Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մասնագիտական Յանձնախումբին Եզրակացութիւնը` «Ի Նպաստ Խորհրդարանական Համակարգի»

May 12, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-11-15_masnaՍահմանադրական բարեփոխումներու մասնագիտական յանձնախումբի անդամ Վարդան Պօղոսեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց, որ յանձնախումբը կ՛աշխատի մէկ` կառավարման խորհրդարանական համակարգի անցման նախագիծին վրայ:

Հայաստանի իշխող Հանրապետական կուսակցութիւնը չէր բացառեր, որ Ազգային ժողովի քննարկման կրնայ ներկայացուիլ սահմանադրական բարեփոխումներու երկու ծրար` նաեւ կառավարման գործող կիսանախագահական համակարգը կատարելագործող:

«Մենք կ՛աշխատինք մէկ նախագիծի վրայ, եւ, քաղաքական խորհրդակցութիւններու բնոյթին, քաղաքական ուժերու առաջարկներուն արդիւնքով, կարելի են նաեւ նախագիծին մէջ որոշ բարեփոխումներ: Չեմ բացառեր, որ նախագիծի մը մէջ ըլլան նաեւ տարբեր այլընտրանքներ: Հակառակ ատոր, շատ քիչ հաւանական կը նկատեմ, որովհետեւ մասնագիտական առումով սահմանադրական յանձնախումբը, կը կարծեմ, վերջնական մասնագիտական եզրակացութիւն կատարած է յօգուտ խորհրդարանական համակարգի», ըսած է Պօղոսեան:

Ըստ անոր, ձեւակերպուած են սահմանադրական կարգի հիմունքներուն, մարդկային հիմնական իրաւունքներուն եւ ազատութիւններուն վերաբերող սահմանադրական փոփոխութիւններու առաջին երեք գլուխները: Կառավարութեան, Ազգային ժողովին, հանրապետութեան նախագահին վերաբերող գլուխներուն վրայ աշխատանքը կը շարունակուի:

Այս պահուն ինչ որ պատրաստ է, յանձնախումբի անդամները 18-19 մայիսին պիտի քննարկեն Փարիզի մէջ, Վենետիկի յանձնախումբի մասնագէտներուն հետ:

Վարդան Պօղոսեան չէ բացառած, որ քննարկման առարկայ կրնան դառնալ նաեւ կառավարման եւ դատական համակարգերուն վերաբերող դրոյթները. «Ես կը կարծեմ, որ մեր առաջարկած լուծումները յաջողած են: Բայց եկէք չաճապարենք: Երբ մենք Վենետիկի յանձնախումբին հետ ատիկա կը քննարկենք, մենք կը նախատեսենք հանդիպումէն ետք, 22 մայիսին մամլոյ ասուլիս հրաւիրել եւ արդէն հանրութեան ներկայացնել այն լուծումները, որոնք յանձնախումբը կ՛առաջարկէ»:

Յանձնախումբը առաջարկներ ստացած է 14 կուսակցութիւններէ: Ըստ Պօղոսեանի, նախագիծը  այժմ կը մշակեն իրենց պատկերացումներով, հաստատուած հայեցակարգի հիման վրայ: Երբ կ՛ըլլայ նախագիծ, կը քննարկեն նաեւ քաղաքական ուժերուն առաջարկները: Վերջնական որոշում կայացնողը, ըստ յանձնախումբի անդամին, հանրապետութեան նախագահն է: «Հանրապետութեան նախագահը իր ուզած տեսքով նախագիծը պիտի ներկայացնէ Ազգային ժողովին», ընդգծեց ան:

 

 

Նախորդը

Աւստրալիոյ Ուիլոպի Քաղաքը Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Յաջորդը

Երեւանի Մէջ Տեղի Պիտի Ունենայ Պոլոնիոյ Հոլովոյթի Քաղաքական Խորհրդաժողովը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Հիմնական Դերակատարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Հիմնական Դերակատարութիւն

September 16, 2026
Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.