Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նալբանդեան. «Նոր Մարտահրաւէրները Կը Պահանջեն Նոր Մօտեցումներ»

May 16, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-15-15_NalbandianՀայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան Պրաթիսլաւայի մէջ  երէկ մասնակցեցաւ Արեւելեան գործընկերութեան եւ  Վիշեկրատեան քառեակի (Լեհաստան, Չեխիա, Սլովաքիա, Հունգարիա) արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման, որուն նաեւ ներկայ եղան Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի, Եւրոպական յանձնաժողովի դրացնութեան եւ ընդարձակման հարցերով յանձնակատար Եոհանես Հան, Եւրոպական Միութեան նախագահող Լիթուանիոյ արտաքին գործոց նախարար Էտկարս Ռինքեւիչ, Շուէտի եւ Լեհաստանի արտաքին գործոց նախարարներ Մարկոթ Վալսթրոմ եւ Կժեկոժ Սխեթի:

Նալբանդեան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ Հայաստան կ՛ողջունէ եւրոպական դրացնութեան քաղաքականութիւնը վերատեսութեան ենթարկելու` Եւրոպական յանձնաժողովի նախաձեռնութիւնը:

«Արեւելեան գործընկերութեան կապուած նոր մարտահրաւէրները կը պահանջեն նոր համագործակցային մօտեցումներ: Հայաստան լաւ  կը գիտակցի տարբեր ձեւաչափերու մէջ ընդգրկուն համագործակցութեան կարեւորութիւնը: Մենք կ՛աջակցինք այն տեսակէտին, որ կարելի է լաւագոյնս օգտագործել տարբեր համարկման  շրջանակները առաւել հեռատեսական մօտեցման միջոցով` հիմնուած կարելիութիւններու եւ ոչ թէ  անհամատեղելիութիւններու վրայ: Մեր նպատակն է` հիմնուելով նախորդ տարիներուն արձանագրուած արդիւնքներուն վրայ, շարունակել ուղին դէպի խոր եւ համապարփակ համագործակցութիւն Եւրոպական Միութեան հետ», ըսաւ Նալբանդեան:

Ան յիշեցուց, որ Հայաստանի կառավարութիւնը 2013-էն վերցուցած  է մուտքի արտօնագիրի պահանջը Եւրոպական Միութեան քաղաքացիներուն համար. «29 ապրիլին Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցան Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն արտօնագրային դրութեան դիւրացման եւ ետընդունման համաձայնագիրներու հարցերով միացեալ խորհուրդներու հանդիպումները, եւ կը յուսանք, որ մենք որքան կարելի  է շուտ սկսինք  Եւրոպական Միութեան հետ արտօնագրային դրութեան ազատականացման շուրջ երկխօսութիւնը», ըսաւ ան:

Պրաթիսլաւա աշխատանքային այցելութեան ծիրին մէջ նախարար Նալբանդեան երէկ  տեսակցեցաւ Սլովաքիոյ փոխվարչապետ, արտաքին եւ եւրոպական գործերու նախարար Միրոսլաւ Լայչաքի հետ: Կողմերը համաձայնութիւն գոյացուցին իրենց ղեկավարած նախարարութիւններուն միջեւ պարբերական խորհրդակցութիւններ կազմակերպելու վերաբերեալ:

Նաեւ քննարկուեցան Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւնները, Ռիկայի վեհաժողովի նախապատրաստական աշխատանքը:

Նախարար Նալբանդեան ներկայացուց ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման ուղղութեամբ Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն կողմէ գործադրուող ջանքերը:

Հանդիպումէն ետք Հայաստանի եւ Սլովաքիոյ արտաքին գործոց նախարարները ստորագրեցին երկու երկիրներուն միջեւ եկամուտներու եւ գոյքի կրկնակի հարկումը բացառելու մասին համաձայնագիրը:

Նախորդը

Պոլոնիոյ Հոլովոյթին Մասին Երեւանի Հաղորդագրութիւնը Միաձայնութեամբ Ընդունուեցաւ

Յաջորդը

«Պէտք Է Զգուշ Ըլլալ Հալէպի Հայութեան Մասին Անհիմն Տեղեկութիւններ Փոխանցելէ Ու Կարծիքներ Յայտնելէ» Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.