Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

May 5, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա այսօր երեկոյեան ժամը 8:30-ին պիտի արտասանէ խօսք մը, որուն մէջ պիտի անդրադառնայ լիբանանեան վերջին իրադարձութիւններուն:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ շեշտեց, որ Լիբանանի միակ փրկութիւնը կարելի պիտի ըլլայ հանրապետութեան նախագահի ընտրութեամբ:

«ԼԻՈՒԱ» օրաթերթին համաձայն, շրջանառութեան մէջ դրուած են տեղեկութիւններ, թէ երեսփոխան Պահիա Հարիրի, անոր զաւակը` Մուսթաքպալ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի, Դիմադրութեան հոգեւորականներու համաշխարհային համադաշնակցութեան նախագահ շէյխ Մահեր Համմուտ եւ Սարայա Մուքաուամայի պատասխանատու Մոհամետ Տիրանի կրնան սպանութեան թիրախ դառնալ:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի շեշտեց, որ Հըզպալլա եւ ՏԱՀԵՇ բոլոր սահմանները անցած են եւ պետութեան գերիշխանութիւնը գերազանցած, հետեւաբար անոնք ապագայ պիտի չունենան:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա կոչ ուղղեց Լիբանանի սահմանադրութեան կառչած մնալու, ինչպէս նաեւ հանրապետութեան նոր նախագահ մը ընտրելու` առանց այս կամ այն համաձայնութեան սպասելու:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ասեմ Արաժի յայտնեց, որ Քալամունի ճակատամարտին առումով Հըզպալլայի պատրաստութիւնները վախի մատնած են Պեքաան:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ միջազգային յարաբերութիւններու պատասխանատու Ամմար Մուսաուի ընդգծեց, որ իրենց համար հիմնական թղթածրարը Լիբանանի եւ անոր ապահովական կայունութեան պահպանումն է:

ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ աշխատանքի ճակատի անդամ Հաշեմ Մընքարա կոչ ուղղեց քաղաքական տարակարծութիւնները Թրիփոլիի քաղաքապետական խորհուրդին մէջ չներառելու:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուար Սահիլի յայտնեց, որ սիոնականութեան եւ հաւատադրժողական շարժումներուն նպատակը սադրանքներու հրահրումն է` աւելցնելով, որ իրենք պէտք է միասնական դառնան:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ժամալ Ժարրահ ընդգծեց, որ քրիստոնեաներն են, որոնք Լիբանանը կառուցած են` աւելցնելով, որ անոնք պիտի մնան Լիբանանի մէջ, «եւ մենք ալ պիտի շարունակենք ապրիլ անոնց հետ», շեշտեց ան:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան պատասխանատուներէն Պասսամ Հաշեմ շեշտեց, որ Լիբանանեան ուժերուն հետ իրենց յարաբերութիւնները դրական պահելը երկու կողմերուն համար շահեր կ՛ապահովէ:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Նեպիլ Քաուք կոչ ուղղեց ամրապնդելու Լիբանանի ազգային միասնականութիւնը, յատկապէս այս հանգրուանին, երբ ատելութիւնը սրած է:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Հըզպալլայի միջեւ տարակարծութիւններ չկան` աւելցնելով, որ նախագահական ընտրութիւններուն առումով Հըզպալլա կը շարունակէ զօրակցիլ զօր. Միշել Աունի թեկնածութեան:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Քապպարա յայտնեց, որ Հըզպալլա կը նախապատրաստուի Քալամունի մէջ մեծ դաւադրութիւն մը կատարելու: Ան դիտել տուաւ, որ Քալամունի մէջ Հըզպալլայի կատարելիքը 7 մայիսի դէպքերէն շատ աւելի մեծ է, եւ լիբանանեան ապահովութեան ուժերուն կոչ ուղղեց պաշտպանելու լիբանանցիները` Հըզպալլայի յարձակումներէն:

 

Նախորդը

«Քրտագիտութեան Կեդրոն»-ին Կազմակերպութեամբ. «Միջին Արեւելքի Ժողովուրդներու Ցեղասպանութեան Եւ Ջարդերուն Մասին» Համաժողով

Յաջորդը

Ֆրենժիէ Ընդունեց Հըզպալլայի Պատուիրակութիւնը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.