Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կոմիտաս Պողոտայ, Շինանիւթի Վաճառաուն, Լոսի Երազ

May 15, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱԿԱՐ

5-15-15_komitas-streetՇատերու պէս, Կեդրոնականցի Արմենակ եւ Էլպիս Երեւան կը գտնուէին, ինչպէս` Մակարուհին եւ ես, ինչպէս աշխարհի հեռու եւ մօտ անկիւններէն եկածներ` երէց, երիտասարդ, դպրոցական: Հարիւրամեակի ուխտագնացութիւն:

Արմենակ հիւր էր իր Ամերիկա հաստատուած վաղեմի ընկերոջ Երեւանի բնակարանը: Վարորդ մը մեզ հոն պիտի հասցնէր: Հազիւ ճամբայ ելած` ոստիկան մը կանգնեցուց մեր ինքնաշարժը: Չիմացանք, թէ ի՞նչ պատահած էր: Վարորդը վերադարձաւ: Շարունակեցինք մեր ճամբան: Հետաքրքրուած էի եւ հարցուցի.

– Ի՞նչ կ’ուզէր:

– Ապահովութեան գօտիս չէի կապած եւ տուգանք վճարեցի,- պատասխանեց:

– Որքա՞ն:

– Հինգ հազար:

Շատ մը բաներ լսած էի նախապէս: Հարցուցի.

– Ստացագիր տուա՞ւ:

– Ո՛չ, պարոն, «ասաց, որ ինք կը մուծէ»…

Չշարունակեցի: Միամիտ չէի, հասկցայ, թէ ո՞ւր «պիտի մուծուէր» հինգ հազարը:

Մեր վճարելիք գումարը հազար երկու հարիւր էր: Տնտեսող Մակարուհին ըսաւ.

– Այս մարդը մեզի նման հինգ հիւր պիտի փոխադրէ, որպէսզի այդ տեղ չհասնելիք հինգ հազարը մուծուած ըլլայ:

Մասնակցեցանք «մուծուելիք-չմուծուելիք» հինգ հազարին…

Մտածումներով տարուած` բարձրացանք Արմենակի ընկերոջ բնակարանը: Էլպիս նկատած ըլլալու էր մեր նեղացածի արտայայտութիւնը եւ հարցուց.

– Ի՞նչ պատահած է, ինչո՞ւ թթուած էք:

Մակարուհին պատմեց: Արմենակ, փոխանակ լսածի մասին խօսելու, իր կարգին պատմեց.

– Այսօր գացինք պատուհանին առջեւ լարուելիք լուացք փռելու պարան գնելու: Կոմիտասի վրայ շինանիւթի վաճառատուն մը մտանք: Սպասարկող կինը խօսածէս հասկցաւ, որ «արտասահմանից» էինք եւ հարցուց, թէ ուրկէ՞ էինք, ըսի` Փարիզէն, բայց հոս բնակարան գնեցինք եւ հոս կ’ուզենք մնալ: Կինը զարմացաւ, դադրեցաւ պողպատեայ լարերը ցոյց տալէ, եւ ըսաւ, թէ ինչպէ՛ս կարելի է Փարիզը ձգել եւ հոս գալ, հոս ապրելիք տեղ չէ, հիմա եթէ կարենայ, իր երեք զաւակներով անմիջապէս կ’երթայ:

– Կարծես նոր բան լսած ես:

– Նոր չէ, միշտ նորոգուող է,- շարունակեց Կեդրոնականցին: Երբ ըսի, թէ Լոս կ’երթա՞ս: Ըսաւ` անմիջապէս: Դիտել տուի, թէ հոն զաւակներդ պիտի օտարանան, սուղ պիտի վճարես, պատասխանեց, որ` «հայ մնան` ինչ պիտի ըլլայ»: Անդին գտնուող երիտասարդը միջամտեց` ըսելու համար, որ` «հոս ապագայ չկայ, որ առիթ ըլլայ, ինք ալ կ’երթայ»: Ըսի, թէ հոս հայրենիք է, միաբերան պատասխանեցին, որ «հայրենիքը փոր չի կշտացներ»: Առինք մեր պարանը եւ դուրս եկանք:

Տխրած Արմենակ պահ մը լռեց եւ ապա ըսաւ.

– Մակա՛ր, գրէ՛, հարցուր, թէ ինչպէ՞ս դաստիարակած ենք հայրենաբնակը եւ արտասահմանցին, երբ առաջինը կը նախընտրէ վաչկատուն դառնալ եւ երկրորդը կը բաւարարուի լուսանկարող «տուրիստ»-ի եւ «Ամերիկայի հօրեղբօր» շիլ ու շլացնող պատկերով: Արարատ կ’երգեն, գետինը տոփելով կը պարեն: Չըսին, թէ ինչպէ՛ս տէր են Արարատին… Մէկը կ’երթայ, միւսը չի գար: Դատարկ հողը տէր կը գտնէ:

Ապրիլ 24-ին Ցեղասպանութեան ճանաչման հրավառութիւն կար քիչ մը ամէն տեղ… եւ` բարձրախօսներու ամիրաները երջանկացնող որոտ:

– Ո՞ւր են «անապատի հայ մայրերը»,- յուշեց իմաստուն Էլպիս:

 

2 Մայիս 2015, Երեւան ք.

 

Նախորդը

Երբե՛ք (Never Again)

Յաջորդը

Անտոնեան Քոյրերու Միաբանութեան Մար Տումեթ Քոլեճին Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Ոգեկոչում

RelatedPosts

Սփիւռք Ըլլալու Տարբեր Ձեւերը
Անդրադարձ

Սփիւռք Ըլլալու Տարբեր Ձեւերը

November 3, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Գիրքերու Մտերմութեան Մէջ. «Խանձուած Օրերը» (Հեղինակ` Պերճուհի Բարսեղեան)

November 3, 2026
Լիբանանի  Մէջ   Օտարներու Պատերազմին 50-րդ  Տարելիցը
Անդրադարձ

Խաղաղութիւն` Պետականութեան Հաշուո՞յն

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.