտանգին դիմաց իրենց կեանքերը տուած հերոսներու անձնազոհողութեան պահերուն: Հաշուե՞նք րոպէները Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած որբերու տնաշէն գործունէութեան… Հաշուե՞նք րոպէները ճակատագրի դէմ պայքարելու անոնց ֆիզիքական ու հոգեմտաւոր քաջագործութիւններուն… Հաշուե՞նք տարագրութեան ճամբուն վրայ հայ մօր սնուցած հայեցի դաստիարակութեան ժամերը…  Հաշուե՞նք րոպէները ազգային կառոյցներ ստեղծելու եւ պահպանելու մեր նախահայրերու աշխատանքին…

Ի՞նչ հաշուեցին իրենք, ի՞նչ հաշուենք մենք, որո՞ւ կը սպասենք…երբ մերը դարձնենք րոպէն, մերը կը դարձնենք անոր ընթացքը:

Մեր պայքա՛րն է, ճակատագիրի՛ն դէմ: Իսկ ճակատագիրը` անժամանցելի մարտահրաւէր, ինչպէս բոլոր ժամանակներուն, նոյնպէս ալ այսօ՛ր:

 

 

Նախորդը

Ս. Խաչ-Հարպոյեանի Աշակերտները Ցեղասպանութեան Թեմայով Ելոյթ Կ՛ունենան Լիբանանի Կաթողիկէ Անգլիական Թեքումով Վարժարաններու Աշակերտութեան Դիմաց

Յաջորդը

Ցեղասպանութեան Ներկայութիւնը Հայու Կեանքին Մէջ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.