Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՄԵՏՎԵՏԵՒ ՊԻՏԻ ՓՈՐՁԷ ՎԵՐԱՇԽՈՒԺԱՑՆԵԼ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՏԱԳՆԱՊԻ ԼՈՒԾՄԱՆ ՀՈԼՈՎՈՅԹԸ» ԿԸ ԳՐԷ «ՄՈՍՔՈՎՍՔԻՅԷ ՆՈՎՈՍԹԻ»

August 9, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսական «Մոսքովսքիյէ նովոսթի» օրաթերթը կը գրէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ այսօր ազրպէյճանցի իր գործընկերոջ` Իլհամ Ալիեւի հետ պիտի ունենայ հանդիպում մը, որուն ընթացքին պիտի փորձէ վերակենդանացնել Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հոլովոյթը:

«Երեքշաբթի օր Տմիթրի Մետվետեւ հանդիպում պիտի ունենայ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ: Հանդիպումին հիմնական նիւթը պիտի ըլլայ ղարաբաղեան տագնապի լուծման հոլովոյթը: Եթէ բանակցութիւնները բնական ձեւով ընթանան, յաջորդ քայլը, հաւանաբար, պիտի ըլլայ Մետվետեւի հանդիպումը Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ, որուն ալ պիտի յաջորդէ եռակողմ ձեւաչափով հանդիպումը», կը գրէ օրաթերթը:

Անդրադառնալով յունիսին Քազանի մէջ Մետվետեւի, Սարգսեանի եւ Ալիեւի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումին, «Մոսքովսքիյէ նովոսթի» վկայակոչելով իր անանուն աղբիւրները կը գրէ. «Քազանի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ձախողութիւնը կը բացատրուի այն բանով, որ հայ եւ ռուս դիւանագէտները գերագնահատեցին քաղաքական զիջումներու ծաւալը, զոր կրնար կատարել Պաքուն: Իսկ Մետվետեւ ստիպուած եղաւ հրատապ կերպով ուղղել իր ենթականերուն սխալները: Ան Սարգսեանին եւ Ալիեւին ուղարկեց նամակ մը, որուն մէջ ներկայացուած է ղարաբաղեան հիմնախնդիրի լուծման իր տեսլականը», կը գրէ օրաթերթը` նշելով, որ Մետվետեւ նամակը գրած ատեն հաշուի առած է ազրպէյճանական կողմին որոշ դիտողութիւնները:

«Եւ ճիշդ այդ էր պատճառը, որ նամակին առաջին պատասխանը տուաւ Պաքուն: Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով յուլիսին ժամանեց Մոսկուա եւ Սերկէյ Լաւրովին փոխանցեց Ալիեւի պատասխանը: Աւելի ուշ Մետվետեւին պատասխանեց նաեւ հայկական կողմը», կը գրէ ռուսական օրաթերթը` որոշ հատուածներ մէջբերելով քաղաքագէտ Ալեքսէյ Վլասովի հետ իր հարցազրոյցէն:

«Մոսկուայի պետական համալսարանի յետխորհրդային տարածքի հասարակական-քաղաքական հոլովոյթներու հետազօտութեան տեղեկատուական-վերլուծական կեդրոնի ընդհանուր տնօրէն Ալեքսէյ Վլասով` վկայակոչելով անանուն աղբիւրներ կ՛ըսէ, որ ազրպէյճանական կողմը համաձայնած է Մետվետեւի նամակին մէջ տեղ գտած դրոյթներուն: Սակայն, թէ ի՛նչ պատասխանած է Սերժ Սարգսեան, առայժմ յայտնի չէ: Վլասովի կարծիքով` ճիշդ այդ է պատճառը, որ Ռուսիոյ նախագահը որոշած է առաջինը հանդիպիլ ոչ թէ Սարգսեանի, այլ` Ալիեւի հետ: Ըստ քաղաքագէտին, նախագահներուն միջեւ հերթական եռակողմ հանդիպում տեղի պիտի ունենայ միայն այն ատեն, երբ Մոսկուա երաշխիքներ ստանայ, որ հակամարտող կողմերը պատրաստ են ստորագրելու այն փաստաթուղթը, որուն ստորագրումը կը նախատեսուէր Քազանի մէջ», կը գրէ օրաթերթը:

 

 

Նախորդը

ՔՈՆԿՐԵՍԻ ԲԱՐՈՅԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ ԿԸ ՀԱՍՏԱՏԷ. ՔՈՆԿՐԵՍԱԿԱՆ ՇՄԻԹ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆԻ ԴԷՄ ՊԱՅՔԱՐԱԾ Է ԹՐՔԱԿԱՆ ԴՐԱՄՈՎ

Յաջորդը

ՆԱԽԱԳԱՀ ԲԱԿՕ ՍԱՀԱԿԵԱՆ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ՀԵՌԱԳԻՐ ԿԸ ՅՂԷ «ԱՐՄԵՆԻԱ» ԱՌԱԳԱՍՏԱՆԱՒԻ ԱՆՁՆԱԿԱԶՄԻՆ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.