Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի ղեկավար, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող Վիգէն Սարգսեան երէկ լրագրողներուն յայտնեց, որ Ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկները չեն աւարտած Ապրիլ 24-ով, աւելին` անոնք նոր թափ ստացած են:
Ան նշեց, որ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը այսօր կը մասնակցի Ուաշինկթընի Մայր տաճարին մէջ մատուցուելիք պատարագին` երկու երկիրներու հոգեւոր ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ: Ապա Միացեալ Նահանգներու շարք մը քաղաքներուն մէջ տեղի կ՛ունենան տարբեր ձեռնարկներ:
«Յունիսին Հայաստան Քաննի մէջ տեղի ունեցող փառատօնի մը պատուոյ հիւրը պիտի ըլլայ, իսկ փառատօնի ծիրին մէջ պիտի մեծարուի Կոմիտասն ու անոր գործունէութիւնը: Յուլիսին ալ տեղի կ՛ունենայ ցեղասպանագէտներու միջազգային ընկերակցութեան 12-րդ համաժողովը, իսկ օգոստոսին համահայկական խաղերու բացումն է, որուն Թուրքիայէն մեծ թիւով հայեր պիտի մասնակցին: Սեպտեմբերին ալ Էջմիածինի մէջ միւռոնօրհնէքի արարողութիւն պիտի կատարուի», ընդգծեց Վ. Սարգսեան:


