Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Ոգեկոչում Սեն Քէօր Պաուշրիէ Արուեստից Հիմնարկին Մէջ

May 15, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

IMG_1398Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով Սեն Քէօր Պաուշրիէի արուեստից հիմնարկին մէջ տեղի ունեցաւ ոգեկոչման յատուկ հանդիսութիւն:

Վարժարանի տնօրէն քոյր Լիւսի Ապուտի հրաւէրով եւ ուսուցչական անձնակազմին մաս կազմող արուեստագէտ Միրէյ Կոկիկեանի ջանքերով իրականացած այս նախաձեռնութիւնը տեղի ունեցաւ Ժտէյտէի քաղաքապետարանին մէջ` ներկայութեամբ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի, Ժտէյտէի քաղաքապետ Անթուան Ժըպարայի, դպրոցի աշակերտներուն եւ ծնողներուն, ինչպէս նաեւ` հայ հոգեւորականներու, արուեստագէտներու եւ այլ անձնաւորութիւններու: Ձեռնարկը վարեց վարժարանի գրականութեան ուսուցիչ Էլի Սթեֆանը, որուն արտասանած խօսքին մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ անարդարութեան դէմ մարդկային պոռթկումի անհրաժեշտութեան:

IMG_1447IMG_1782Հիմնարկի աշակերտներուն կողմէ մեկնաբանուած Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն նահատակներուն յիշատակը: Անկէ ետք ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց ուսուցչական խորհուրդի նախագահ Միրէյ Կոկիկեանը, ապա խօսք առաւ դպրոցի տնօրէն Լիւսի Ապուտ, որ շեշտեց, թէ պէտք է պայքարիլ մարդկութեան դէմ անարդարութեան եւ ոճիրներուն համար, դատապարտել զանոնք, որպէսզի չկրկնուին:

Ապա խօսք առաւ Ճորճ Տորլեան, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը ներկայացուց աշակերտներուն` հիմնուելով տուեալներու ու վկայութիւններու վրայ: Իր սրտի խօսքը փոխանցեց նաեւ Հայկազեան համալսարանէն Անդրանիկ Տագէսեան, որ աշակերտներուն ուշադրութիւնը հրաւիրեց հայ ազգի գոյատեւման պայքարին վրայ:

Գեղարուեստական յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանէն աշակերտներ, հիմնարկի աշակերտ Մարիան Արթինեան նուագեց քանոնի վրայ` դաշնակի ընկերակցութեամբ Յասմիկ Գասպարեանի, ինչպէս նաեւ քանի մը հայկական երգեր ներկայացուցին Շաքէ Պաղտասարեանն ու Գէորգ Պէպէճեանը:

Ձեռնարկին ընթացքին տեղի ունեցաւ պարգեւատրում այն հայ ուսանողներուն եւ արուեստագէտներուն, որոնք իրենց աւանդը ունեցած են հայկական եւ լիբանանեան իրականութեան մէջ. անոնց կարգին էր Ռոզվարդ Սիսեռեանը:

Ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ արուեստագէտներ` Գրիգոր Նորիկեան, Զաւէն Խտըշեան, Րաֆֆի Թոգաթլեան, Տարիա Խտըշեան եւ ուրիշներ:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած այս ձեռնարկի աւարտին ներկաները դիտեցին այն պաստառները, որոնք գծուած էին հիմնարկի աշակերտներուն կողմէ, եւ որոնք կը խորհրդանշէին Հայոց ցեղասպանութեան արհաւիրքն ու հայութեան վերապրումը:

Միրէյ Կոկիկեանի նախաձեռնութեամբ այս առիթով պատրաստուած էր ձեռային աշխատանք մը, ուր կային խաչը, եռագոյնը եւ մոմեր:

Ձեռնարկի աւարտին ներկաներուն հրամացուեցան հայկական ճաշեր եւ քաղցրեղէն:

Նախորդը

Անտոնեան Քոյրերու Միաբանութեան Մար Տումեթ Քոլեճին Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Ոգեկոչում

Յաջորդը

Ինչպէ՞ս Են Հայոց Ցեղասպանութիւնն Ընկալում Թուրքիայի Քրտերը. Ներկայացնում Են Քիւրտ Մտաւորականները

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.